Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Աթէնքէն կը ժամանէ հիւսիսային Յունաստանի Ալեքսանտրուբոլի քաղաքը: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Յունաստանի Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Տիար Արա Մանկոյեան եւ գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Աբղ. Սապունճեան: Նորին Սրբութիւնը, Ալեքսանտրուպոլսոյ օդակայանին մէջ ջերմ դիմաւորութեան կ’արժանանայ քաղաքի Մետրոպոլիտ Տ. Անթիմոսի, քաղաքական, զինուորական եւ հայ գաղութի զաւակներուն կողմէ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս, յոյն եւ հայ առաջնորդներուն ու ժողովուրդին ընկերակցութեամբ կ’ուղղուի Ալեքսանտրուպոլսոյ Յունական Առաջնորդարան: Կանոնական աղօթքի աւարտին, Անթիմոս Մետրոպոլիտը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին: Ան նշեց, թէ հայեր 1700-ական թուականներէն ի վեր ներկայ գտնուած են Ալեքսանտրուբոլի քաղաքէն ներս, կազմակերպած են համայնք, կառուցած եկեղեցի եւ կարեւոր ներդրում ունեցած քաղաքի զարգացման մէջ: Ան յիշեց, թէ հայոց Ս. Կարապետ եկեղեցին քաղաքին մէջ կառուցուած առաջին եկեղեցին եղած է, 1875 թուականին:
Ապա, խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը, սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի շրջանէն ներս: Ան յիշեց, թէ հայ եւ յոյն ժողովուրդները միասնաբար պայքարեցան ու տառապեցան Թուրքիոյ օսմանեան լուծին տակ, սակայն պատմութիւնը կը վկայէ, որ երկու ժողովուրդներուն համագործակցութիւնը ամրապնդեց ու կը շարունակէ ամրապնդել անոնց բարեկամութիւնը, միասնաբար դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները:
Եկեղեցական պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը, մետրոպոլիտին առաջնորդութեամբ, իր շքախումբով ուղղուեցաւ առաջնորդարան: Առաջնորդարանին մէջ ներկայ էին նահանգապետը, քաղաքապետը եւ այլ զինուորական, քաղաքական ներկայացուցիչներ ու հայ գաղութի զաւակներ: Տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում եւ աջահամբոյր:
Աւելի ուշ, Արամ Ա. Կաթողիկոս, հայ եւ յոյն առաջնորդներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ հայոց Ս. Կարապետ պատմական եկեղեցին, ուր շրջանէն ժամանած հայ գաղութի զաւակները առաջին անգամ ըլլալով դիմաւորեցին իրենց հովուապետը: Նորին Սրբութիւնը կարճ հանդիպում մը ունեցաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու ժողովուրդին հետ:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ընթրիքի հիւրը եղաւ Ալեքսանդրուպոլսոյ քաղաքապետին: Ընթրիքին ներկայ էին, յոյն եւ հայ առաջնորդները, Յունաստանի հիւսիսային շրջանի զինուորական ընդհանուր հրամանատարը, նահանգապետը եւ հայ գաղութի ներկայացուցիչները: