ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՈՐԲԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆԻ ՄԷՋ ՀԱՍԱԾ Է ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ

«Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ կ’ուզեմ հաստատել, որ ահաւասիկ Հայոց Ցեղասպանութեան ու որբերու նուիրուած այս թանգարանին շինութիւնը հասած է իր վերջին հանգրուանին» յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հինգշաբթի, 31 Յուլիս 2014-ի առաւօտուն, Թռչնոց Բոյնի մէջ, Ճիպէյլ: Շարունակելով իր խօսքը ներկայութեամբ թանգարանի շինարարական ու գեղարուեստական յանձնախումբերուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած թանգարաններ կան, ու տակաւին նորեր ալ…

ՅԻՍՈՒՍԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ինչո՞ւ համար Յիսուս ընտրեց որ իր այլակերպութիւնը լերան մը վրայ` ժողովուրդի աչքէն հեռու կատարուէր: Քանի մը պատճառներով.- 1) Սորվեցնելու համար մեզի, փախչիլ մարդոց փառաբանական խօսքերէն: Եթէ Յիսուս մարդոց աչքին դիմաց այլակերպուէր, կրնանք պատկերացնել, թէ ինչպէս բոլորը իր մասին պիտի խօսէին ու պատմէին, եւ ան բոլորին հետաքրքրութեան, փառաբանութեան եւ հիացմունքին առարկան պիտի դառնար, եւ ատիկա մաս…