19 September, 2014

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄՆ ՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ՓՈԽԱԴՐԵԼ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԴԱՇՏ

Սոյն գրութիւնը Հայրապետական Պատգամն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, արտասանուած 19-20 Սեպտեմբեր 2014-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ խորհրդաժողովի բացման նիստին։

 

Կը գտնուինք մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէկ վճռական հանգրուանին։ Եկէք դիտենք մեր շուրջը խորաթափանց հայեացքով ու քննենք մեր կեանքը եւ մեզ շրջապատող պայմանները՝ իրապաշտ ու քննական ոգիով։ Տագնապներով ու մարտահրաւէրներով լեցուն է մեր ազգին կեանքը՝ Հայաստանի, Ղարաբաղի թէ Սփիւռքի մէջ։

Հայրենիքը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց է. տնտեսական կեանքի բարելաւումը, փտածութեան յաղթահարումը ու արտագաղթի կասեցումը տագնապալից խնդիրներ են, որոնց դիմաց չենք կրնար լուռ մնալ ու զանոնք դարմանելու ազդու միջոցներու չդիմել։

Ղարաբաղի անվտանգութիւնը վերջին ամիսներուն սկսած է դառնալ մտահոգիչ։ Ղարաբաղի անվտանգութիւնը Հայաստանի անվտանգութիւնն է, եւ՝ փոխադարձաբար։ Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ Ղարաբաղի ներքին հզօրութիւնը աւելի ամրացնելու հրամայականին դիմաց։

Սփիւռքը իր կարգին կը դիմագրաւէ լուրջ մտահոգութիւններ։ Մարդուժի տագնապին առընթեր, տեղ մը գաղութի մը գոյութիւնը սկսած է վտանգուիլ՝ կրօնական ծայրայեղական շարժումներու առթած մնոլորտին հետեւանքով. այլ տեղ հայու ինքնութիւնը սկսած է աղօտիլ՝ պայմաններուն հետեւանքով. եւ ընդհանրապէս մեր գաղութներուն տնտեսական կարելիութիւնները սկսած են դառնալ անբաւարար՝ տակաւ աճող կարիքներուն դիմաց։ Սփիւռքը արագ ընթացքով ներքին մաշումի առաջնորդող բազմազան ու այլազան մտահոգիչ երեւոյթներուն դիմաց չենք կրնար անտարբեր մնալ։
Հայրենակերտումը, ազգակերտումը ու հայապահպանումը սոսկ բառեր չեն մեր լեզուի բառարանին էջերը զարդարող, լոկ լոզունգներ չեն մեր խօսքերը համեմող։ Անոնք մեզի համար պէտք է դառնան մեր մտածումներուն ու գործերուն արեւելում եւ մեր կեանքին խորք ու նպատակ տուող ամէնօրեայ ապրում ու մնայուն տագնապ։ Արդ, չենք կրնար, իրաւո՛ւնք չունինք, պարագայական մօտեցումով ու մակերեսային արժեւորումով վերաբերելու համահայկական խնդիրներու նկատմամբ։ Ճի՛շդ է, անցնող տարիներուն մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս նուաճումներ կատարուեցան ու յաջողութիւններ արձանագրուեցան։ Սակայն պէտք է ձգտիլ լաւէն լաւագոյնին ու կառչիլ մնայուն ու գերագոյն արժէքներուն։ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ յատկապէս պատասխանատուութեան կոչուած անձեր, հոգեւորական թէ աշխարհական, կոչուած են ապագայատեսիլ մօտեցումով՝ ազգին ու հայրենիքին նաւը առաջնորդելու ներկայ աշխարհի փոթորկալից ծովուն մէջ։

Կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին։ Բազմիցս ըսած ենք ու միշտ պիտի կրկնենք ի լուր մեր ժողովուրդին, ցեղասպանին ու միջազգային համայնքին, թէ մենք պահանջատէր ենք ու կը մնանք հաւատարիմ մեր նահատակներու սրբազան կտակին՝ որքան ալ ցեղասպանը իր մարտավարական ու ռազմավարական սադրանքներով ու նիւթական լայն միջոցներով փորձէ նսեմացնել ու չարափոխել մեր պահանջատիրութիւնը միջազգային շրջանակներէ ներս։ Չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր ազգին բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ. անտարբերութիւնը ազգային դաւաճանութիւն է։ Հետեւաբար, կոչուած ենք 100-ամեակը բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ նշելու ու զայն արժեւորելու այնպիսի իրագործումներով, որոնք մնայուն հետք կը թողուն ու նոր հունաւորում կու տան Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն։

Անցնող տասնամեակներուն հսկայ աշխատանք կատարուեցաւ Հայ Դատի հետապնդման գծով՝ քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական ու յարաբերական բնագաւառներէն ներս։ Յարգա՜նք այդ աշխատանքը կատարողներուն ու անոր սատարողներուն։ Մեր հայեցակէտով, անհրաժեշտ է հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքը, առաջին, սոսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտումի նեղ շրջագծէն դուրս բերել. եւ երկրորդ, ցեղասպանութեան ճանաչումը մեր դատին վախճանակէտը նկատելու մտածելակերպէն ու գործելակերպէն հեռու մնալ։ Հակառակ այն իրողութեան որ միջազգային օրէնքի տուեալները այնքան ալ նպաստաւոր չեն մեր դատին, սակայն կը խորհինք թէ՝ ժամանակը հասած է որ Հայ Դատի աշխատանքները Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին փոխադրենք իրաւական դաշտ։

