Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Յունաստան, ընդառաջելով Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը պիտի տեւէ 10 օր: Ան պիտի այցելէ թեմի եկեղեցիները, հանդիպումներ ունենայ պատկան մարմիններուն հետ, նախագահէ ազգային-եկեղեցական տօնակատարութեանց եւ իր պատգամը ուղղէ ժողովուրդին: Արամ…