Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Շաբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին: Դեսպանը Անթիլիաս այցելեց, Վեհափառ Հայրապետին Յունաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին խորհրդակցելու կարգ մը հարցերու և Նորին Սրբութեան ունենալիք հանդիպումներուն շուրջ։ Ընդառաջելով դեսպանին խնդրանքին, Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Ուաշինկթընի մէջ տեղի…