«ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Երեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2014-ին, Ուաշինկթընի մէջ, միջ-եկեղեցական կրօնական արարողութեամբ, բացումը կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած միջազգային համագումարին: Համագումարին առաջին օրուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը համագումարի մասնակիցներուն ուղղելով՝ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ միութեան հրամայականին: Երեք գլխաւոր բաժիններէ բաղկացած իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին անդրադարձաւ քրիստոնէական միութեան իւրայատուկ բնոյթին: Ան ըսաւ,…