Ահա այս հաստատ համոզումէն մեկնելով կ’ուզենք հոս մեր ազգը ներկայացնող այս հաւաքին առջեւ առաջին անգամ ըլլալով յայտարարել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մօտ թուականին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ դատ պիտի բանայ պահանջելով իր պատմական կեդրոնի Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին։

Զգացական մօտեցումով կամ քարոզչական նկատառումներով չէ որ կը դիմենք այս յանդուգն քայլին։ Անցնող երկու տարիներու ընթացքին Մեր մասնակցութեամբ երկար խորհրդակցութիւններ տեղի ուենցան այս ուղղութեամբ միջազգային օրէնքի ու դատական հարցերու օտար մասնագէտներուն հետ։ Եւ աւելին՝ սովորական եկեղեցապատկան կալուած մը պահանջելու մօտեցումով չէ որ կ’առնենք այս յոյժ կարեւոր քայլը։ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը, պատմական Կիլիկոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ գտնուող, խորհրդանշական խորունկ իմաստ մը ունի Կիլիկիոյ հայութեան եւ ողջ հայութեան համար։ Գիտակից ենք մեր պահանջքին քաղաքական բնոյթին ու հետեւանքներուն։ Գիտենք նաեւ որ յիշեալ դատը անխուսափելիօրէն դուռը պիտի բանայ մեր ազգապատկան, եկեղեցապատկան ու սեփական կալուածներու վերադարձի թղթածրարին։ Այն պարագային, երբ մեր դատը մերժուի Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին կողմէ, ինչ որ հաւանական է, զայն անմիջապէս պիտի ներկայացնենք Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին։

Այս հեռանկարով ճամբայ ենք ելած։ Եթէ դատը շահինք, պատիւը ու յաղթանակը կ’երթայ մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին ու եկեղեցւոյ։ Իսկ եթէ դատը կորսնցնենք, դա՛րձեալ յաղթած կ’ըլլանք, որովհետեւ ցեղասպանին ու միջազգային համայնքին գործնապէս յիշեցուցած կ’ըլլանք թէ հայ ժողովուրդը կը մնայ պահանջատէր իր իրաւունքներուն, որքան ալ տարիներու թիւը մեզ հեռացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան թուականէն։ Վերջապէս, գիտենք թէ նիւթական կարեւոր ներդրում կ’ենթադրէ այս դատը։ Բոլոր պարագաներուն, մենք կը վստահինք մեր ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովուրդն է եւ եկեղեցական որեւէ կեդրոն մեր ժողովուրդին սեփականութիւնն է։

Արդարեւ, յիշեալ դատի կողքին մեր ժողովուրդին համար որքա՜ն գօտեպնդիչ երեւոյթ մը պիտի դառնայ, երբ 100-ամեակի առիթով Հայաստանի պետութիւնը, որպէս իրաւատէրը Հայ Դատին, ինք եւս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պահանջքով դիմէ Միջազգային Արդարութեան Ատեանին։ Չմոռնանք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագրին մէջ յիշուած սկզբունքները կը մղեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ «Հայաստանի ժողովուրդին միասնական կամքը» արտայայտելով գործելու ի խնդիր «համայն հայութեան իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգման»։

Սիրելի՛ ներկաներ,

Ազգ մը ազգային, գաղափարական ու քաղաքական հիմք ունեցող երազներով կ’ապրի ու կը գոյատեւէ եւ նպատակասլաց տեսիլքով ու յանձնառութեամբ իր կեանքը մնայուն պայքարի կը վերածէ։ Մենք չենք մոռցած, պիտի չմոռնանք երբեք, Արեւմտեան Հայաստանը, մեր ազգին մեծ երազը՝ ամբողջական Հայաստանը ամբողջական հայութեամբ։ Արդարեւ, ինչպէս 1965-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 50-ամեակին մեր երիտասարդութիւնը Երեւանի մէջ քաջութիւնը ունեցաւ իր ձայնը բարձրացնելու ու մեր հողերը պահանջելու, 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, վստահ ենք որ նո՛յն երիտասարդներուն զաւակները, այս անգամ ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ, ցեղասպանին ու աշխարհին դիմաց կանգնած, վերանորոգ հաւատքով ու ամուր վճռակամութեամբ պիտի պահանջեն մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները, եւ վստահաբար իրենց պիտի միանան ողջ Սփիւռքի մեր երիտասարդները:

Իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան գիտակցութեան մէջ պէտք է ամրանայ այն խոր համոզումը, թէ մէ՛կ է հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանով, Ղարաբաղով ու Սփիւռքով։ Մէ՛կ է հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը։ Հայաստանի հզօրացումը, Ղարաբաղի անկախութեան ամրապնդումը, Սփիւռքի վերակազմակերպումը ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը կորիզը, հէնքը ու նպատակը կը կազմեն հայ ժողովուրդի պայքարին։ Իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է իր գործօն ու ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու մեր ժողովուրդի սրբազան պայքարին, ամէ՛ն տեղ ու ամէ՛ն վայրկեան։ Ա՛յս է հայութեան ճամբան։ Բի՜ւր օրհնութիւն ու պատիւ մեր արի ժողովուրդին։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սեպտեմբեր 19, 2014
Անթիլիաս, Լիբանան

 

More News