Կիրակի, 29 Յունիս 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք, Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով: Հայրապետական Մաղթանքի ընթացքին Միաբան Հայրեր Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ կարդացին երկար գահակալութիւն մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին եւ անսասանութիւն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Սուրբ Աթոռին:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբաններ, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ հաւատացեալներ Վեհարանի դահլիճ բարձրացան ուր Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան միաբանութեան եւ ներկայ ժողովուրդին անունով խօսք առնելով շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը, մաղթելով որ Ամենաբարին Աստուած Վեհափառ Հօր Հայրապետական Ասան միշտ ծաղկեալ պահէ հովուելու համար իր հօտը:
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Մաղթանք ու աղօթք միայն չի կատարուիր Աթոռակալին համար այլ նաեւ Աթոռին համար. Աթոռ եւ աթոռակալ մէկ ու անբաժան ամբողջութիւն կը կազմեն: Աթոռակալը կայ ծառայելու համար Աթոռին. վա՛յ այն Աթոռակալին որ իր արժէքը, իր նպատակը կը գտնէ ինքզինքին մէջ եւ Աթոռով միայն կը բարձրանայ. Երանի՜ այն Աթոռակալին որ իր կեանքի որակով եւ իր ծառայութեամբ Աթոռը կը բարձրացնէ: Այսպէս եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նուիրեալ ծառայութեամբ նոր շունչ ու բարգաւաճում բերաւ այս Սուրբ Աթոռի ծառայութեան: Անցնող 19 տարիներուն փորձեցի Ես ալ նուիրումով ծառայել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին ու Հայրենիքին: Եթէ թերացումներ ունեցայ թող Աստուած ներէ: Սակայն փորձեցի գերագոյնս ու կարելիս որպէս ծառայութիւն տալ Հայրապետական այս դարաւոր Աթոռին»: Շարունակելով իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գոյութեան պատճառը ու նպատակը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ինչպէս յաճախ կը յիշեցնեմ, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ծառայութիւն ու միայն ծառայութիւն: Հոս է մեր հզօրութիւնը, մեր պարտքը ու պատիւը»:
Աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով շնորհաւորեցին Վեհափառ Հայրապետը իր Ընտրութեան եւ Օծման 19-րդ տարեդարձին առիթով, ստանալով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։