ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կ՚ողջունենք տագնապալից պայմաններու մէջ: Երկար ամիսներու սովէ ու տառապանքէ ետք, այսօր Արցախը կը գտնուի մահուան դէմ յանդիման: Արդարեւ, Ազրպէյճանի հետզհետէ ծաւալող սպառնալիքներուն ու սադրանքներուն դիմաց, ըրինք զիջումներ, վարեցինք բանակցութիւններ, կատարեցինք յայտարարութիւններ, հրապարակեցինք դատապարտութիւններ, դիմեցինք միջազգային համայնքին, թակեցինք դռները մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր բարեկամներուն: Սակայն, ոչի՛նչ փոխուեցաւ: Ո՛չ ոք լսեց…