Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԳՈՄՈԹԻՆԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 180-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆՑ

Հիւսիսային Յունաստանի քաղաքներուն մէջ հաստատուած հայ համայնքներուն տուած իր հովուապետական այցելութեան շարքին, Վեհափառ Հայրապետը երկրորդ անգամ ըլլալով այցելեց Գոմոթինի, հանդիսապետելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակի տօնախմբութեանց:

 

            Կիրակի, 28 Սեպտեմբեր 2014-ին, յիշեալ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Պատարագիչն էր Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան: Եկեղեցին, բակը եւ շրջապատի փողոցները ողողուած էին հայորդիներով, որոնք ժամանած էին Պոլիսէն, Պուլկարիայէն, Աթէնքէն եւ հիւսիսային Յունաստանի բոլոր շրջաններէն՝ լսելու Նորին Սրբութեան պատգամը և հաղորդուելու օրուան խորհուրդով: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Պոլիսէն այս առիթով ժամանած Սրբոց Վարադանանց դպրաց դասի երգչախումբը:

 

            Իր պատգամը ուղղելով ժողովուրդին՝ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց այս պատմական օրը հիւսիսային Յունաստանի հայութեան համար: Հոգեւոր ապրումներով ու ազգային գիտակցութեամբ լեցուն այս պահը պէտք է վերանորոգ շունչով պայծառակերպէ շրջանի մեր ժողովուրդին կեանքը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: Անդրադառնալով եկեղեցւոյ 180-ամեակին՝ ան ըսաւ, որ եկեղեցին՝ որպէս հաւատքով, յոյսով ու սիրով շաղախուած մեր ժողովուրդի համայնական կեանքը, պէտք է կեդրոնական ներկայութիւն դառնայ մեր ազգին կեանքին մէջ: Այսպէս եղաւ մեր եկեղեցին պատմութեան ընթացքին, դառնալով մեր հաւատքին աղբիւրը, հզօրութեան կռուանը և գոյութեան ամրոցը՝ պատմութեան պարտադրած բոլոր տեսակի արհաւիրքներուն մէջ: Իր պատգամին երկրորդ բաժնին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ սիրոյ հրամայականին մասին: Ան ըսաւ, թէ քրիստոնէութիւնը իր էութեամբ ու նպատակով սիրոյ կրօն է: Քրիստոս ո՛չ միայն սէր քարոզեց, այլ և ինք սիրեց մարդը ու նոյնիսկ մարդու փրկութեան համար իր արիւնը թափեց: Վեհափառ Հայրապետը բացատրեց սիրոյ ճշմարիտ իմաստը և ապա կոչ ուղղեց ժողովուրդին իրենց կեանքին մէջ գործնապէս ապրելու սէրը, զայն դարձնելով առանցքը իրենց կեանքին՝ զԱստուած, եկեղեցին և ազգը սիրելով:

 

Ապա տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Յայտնենք, հակառակ այն իրողութեան, որ Գոմոթինիի եկեղեցւոյ անունը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ է, սակայն հրաշագործ դէպքի մը պատճառով եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը կը կատարուի Ս. Յակոբի շաբթուան ընթացքին: Շուրջ հարիւր տարիներ առաջ, Ս. Յակոբի շաբթուան ընթացքին համաճարակ մը կը  տարածուի քաղաքին մէջ: Հաւատացեալները կը դիմեն Ս. Յակոբին եւ համաճարակը կը չքանայ: Տարիներ ետք, գաղութի զաւակները կը փորձեն եկեղեցւոյ տօնը վերստին նշել Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տօնին: Սակայն, համաճարակը անմիջապէս վերստին կը տարածուի քաղաքէն ներս: Այդ օրուընէ սկսեալ, եկեղեցւոյ տօնը անխափանօրէն կը կատարուի Ս. Յակոբի Կիրակին:

 

Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ  Գոմոթինիի Մշակութային Միութեան պարախումբը: Ապա խօսք առաւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, որ շեշտեց, թէ ամէն ճիգ պիտի թափեն, որպէսզի շարունակուի հայապահպանման գործը, որպէսզի հնչէ հայ լեզուն Յունաստանի բոլոր հայկական գաղութներն եւ ընտանիքներուն մէջ: Ճաշկերոյթի աւարտին, հիւսիսային Յունաստանի շրջանին տուած իր հովուապետական այցելութեան առիթով արտասանած վերջին խօսքին ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ «Հայու ոգի»ին: Մտաւորականներ յաճախ փորձած են բնորոշել, թէ ի՞նչ է «Հայու ոգին»: Դուք ինչ որ այս գաղութներէն ներս կը կատարէք՝ վառ պահելու համար ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային կեանքը, էապէս «Հայու ոգին» է, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, ճաշկերոյթին ներկայ զանազան գաղութներու ներկայացուցիչները յուշանուէրներ յանձնեցին Նորին Սրբութեան: Պաշտօնական ճաշկերոյթէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Աթէնք։

 

Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Գոմոթինիի երաժշտական դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ համերգ՝ նուիրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 180-ամեակին: Գեղարուեստական յայտագիրէն առաջ խօսք առին եկեղեցական ու պետական անձնաւորութիւններ: Ապա, ելոյթ ունեցաւ Պոլսոյ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի:

 

Համերգի աւարտին, խօսք առաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ան խօսեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին՝ ըսելով, թէ երկու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը անցեալին չի պատկանիր, այլ կը պատկանի նաեւ ներկային, բայց մանաւանդ ապագային: Ապա, գնահատեց Վարդանանց երգչախումբը, որ հայ ժողովուրդի մշակոյթի դեսպանները հանդիսացաւ, երգարուեստի ճամբով վառ պահելով ու տարածելով հայկական մեր մշակոյթը: