Արտաւազդ Արք. Թրթռեան՝ Տիպար Հոգեւորականը
Սոյն գրութիւնը խտացումն է հոգելոյս Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի Վերջին Օծման ու Թաղման Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին խօսած դամբանականին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Շաբաթ 20 Յուլիս 2013–ին։ Սրբազան Առաքեալը խօսելով քրիստոնեայ մարդու ապրելիք կեանքին մասին, իր կեանքին օրինակով զայն կը բնորոշէ որպէս հաւատքի՛ պատերազմ՝ ի խնդիր…