Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ
Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2015-ի երեկոյեան, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց, Սուրիոյ մէջ դժնդակ պայմաններու բերումով Լիբանան ապաստանած, Սուրիոյ հայ համայնքի զաւակները: Հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան եւ սուրիահպատակ Միաբան Հայրեր: Ողջունելով ներկաները, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն…