Աստուածածին, Մեղա՜յ Քեզ…

            Օգոստո՜ս…

 

            Տարուան ամէնէն տօթ ամիսներէն մէկը։ Բայց եկեղեցական առումով՝ հայ ժողովուրդին հաւատքի դրսեւորման հիմնական ամիսներէն մին։

 

            Օգոստոս ամսուան ընթացքին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնը։ Աստուածածինը դարեր շարունակ հայ ժողովուրդին համար եղած է «մայրութեան գերագոյն տիպարը», «քրիստոնեայ հաւատացեալին առ յաւէտ բարեխօսը» եւ «հրաշքներու թագուհին»։ 

 

            Չկայ աշխարհի վրայ աւելի գերադաս, աւելի սուրբ մէկը,  քան մայրը։ Պատմութեան ընթացքին մարդիկ գովերգներ հիւսած են իրենց մօր՝ աստուածացնելով զանոնք։ Նշանաւոր բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան ըսած է. «Թէկուզ միայն մայր ունենալու համար, կ’արժէ աշխարհ գալ»։ Վեհ եւ սուրբ գաղափար մը կը ներկայացնեն մայրը եւ մայրական կոչումը։ Հապա որքա՜ն աւելի սուրբ է բոլոր մայրերուն մայրը հանդիսացող Աստուածածինը, այսինքն՝ մայրութեան գերագոյն տիպարը, որ իր կենցաղով այսօր կու գայ օրինակ հանդիսանալու բոլոր մայրերուն, բայց յատկապէս՝ հայ մօր։

           

Ճշմարիտ եւ իր կոչումին գիտակից հայ մայրը, որուն կարիքը այսօր առաւել քան երբեք պէտք ունի հայ ընտանիքը, պարտի զգենուլ Աստուածածինի մայրական մաքրամաքուր զգեստը, որպէսզի իր շունչով ու դաստիարակութեամբ դարբնէ ապագայի հայ զաւակն ու հայ ընտանիքը։

           

Աստուածածինի այս սուրբ տօնը առիթ մըն է հայ մօր՝ հետեւելու եւ իր դաստիարակութեան վստահուած հայ մանուկը առաջնորդելու Սուրբ Աստուածածինին աստուածակոչ քայլերուն։

 

            Սուրբ Կոյսը երբ կանչուեցաւ Աստուծմէ, առանց վարանելու ընդառաջեց Աստուծոյ հրաւէրին՝ հաւատարիմ մնալով իր կոչումին։ Նոյնպէս ալ այսօրուան մայրերը՝ հայ մայրերը, առանց երկմտելու պէտք է ընդառաջեն այս սրբազան կոչին եւ իրենց ընդմէջէն ցոլացնեն Աստուծամօր պատկերն ու էութիւնը։

 

            Մարիամ, իր վերափոխումէն ետք նաեւ, շարունակեց մնալ մայր, այս անգամ դառնալով մայր՝ համայն մարդկութեան։ Անոր մէջ ա՛յնքան բիւրեղ էին մայրական զգացումները, որ երկինք բարձրանալէն ետք նաեւ շարունակեց մայրական գուրգուրանք տածել մարդկութեան վրայ եւ բարեխօսել իր Որդիին մօտ։ Աստուածային փրկագործական ծրագիրին մէջ յատուկ դեր ունէր Սուրբ Կոյսը եւ մենք, որպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցի՝ չենք կրնար լուսանցքայնացնել այս իրողութիւնը։ Ինչպէս Եւային միջոցաւ մեղքը աշխարհ մտաւ, երկրորդ Եւային՝ Աստուածածինին միջոցաւ մարդը փրկութեան արժանացաւ, որովհետեւ Մարիամ «Աստուած մարմնով ծնաւ»։ 

 

            Մշտադալար այս կոյսը, որ սիրոյ եւ հեզութեան գերագոյն տիպարը կը մարմնաւորէր, սիրեց բոլոր արարածները, մայրութիւն ըրաւ անոնց եւ առ յաւէտ բարեխօսը հանդիսացաւ՝ մեր փրկութիւնը ապահովելու համար։

 

            Աստուածածինը զանազան առիթներով գովերգուած է մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Շարականագիրները հիւսած են անոր գովքը՝ յորդառատ աղբիւրի նման։ Պատմութեան իրերայաջորդ փուլերուն մէջէն անցած մարդիկ ապաւինած են անոր աստուածային սիրոյ բարեխօսութեան եւ հրաշագործութեան։ 

 

            Աշխարհի վրայ հազարաւոր եկեղեցիներ կառուցուած են Սուրբ Կոյս Մարիամի անունով, հաւատալով անոր մայրական բարեխօսութեան եւ աստուածային հրաշագործութեան։ Այդ եկեղեցիները առաքինութիւններու դարբնոց եւ հաւատքի ձուլարան նկատուելով՝ մարդկութեան ուղին լուսաւորած են հաւատքին անսպառ լոյսերով։

 

            Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի վանքը նաեւ, հաւատալով Աստուածածինի վերափոխիչ զօրութեան, իր մատուռը կոչած է «Սուրբ Աստուածածին»։ 1952 թուականին, երբ կառուցուած է այս սրբազան մատուռը, վանքը ուխտատեղի դարձած է ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ՝ ամբողջ սփիւռքահայութեան համար։ Ամէն տարի, խուռներամ հաւատացեալներ կը բարձրանան վանքին բարձրունքները՝ Աստուածամօր ոգեղէն ներկայութեամբ վերանորոգելու համար իրենց ուխտը։

 

            62 տարիներ այս մատուռը հաւատքի օճախ, յոյսի ներշնչարան, լոյսի փարոս, մարդկային արժէքներու դարբնոց, մեղաւորներու քաւարան եւ փրկութեան պարիսպ դարձած է հայ ուխտաւորին համար։

 

            Ահաւասիկ, այսօր դարձեալ հասած է ժամանակը՝ կրկին բարձրանալու Աստուածամօր սրբավայրը, ուր երկնային հաւատքին զօրութեամբ Աստուածածինը երկինքէն երկիր պիտի իջնէ։ Մեր աղօթքներուն գուլայ-գուլայ դէպի երկինք բարձրացումը պիտի բարեհաճեցնէ Աստուածածինը՝ փութալու իր զաւակներուն, լսելու անոնց հոգիներուն կանչերը եւ մայրական անհուն սիրով ու սրբութեամբ պաշտպանելու իր բոլոր զաւակները։

 

            Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի մականին շուրջ հաւաքուելու կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։ Որպէսզի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ճամբով աստուածային երկնառաք շնորհները ո՛չ միայն շրջապատեն, այլեւ հոգեզինեն բազմահոծ ժողովուրդը։

 

            Սիրելի ընթերցող, դուն ալ եղիր այդ ուխտապահ անձերէն մէկը, բարձրացի՛ր վանք, ծունկի՛ եկուր քու հոգեկան աշխարհիդ մէջ, պահ մը մոռնալով աշխարհիկ մտահոգութիւնները։ Ծնրադրէ՛ Աստուածամօր սրբազան պատկերին առջեւ, խոնարհեցուր հոգիդ եւ աղաչէ՛. «Ո՜վ Երկնային Սրբուհի, դուն՝ որ մայր ես. դուն՝ որ բարեխօս ես, նայէ այս հաւատացեալ ժողովուրդին, որ քեզի կը բարձրացնէ իր աղօթքները։ Անպատասխան մի՛ ձգեր անոնց պաղատանքները, այլ քու մայրական սիրովդ ողողէ անոնց հոգիները։ Քու խաղաղութիւնդ շնորհէ աշխարհին՝ որպէս յաւիտենական խաղարարար։ Բժշկութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք քեզի կ’ապաւինին։ Խոր հառաչանքով քեզի կը դիմենք ու կ’ըսենք՝ մեղա՜յ, մեղա՜յ, մեղա՜յ  Աստուածածինին»։

 

Վաչէ Աբղ. Պալըքճեան