Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԾՈՎԱՓԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏՈՒԱԾ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 29 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, կրկին ընդունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը, որ Նորին Սրբութեան մանրամասնօրէն զեկուցեց Սուրիոյ Ծովափի հայութեան տուած իր հովուական այցելութեան մասին:

Արդարեւ, Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով սուրիահայեր ո՛չ միայն Սուրիայէն մեկնեցան ապահով վայրեր, ուր ժամանակաւոր կայք հաստատեցին, այլեւ ապաստան գտան երկրէն ներս, յատկապէս Սուրիոյ ծովափի քաղաքները, ուր եւ կը շարունակեն իրենց կեանքը: Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, թեմակալ առաջնորդը, քահանայ հայրերու եւ ազգայիններու ընկերակցութեամբ, նախապէս մշակուած ծրագրի համաձայն, այցելեց Թարթուս, Պանիաս եւ Սաֆիթա, ուր փոքրաթիւ տեղացի հայերուն եկան միանալու իրենց բնակարաններն ու գործատեղիները պարտադրաբար լքած «նոր գաղթականներ», յառաջացնելով նկատառելի թիւով համայնքներ: Երեք օրերու վրայ տարածուած գօտեպնդող ու յուսադրող մթնոլորտի մէջ, վերոյիշեալ քաղաքներէն ներս տեղի ունեցան եկեղեցական արարողութիւններ, ժողովրդային հանդիպումներ, վիճակագրական իրավիճակի պատրաստութիւն ու կարիքներու յստակացում, ինչպէս նաեւ՝ օժանդակութիւններու բաշխում:

Թեմակալ առաջնորդին եւ Ազգային Առաջնորդարանի ներկայացուցիչներուն յաջորդ հանգրուանը եղաւ Լաթաքիան, ուր տեղի ունեցան առաւելաբար խորհրդակցական եւ կազմակերպչական հանդիպումներ՝ տեղւոյն եկեղեցւոյ թաղականութեան, դպրոցի հոգաբարձութեան ու Լաթաքիոյ Շտապ Օգնութեան Մարմինին հետ:

Այս առաքելութեան վերջին տարածքը եղաւ ազատագրուած Քեսապը: Աւերիչ պատերազմը չխնայեց եկեղեցի, դպրոց եւ բնակարան՝ սրբապղծելով ու քանդելով զանոնք: Արդարեւ, Ուրբաթ, 25 Յուլիս 2014-ին, Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ վերաօծուեցաւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Այս առթիւ, առաջնորդ սրբազանը հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Նորին Սրբութեան օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը սուրիահայութեան վերականգնումի բոլոր ճիգերուն: Յաջորդող օրերուն տեղի ունեցան վերակազմակերպչական յատուկ աշխատանքներ եւ հանդիպումներ՝ թաղականութեանց, խնամակալութեան ու Քեսապի Շտապ Օգնութեան Մարմինին հետ: Կիրակի, 27 Յուլիս 2014-ին, Այլակերպութեան տօնին առթիւ, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ իրենց պապենական տուները վերադարձած հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Պատարագի ընթացքին, հոգեպարար քարոզէ մը ետք, ջրօրհնէքի ու աղօրհնէքի արարողութիւններ կատարուեցան: Ապա, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, ի յիշատակ Սուրիոյ եւ հայութեան բոլոր նահատակներուն: Աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, խաղաղութեան եւ պտղաբերութեան խնդրանքով, Անդաստանի արարողութեամբ օրհնուեցան Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակները:

Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ իր գնահատանքը յայտնեց տարուած միասնական աշխատանքներուն համար եւ թելադրեց անկոտրում կամքով շարունակել զօրավիգ կանգնիլ Սուրիահայ մեր ժողովուրդին: