28 June, 2014

ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԱՖՐԱՄ Բ. ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ — Շաբաթ 28 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անթիլիասի Մայրավանքը եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական ջերմ սիրով ողջունեց նորընտիր Պատրիարքը։ Ապա, անոնք ուղղուեցան Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք՝ մասնակցութեամբ երկու հոգեւոր պետերուն ու անոնց ընկերացող եպիսկոպոսներուն։ 


Ապա, Վեհարանի դահլիճին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Ասորի Պատրիարքին այցելութիւնը, ըսաւ. “ամէն անգամ որ մեր երկու եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը կամ ներկայացուցիչները հանդիպին իրարու, բնական մղումով կը յիշենք պատմական կապերը հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն միջեւ։ Այսօր անհրաժեշտ է որ դարերու վրայ տարածուած մեր սերտ յարաբերութիւնը ու գործակցութիւնը ու մանաւանդ՝ հաւատքի միութիւնը գործնական արտայայտութիւն գտնէ թէ՛ մեր եկեղեցիներու եւ թէ ընդհանրապէս ժողովուրդի մակարդակին վրայ”։ Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը պարզեց երեք շրջագծեր, ուր անհրաժեշտ է աւելի կազմակերպ գործակցութիւն՝ ա) միջ-եկեղեցական կառոյցներու ու աստուածաբանական երկխօսութիւններու ծիրէն ներս, բ) Միջին Արեւելքի հայ, ասորի ու ղպտի եկեղեցիներու շրջագծէն ներս, և գ) տեղական կամ ծխային մակարդակի վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ յատկապէս ծանրացաւ Միջին Արեւելքի վրայ, ուր քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մտահոգութիւնները կը ստիպեն որ եկեղեցիներու գործակցութիւնը դառնայ աւելի աշխոյժ ու կազմակերպ։ Իր խօսքի աւարտին Վեհափառը հայկական ոճով պատրաստուած պանակ մը նուիրեց Պատրիարքին։ 


Իր կարգին խօսք առնելով, Պատրիարքը, իր եղբայրական սէրը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին յիշելով որ երկար տարիներէ ի մօտէն ծանօթ է Նորին Սրբութեան երբ ան Ատենապետն էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց, եւ ինքը՝ անդամ յիշեալ յանձնախումբերուն։ Ան յիշեց հայ եւ ասորի եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց աւանդութիւնները եւ շեշտեց մեր ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։ Պատրիարքը խոստացաւ իր նախորդներէն ժառանգած եղբայրական նոյն ոգիով շարունակել իր գործակցութիւնը Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ՝ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն հետ։ 


Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ի պատիւ նորընտիր Պատրիարքին պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց, որուն ներկայ եղան Պատրիարքին ընկերացող ինը եպիսկոպոսները, Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Տքթ. Պետրոս Գարաճրճեան։

 

More News