Երեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մուհամմատ Ֆաթըհ Ալիի:
Ծանօթացման այս առաջին հանդիպումի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեկութիւն տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, թէ՛ շրջանէն ներս եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ: Ուշադրութեան յատուկ առարկայ դարձաւ Իրանի հայկական գաղութը: Նորին Սրբութիւնը եւ դեսպանը ողջունեցին իրանահայութեան կազմակերպ կեանքը եւ կենսունակ մասնակցութիւնը Իրանի բարեզարդման աշխատանքներուն:
Ապա, անոնք արծարծեցին Միջին Արեւելքի ներկայ ընդհանուր կացութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը, յիշեցնելով, թէ ծայրայեղականութիւնը կը վնասէ կրօններու համագոյակցութեան: Բաժնելով Արամ Ա. Կաթողիկոսի տեսակէտը, դեսպանը եւ Նորին Սրբութիւնը դատապարտեցին Տէր Զօրի Նահատակաց մատուռի ականահարումը եւ շեշտեցին ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու հրամայականը: Անոնք նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին շրջանէն ներս Թուրքիոյ պետութեան երկդիմի քաղաքականութեան, որ մանաւանդ այս օրերուն, իր ժխտական անդրադարձը կ’ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ: