Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔԸ ՍԿԻԶԲ ԱՌԱՒ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Երկուշբաթի, 11 Օգոստոս 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10-11, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, սկիզբ առաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած դասախօսական շարքը, գլխաւոր վերնագիր ունենալով «Աստուածամօր Կեանքը Օրինակ Հայ Մօր Կենցաղին»: Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան, նախ հայցելով Ս. Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ողջունեց ներկաները եւ անոնց մաղթեց,…