Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔՈՐԻԱ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 29 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հարաւային Քորիայէն ժամանած պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Պատուիրակութիւնը եկած էր հրաւիրելու Նորին Սրբութիւնը, որ իր պատգամը փոխանցէ Հարաւային Քորիայի մայրաքաղաք՝ Սէուլի մէջ կայանալիք արդարութեան ու խաղաղութեան նուիրուած միջազգային միջ-կրօնական համագումարին:

Ողջունելով նման նախաձեռնութիւններ՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Այսօ՛ր, տակաւին կան ժողովուրդներ, որոնց մարդկային իրաւունքները ցարդ բռնաբարուած կը մնան, ինչպէս հայ ժողովուրդը, եւ արդարութիւնն է դէպի խաղաղութիւն տանող միակ ճամբան»: Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց կրօններու դերը ներկայ աշխարհին մէջ, խաղաղութիւն ու արդարութիւն հաստատելու ծիրէն ներս, հետեւաբար, կո՛չ ուղղեց կրօններուն ամրապնդելու իրենց երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը: