ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԲԱԶՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՃԷՅՍԸՆ ՔԵՆԻ ԵՐԿԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 28 Յուլիս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանին մէջ, շուրջ 2 ժամ տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Գանատայի բազմամշակութային եւ ընկերային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենիի միջեւ: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Գանատայի դեսպանը, նախարարին անմիջական օգնականները, ինչպէս նաեւ՝ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Նախարարը յատուկ կերպով գործուղղուած…

ՀԵՀՈՄ-ի ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Քանի մը տարիներու ակամայ յապաղումներէ ետք, Շաբաթ, 26 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանիս «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) գումարեց իր տարեկան Անդամական Ընդհանուր Ժողովը: Բացման խօսքէն ետք, յաջորդական երեք նիստերու ընթացքին, ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան ատենապետ Պրն. Ռազմիկ Միքայէլեան ներկայացուց միութեան երկամեայ գործունէութիւնը, որուն յաջորդեց ՀԵՀՈՄ-ի կանոնագրութեան ընթերցումն ու վերամշակումը: Ապա տեղի ունեցաւ միութեան…