Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014, Ժընեւի մէջ, եկեղեցական արարողութեամբ, տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան ժողովին բացումը։
Հայ Եկեղեցին իր երկու Կաթողիկոսական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս ժողովին. Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան եւ Տիկ. Փօլա Տէր Մաթոսեան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ու Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան (Ներկայացուցիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Եւրոպայի մէջ) կը մասնակցին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան անդամ Ալիս Տագէսեան եւս ժողովին մասնակցեցաւ որպէս երիտասարդուհի։
Նոյն օրը, ժողովականներ լսեցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ատենապետ Դոկտ. Ակնէս Ապումի պատգամն ու Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Օլաֆ Ֆիքսէ Թուէյթի զեկոյցը։ Ապա, տեղի ունեցան Կեդրոնական Վարչութեան Ենթայանձնախումբերու անդամներու ընտրութիւնը. Նարեկ Սրբազան ծառայեց Յայտագիրներու Ենթայանձնախումբին մէջ եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան՝ Ուղեգիծերու Ենթայանձնախումբին մէջ։
Յաջորդող օրերուն, « Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» ընդհանուր թեմային շուրջ, ժողովականներ հաւաքական եւ խմբական քննարկումներով գծեցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի յաջորդ եօթը տարիներու աշխատանքային ընթացքը։
Ժողովի վերջին օրը, 8 Յուլիսին, տեղի ունեցան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Յանձնաժողովներու անդամներուն ընտրութիւնը։ Յաջորդ եօթը տարիներուն, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Նարեկ Սրբազան պիտի ծառայէ Գործակցութեան Յանձնաժողովին մէջ, Վանա Կիտցինեան՝ Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն Յանձնաժողովին մէջ եւ Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան Միջազգային Հարցերու Յանձնաժողովին մէջ։
9 Յուլիսին, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ անդամ Նարեկ Սրբազան։ Գործադիր Վարչութիւնը քննարկեց Կեդրոնական Վարչութեան առած տնտեսական եւ վարչական կարեւոր որոշումներուն անմիջական գործադրութիւնը եւ որոշեց յաջորդ Գործադիր Վարչութեան ժողովը գումարել 20-26 Նոյեմբեր 2014-ին, Կիպրոսի մէջ։