Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2014-ի գիշերը, «Զաւարեան» սրահին մէջ, Յունաստանի Հայոց Թեմին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Ներկայ էին Յունաստանի Եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի զանազան մետրոպոլիտներ, պետական ու քաղաքական հիւրեր եւ հայ գաղութի զաւակներ:
Յունաստանի Թեմին փափաքին ընդառաջելով, Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիկ. Շաքէ Էլմասեանը, Օրդ. Գեղանոյշ Աւշարեանը եւ Տիար Կիրակոս Մկրտիչեանը՝ ուսուցչական ասպարէզին տարիներու ունեցած իրենց վաստակին համար: Վեհափառ Հայրապետը վեր առնելով ուսուցիչին դերակատարութիւնը ապագայ սերունդներու դաստիարակման մէջ, զայն որակեց իբր կոչում եւ շեշտեց, որ ուսուցիչները մեծ ազդեցութիւն ունին իւրաքանչիւր անհատի կազմաւորման ու ապագային վրայ. հետեւաբար, իր կոչումին գիտակից ուսուցիչը աշակերտին մէջ կը դարբնէ մարդկային արժէքներ, որոնք ուսանողի մը նկարագրին մաս կը կազմեն: Ան քաջալերեց, որ երիտասարդները նուիրուին ուսուցչական ասպարէզին: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգային Վարչութիւնը, զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու մէջ գործող կամաւորները եւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցական, պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ դրական եւ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցան Յունաստանի մեր հայկական բոլոր գաղութներուն մասին:
Երեքշաբթի, 30 Սեպտեմբերի 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառը վերադարձաւ Լիբանան: Աթէնքի օդակայան ողջերթի համար եկած էին Յունաստանի Եկեղեցւոյ պետին ներկայացուցիչը, Լիբանանի դեսպանը, Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ հոգեւորականաց դասը: