21 June, 2014

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ “ԴԻՒՑԱԶՆԱԿԱՆ ՈՒՐՖԱՆ ԵՒ ԻՐ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐԸ”

Յունիս ամսուայ սկիզբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ յուշամատեաններու Վեցերորդ հատորը՝ «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր Հայորդիները»:

 

Ինչպէս յայտնի է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբ ու հետեւողութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքին գտնուող եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները:

 

Վերջին տարիներու ընթացքին, արտասահմանի մէջ հրատարակուած գրքերու շարքին կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն յուշապատումները:

 

Պատմական ազգագրական խնդիրներու զարգացման համար այնքան թանկագին այս հրատարակութիւններու շարքին, ահա կուգայ աւելնալու նաեւ Ուրֆայի պատմութեան նուիրուած գիրք մը:

 

Մերձաւոր Արեւելքի այս պատմական քաղաքը Հռչակաւոր եղած է թէ իր անցեալով եւ թէ իր հայկականութեամբ: Ուրֆան նաեւ եղած է Քրիստոնէութեան առաջին օրրանը: Աբգար Ե.-ի եւ Ս. Դաստարակի աւանդութեան մէջէն՝ իբրեւ պատմական իրողութիւն կը ներկայանայ Քրիստոսի առաքեալներէն Ս. Թադէոսի Ուրֆա այցելութիւնը եւ այնտեղ աշխարհի հնագոյն եկեղեցիին հիմնադրութիւնը՝ անոր իսկ ձեռքով:

 

Ինչպէս այս գրքի պատմական բաժինը ցոյց կուտայ, հայ եկեղեցականութեան մեծագոյն դէմքերը Խորենացիէն մինչեւ Շնորհալին, Ուրֆայէն քաղած են իրենց գործերու համար անհրաժեշտ ատաղձը: Ուրֆան հռչակաւոր եղած է նաեւ իր Աստուածաբանական դպրոցով: Ահաւասիկ լիարժէք եւ պատմութեան էջերուն զարկ տուող զնգուն Ուրֆան:

 

Խմբագրական կազմը կարգով դասաւորած է այն բոլոր պատմական դէմքերը, որոնք Ուրֆայի ծնունդ ըլլալով, հին օրերէն մինչեւ 15-րդ դար ծառայած են մեր ժողովուրդին ու դարձած համազգային արժէք:

 

Անթիլիասի տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին, «Պատմագիրք Կիւրինի», «Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ» յուշամատեանները: