26 July, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջերս թեմական ու Կաթողիկոսարանի առաքելութեան առնչուած կարգ մը կարեւոր նշանակումներ կատարեց.-

1. Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան նշանակուեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի Հայոց Թեմին:

2. Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան նշանակուեցաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ եւ տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու:

3. Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան նշանակուեցաւ Դպրեվանքի տեսուչ:

4. Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան նշանակուեցաւ Լուսարարապետ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի:

5. Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան նշանակուեցաւ քահանայից պատրաստութեան դասընթացքի վարիչ:

Վերոնշեալ պաշտօններուն առընթեր` Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կատարեց այլ նշանակումներ, առաւելաբար վանական ներքին կեանքին հետ աղերս ունեցող:

More News