Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔՈՆԿՐԷՍԻ ՄԵԾԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՔԷՎԸՆ ՄՔԱՐԹԻԻ ՀԵՏ

        Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակը, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի՝ Առաջնորդ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի: Ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը, կեդրոնատեղիի աշխատակազմի ղեկավարը՝ ՏիարԱրամ Համբարեան, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հակառակ Նորին Սրբութեան ժողովական բազմազբաղ վիճակին, կ’այցելէ Հայ Դատի աշխատանքները կազմակերպող ու հետապնդող Ուաշինկթընի կեդրոնը: Տիար Համբարեան մասնակցած ըլլալովՄիջին Արեւելքի քրիստոնէութեան նուիրուած Ուաշինկթընի միջազգային համագումարին, իր հրճուանքը արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետին կատարած կարեւոր դերին, ինչպէս նաեւ յաճախակի առիթներով Հայոց Ցեղասպանութեան գծով կատարուած յիշեցումներուն: Ան նաեւ վեր առաւ, Հայ Եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բերած նպաստը, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն:

 

            Նորին Սրբութիւնը նախ իր յատուկ ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի իրեն համար միշտ սիրելի եղած Հայ Դատի աշխատանքներուն կեդրոնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կենսական մարզերէն մէկն է, մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդումը, հաստատեց Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, ան իր գնահատանքը յայտնելէ յետոյ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ցարդ կատարուած կարեւոր աշխատանքներուն համար, շեշտեց թէ ժամանակը հասած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան աշխատանքները փոխադրուին իրաւական դաշտ: Հեզասահ պիտի չընթանայ այս գործընթացքը, սակայն մենք քաջութիւնը պիտի ունենանք նման քայլի մը դիմելու, ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ուաշինկթընի համագումարի աշխատանքներուն ու Ա.Մ. Նահանգներու նախագահ Օպամային հետ տեղի ունեցած հանդիպումին՝ պատասխանելով իրեն ուղղուած շարք մը հարցերուն, կեդրոնի աշխատակազմին ու ներկայ հիւրերուն կողմէ:

 

   Յայտնենք, որ Հինգշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2014-ին, ընդառաջելով Հայ Դատի կեդրոնատեղիի պատասխանատուներու խնդրանքին, Քաբիթոլ Հիլ գտնուած միջոցին, Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Քոնկրէսի մեծամասնական պլոքի ղեկավար Քէվըն Մքարթիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ վանքերն ու եկեղեցիները իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու գծով, քոնկրէսի ենթայանձնախումբին կողմէ ներկայացուած նախագիծին առնչուած հարցեր: