Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երէկ առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ առաջնորդութեամբ՝ Բիւրոյի Ատենապետ Տիար Հրանդ Մարգարեանի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած շարք մը հարցեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ղարաբաղի Վարչապետ՝ Տիար Արա Յարութիւնեանը

Չորեքշաբթի 20 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Ղարաբաղի վարչապետ՝ Արա Յարութիւնեանը եւ իր անմիջական գործակիցները: Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին, Պրն. Վարչապետը լայն կերպով զեկուցեց Ղարաբաղի ձեռք ձգած յաջողութիւններուն եւ տնտեսական մարզին մէջ հետզհետէ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին իրագործուելիք ծրագիրներու մասին: Վեհափառ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը կը շնորհաւորէ Ֆրանսիս Ա. Պապը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով Վատիկան ժամանած պատուիրակութիւնը՝ յանձինս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ Ազգային Բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիկեանի, Երեքշաբթի, 19 Մարտ 2013, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս Տաճարին դիմաց,…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Ֆրանսիս Ա. Պապի գահակալութեան

Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Սրբազան քահանայապետը իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք յատուկ նամակ ուղղեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ուր ան իր եղբայրական ողջոյնը կը փոխանցէր եւ կը խնդրէր որ իր աղօթքներուն մէջ յիշէ զինք: Նոյն նամակին մէջ Ֆրանսիս Ա. Պապը տեղեակ կը պահէր, թէ իր գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի 19 Մարտին:   Յայտնենք, որ նոյն օրը…

Անթիլիասի Մայրավանքէն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը օրհնեց մեր ժողովուրդը

Անթիլիասի Ուխտի Օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այլ մեր ամբողջ ժողովուրդին համար: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապի տօնին, որ միաժամանակ Ուխտի Օրն է Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջով կ’օրհնէ մեր ժողովուրդը, որ եղաւ պահապանը մեր ժողովուրդին՝ պատմութեան փոթորիկներուն մէջ: Ճի՛շդ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը մտերմիկ հանդիպում կ’ունենայ Ֆրանսիս Պապին հետ

Ն.Ս. Ֆրանսիս Քահանայապետին գահակալութեան համար Հռոմ առաքուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կազմող Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկան ժամանեց Կիրակի, 17 Մարտ 2013-ին եւ իջեւանեցաւ Վատիկանի պաշտօնական հիւրերու Ս. Մարթա հիւրանոցին մէջ, ուր նաեւ ժամանակաւորապէս կ’ապրի Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պապը։   Իրիկուան ժամը 8.00ին, Նարեկ Սրբազան բացառիկ պատեհութիւնը ունեցաւ Պապին սեղանակից դառնալու՝…

Դպրեվանեցիներ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի սեմինարի կը մասնակցին

Ընդառաջելով ՙՀորիզոն՚ թմրամոլութեան կանխարգիլման հաստատութեան հրաւէրին, Շաբաթ 16 Մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Դպրեվանքի սաներէն` Համլիկ Զաքարեան եւ Գրիգոր Ֆենէրճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն հաստատութեան Պուրճ Համուտի Լ.Օ.Խ.-ի կեդրոնին մէջ կազմակերպած միօրեայ սեմինարին:     Սեմինարի ընթացքին ներկայացուած դասախօսութիւններուն ճամբով զանազան դպրոցներէ եկող երիտասարդ տարիքի ուսանող-ուսանողուհիներ աւելի մօտէն ծանօթացան թմրեցուցիչներու պատճառած աղէտներուն, անոնց ազդեցութիւններուն ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Օրհնութեան Գիր կը յղէ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին

Շաբաթ 16 Մարտ 2013ին, UCLA Համալսարանին Հայկական Ամպիոնին Բարեկամներու Ընկերակցութիւնը յատուկ հանդիսութիւն մը կազմակերպած էր, պատուելու համար բազմավաստակ դասախօս ու Հայկական Ցեաղասպանութեան մասին ստուար աշխատանք տարած պատմագէտ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յուվհաննէսեանը:   Հանդիսութենէն մէկ օր առաջ, Փրոֆ. Յովհաննէսեանը այցելեց հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, եւ Առաջնորդ Սրբազանէն ստացաւ Նորին Սրբութեան յղած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը

Ուրբաթ 15 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, առաջնորդութեամբ վարչութեան Ատենապետ՝ Սեդրակ Աճէմեանի:   Շուրջ երկու ժամ տեւող խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին, լայնօրէն քննարկուեցան յատկապէս Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած աշխատանքները, Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ կատարուող օժանդակութիւնը շարունակելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան հետ աղերս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորական նամակը նորընտիր Պապին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Հռոմէական Եկեղեցւոյ նորընտիր Սրբազան Քահանայապետ՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Պապին, անոր ընտրութեան առթիւ, 14 Մարտ 2013:   Ձերդ Սրբութիւն,   Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ քրիստոնէական սիրոյ ու եղբայրակցութեան ոգիով կ’ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը: Վստահ ենք, որ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին դիմագրաւող մարտահրաւէրներով լեցուն ներկայ ժամանակներուն, Ձեր ընտրութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան…

Սրբազան համերգ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Հինգշաբթի 14 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 7-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր Տաճարէն ներս Մեծ Պահքի առիթով «Սրբազան Համերգ» տեղի ունեցաւ, հովանաւորութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին։   «Սրբազան Համերգ»-ին ելոյթ ունեցան հինգ Միաբան Հայրեր եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Բաժանմունքին Վարիչ եւ «Շնորհալի» երգչախումբին խմբավար՝ Հոգշ. Տ.…

ՙԱնհրաժեշտ է մեր երիտասարդները համախմբել մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն շուրջ՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի 12 Մարտ 2013-ի գիշեր, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանականներու Միութեան նոր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ միութեան հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեանին: Նոր վարչութեան մաս կը կազմեն Ռազմիկ Միքայէլեան ¥ատենապետ¤, Լեւոն Նաճարեան, Նազելի Մանուկեան, Կասիա Պարսումեան եւ Նարէ Սաղտըճեան:   Ողջունելով ՀԵՀՈՄ-ի նոր վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետը շետեց միութեան կարեւորութիւնը՝ երիտասարդութիւնը մեր…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը մարդկային իրաւունքներու նուիրուած Պէյրութի համագումարին

Երկուշաբթի, 11 Մարտ  2013, Պէյրութի  մէջ, Միջին  Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Կեանք եւ Ծառայութիւն Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ մարդկային իրաւունքներու քննարկման եւ պաշտպանութեան նուիրուած համագումար մը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Երէցկին Մանիա Միսիրեան:   Համագումարին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՄԱԵԽ-ի Կեանք եւ Ծառայութիւն Բաժանմունքի Տնօրէնուհի Տիկ. Սեդա Խտըշեան:   Համագումարին ներկայ գտնուեցան պետական…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ սուրիահայութեան կողքին՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի 10 Մարտ 2013, առաւօտեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր մօտ հրաւրեց Լիբանան ժամանակաւորապէս հաստատուած Սուրիահայերէն խումբ մը: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց կեցութեան ու գործին, ինչպէս նաեւ զաւակներուն կրթական կեանքին առնչուած հարցերով: Ան հրաւիրեց ներկաները, որ արտայայտուին իրենց ունեցած դժուարութիւններուն, մտահոգութիւններուն ու կարիքներուն մասին:   Լսելէ ետք Սուրիահայերուն մտահգոութիւնները, Վեհափառ Հայրապետը…

Դպրեվանեցիներ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 8 Մարտ 2013 երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դպրեվանեցիներ Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:     Ժամերգութեան աւարտին« օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Բրշ. Անդրանիկ Աւ. Սրկ. Տալգլըճեան, բնաբան ունենալով. ՙՀօրը իմաստութիւնը՝ Յիսուս, իմաստութիւն տուր ինծի, որ բարի բաներ խորհիմ, խօսիմ եւ գործեմ քու առջեւդ՝ ամէն ժամ. չար խորհուրդներէ, խօսքերէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջինքի առիթով Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ

Չորեքշաբթի 6 Մարտ 2013–ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այցելեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային գերաշնորհ եւ հոգեշնորհ հայրեր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի Տեսչութիւնը եւ Դպրեվանքի ուսանողութիւնը:   Արեւագալի արարողութեան աւարտին, խօսք առնելով Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ յանուն Լիբանանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ղարաբաղի փոխ-Վարչապետ Արթիւր Աղաբեկեանը

Երեքշաբթի 5 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց կարճ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխ–վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Ղարաբաղի դեսպան՝ Կարօ Քէպապճեանի:   Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու վերջին տարիներուն Ղարաբաղի իրագործումները եւ անոր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները:   Լսելէ ետք փոխ–վարչապետին զեկոյցը ու…

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Եթովպիոյ նոր Պատրիարքին գահակալութեան

Կիրակի 3 Մարտ 2013, Ատիս Ապապայի Ս. Երրորդութիւն Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Ն.Ս. Ապունա Մաթիասի գահակալութիւնը:             Հայ Եկեղեցին իր երկու հայրապետական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս արարողութեան: Ս. Էջմիածինի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան (Առաջնորդ Իրաքի Հայոց Թեմի) եւ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան (Առաջնորդ Եգիպտոսի…

Դպրեվանեցիները Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 1 Մարտ 2013, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դպրեվանեցիներ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:              Ժամերգութեան աւարտին, Դպրեվանքի Փոխ Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեանը քարոզեց բնաբան ունենալով, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի՝ ՙՆայեաց Սիրով՚ շարականին յիշեալ տունը. ՙՍիրոյ կրակդ, որ աշխարհի վրայ ձգեցիր, թող բորբոքի մեր հոգիներուն մէջ. թող մեր սիրտերուն խորհուրդները մաքրէ,…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ձեռնարկէ արեւմտահայերէնի յատուկ դասընթացքի

Արեւմտահայերէնի բիւրեղացումը ու անոր գործածութեան տարածումը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար կը մնայ առաջնահերթ մտահոգութիւն: Այս ուղղութեամբ, անցնող վերջին տարիներու ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դիմեց որոշ շօշափելի քայլերու՝ կազմակերպելով համագումարներ, դասախօսութիւններ ու հանդիպումներ: Այս ծիրէն ներս, որպէս գլխաւոր նախաձեռնութիւն անհրաժեշտ է յիշել Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի նշանակումը: Յանձնաժողովը Վեհափառ Հայրապետին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շնորհաւորէ Կիպրոսի նորընտիր Նախագահը

Կիրակի 24 Փետրուարին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ։ Ձայներու մեծամասնութեամբ նախագահ ընտրուեցաւ՝ Նիքոս Անասթասիատիսը։   Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը երէկ շնորհաւորական յատուկ նամակ յղեց նորընտիր Նախագահին, ողջունելով եւ շնորհաւորելով անոր ընտրութիւնը։ Իր նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Կիպրոսը յատուկ տեղ ունի հայերու սիրտին մէջ։ Արդարեւ, երկու ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու հասարակաց փորձառութիւնը, անոնց ունեցած հասարակաց…

Դպրեվանեցիներու տարեդարձի նշում

Շաբաթ 23 Փետրուար 2013, ճաշի ընթացքին, դպրեվանեցիներ ուրախութեամբ տօնախմբեցին Փետրուար ամսուն ծնած իրենց երկու ուսուցիչներուն՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեանի ու Տիար Սարգիս Կիրակոսեանի եւ իրենց եօթը եղբայրներուն՝ Բրշ. Հրայր Սրկ. Տաղլեանի, Յովհաննէս Կիս. Սրկ. Ստեփանեանի, Համլիկ Զաքարեանի, Մովսէս Խաչատուրեանի, Անդրանիկ Թաշճեանի, Մանուկ Գոզանեանի եւ Նարեկ Ազնիկեանի տարեդարձները:     Տարեդարձի կարկանդակին հիւրասիրութիւնը յանձն առած…

Դպրեվանեցիներ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 22 Փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, դպրեվանեցիներ Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւնը կատարեցին:            Ժամերգութեան աւարտին, օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Բրշ. Համբարձում Աւ. Սրկ. Պալըքճեանը, բնաբան ունենալով՝ ՙՄէկ բան խնդրեցի Տիրոջմէն եւ այս է աղաչանքս. Կեանքիս բոլոր օրերուն Տիրոջ տան մէջ բնակիլ, ըմբոշխնել Տիրոջ վայելչութիւնը եւ զինք պաշտել իր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջ-եկեղեցական հանդիպումները

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը միջ–եկեղեցական բնոյթ ունեցող հանդիպումներ ունեցաւ, որոնց շարքին կ’արժէ յիշել այցելութիւնը Հայր Լիոնիտ Քիչքովսքիի: Հայր Քիչքովսքի ատենապետն է «Կրօններ Խաղաղութեան համար» միջազգային կազմակերպութեան, որուն նախագահներէն մէկն է Վեհափառ Հայրապետը: Յիշեալ կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ եւ անոր մաս կը կազմեն աշխարհի բոլոր կրօններէն ներկայացուցիչներ: Հանդիպումը առիթ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորական գիրը ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն. Վ. Սերժ Սարգսեանի վերընտրութեան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց անոր:   Նորին Վսեմութիւն Տիար Սերժ Սարգսեան Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւան   Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,   Անհուն ուրախութեամբ կ’ողջունենք Ձեր վերընտրութիւնը, որպէս Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ, հայրենի մեր սիրելի զաւակներուն Ձեր անձին նկատմամբ ցուցաբերած այս…

Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան մէկուկէս միլիոն տոլար կը նուիրեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ստանձնելով Պիքֆայայի վանքին մէջ միաբանական նոր շէնքի կառուցման բարերարութիւնը

Արաբական Միացեալ Էմիրութեան ազգային ղեկավար դէմքերէն Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան, ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, սիրայօժար կերպով ստանձնեցին Պիքֆայայի մէջ միաբանական նոր շէնքի կառուցման բարերարութիւնը՝ յատկացնելով մէկուկէս միլիոն Ամ. տոլար:   Միաբանական նոր շէնքը պիտի բաղկանայ քառասուն սենեակներէ եւ 550մ3 ծաւալով ջրամբարէ մը: Շէնքին ճարտարապետն է Կաթողիկոսարանի Կալուածոց յանձնախումբի անդամներէն Տիար…

Պետական Երեսփոխան Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան կը ստանձնեն Պիքֆայայի վանքին Նահատակաց խորանին բարերարութիւնը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին ընդառաջելով, պետական երեսփոխան եւ նախկին նախարար` Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան ստանձնեցին բարերարութիւնը Պիքֆայայի վանքին մէջ կառուցուելիք Նահատակաց Խորանին: Սոյն խորանը պիտի կառուցուի հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող Նահատակաց Յուշարձանին մօտ՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով:   Յիշեալ ծրագիրի իրագործումին համար Տէր եւ Տիկին Արթիւր Նազարեան տրամադրած են երկու հարիւր յիսուն հազար Ամ.…

Դպրեվանեցիներ ներկայ կը գտնուն հայ երգի կատարման

Կիրակի 17 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՙՅակոբ Տէր Մելքոնեան՚ հանդիսասրահին մէջ, Դպրեվանքի սաներ ներկայ գտնուեցան ՙՀամազգային՚-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած հայրենի երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանի յիշատակին ձօնուած հանդիսութեան:            Անոնք նախ տեսաերիզով ծանօթանացան արուեստագիտուհիի կեանքին ու վաստակին, ապա լիբանանահայ երգիչ-երգչուհիներու կողմէ Ֆլորա Մարտիրոսեանի երգերու կատարումը ունկնդրեցին:     Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիսութեան ընթացքին դպրեվանեցիներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը մասնակցի յոյն ուղղափառ Պատրիարքի գահակալութեան

Կիրակի 17 Փետրուարին, Պէյրութի Յոյն Ուղղափառներու Ս. Նիքոլաոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գահակալութիւնը Նորընտիր Եուհաննա Ժ. Պատրիարքին: Ներկայ էին նաեւ երկրի Նախագահը եւ վարչապետը Լիբանանի բոլոր հոգեւոր պետեը ներկայ եղաւ Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Միջ–եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ Գաւազանակիր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի: Իր խօսքին մէջ նորընտիր Պատրիարքը շեշտեց…

Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Դպրեվանքի մէջ

Շաբաթ 16 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Դպրեվանքը հիւրընկալեց լիբանանահայ երեք արուեստագէտներ՝ Պարոն Յարութիւն Թորոսեանը, Պարոն Գրիգոր Նորիկեանն ու Դպրեվանքի արուեստի եւ նկարչութեան ուսուցիչ՝ Պարոն Յովսէփ Գասպարեանը, որոնք նկարչական արուեստին մասին խօսեցան:            Բացման խօսքը կատարեց Բրշ. Անդրանիկ Աւ. Սրկ. Տալգլըճեան եւ Ուսանողական Խորհուրդին անունով բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն:           Յովսէփ Գասպարեան ամփոփ գիծերու մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Զագգա Պատրիարքին

Շաբաթ 16 Փետրուար 2013, առաւօտեան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ այցելեց Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զաքքա Ա. Պատրիարքին եւ անոր ներկայացուց շուտափոյթ ապաքինման իր մաղթանքները: Յայտնենք որ Զաքքա Պատրիարք վերջին ամիսներուն առողջական պատճառներով հաստատուած է Պիքֆայայի կից գտնուող Աթշանէի ասորիներու վանքին մէջ:   Հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ ասորի չորս եպիսկոպոսներ եւ Վեհափառ Հայրապետի կողքին՝ Նարեկ…

Դպրեվանեցիներ Ս.Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ

Ուրբաթ 15 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սաները, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի հրաւէրով, այցելեցին Պուրճ Համմուտի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցին, ուր Մեծ Պահքի հսկումի ժամերգութիւն կատարեցին:     Բրշ. Սեբաստիա Աւ. Սրկ. Ղարախանեան քարոզեց բնաբան ունենալով շարականին հետեւեալ բառերը. ՙՇնորհէ՜ մեզի, Տէ¯ր, այս գիշեր երկնային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի դեսպանը

Ուրբաթ 15 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնն ու Դեսպանը անդրադարձան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Մարտ 3-ին տեղի ունենալիք Սումկայիթի նահատակներուն յիշատակումի մասին։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Հայատսան-Սփիւռք գործակցութեան անհարժեշտութիւնը եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ Երկուշաբթի 18 Փետրուարին, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւնները ըլլան…

ՙՀայաստան՚ Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց սուրիահայութեան օժանդակութեան 100.000 տոլարը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ   «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ Հինգշաբթի 14 Փետրուար 2013-ի առաւօտեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, յանձնելու համար սուրիահայութեան ի նպաստ հանգանակուած գումարին չեքը:   Արդարեւ, մարմինի անդամները Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուցին, որ համայն լիբանանահայութեան ջանքերով 7 Դեկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցած Ռատիոթոնի ընթացքին հանգանակուած գումարին՝ 100.000 ամերիկեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը վայելող Եւրոպայի Միջ-կրօնական Կնոջական Դասընթացքը կը հասնի իր աւարտին

Շուրջ վեց տարիներ առաջ ընթացք ստացած Եւրոպայի յատուկ իսլամ-քրիստոնեայ կնոջական դասընթացքը հասաւ իր աւարտին 2-11 Փետրուար 2013-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած դասընթացքի վերջին հանգրուանով:   Արդարեւ, յիշեալ դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 40 քրիստոնեայ ու իսլամ կիներ: Դասընթացքին մնայուն ղեկավարներն էին` Դոկտ. Րայնհիլդ Թրայթլեր (Աւստրիա) եւ Տիկին Թենի Սիմոնեան-Փիրի (Զուիցերիա): Դասընթացքին նաեւ որպէս դասախօսներ մասնակից…

Քառասնօրեայ պահեցողութեան հոգեպարար արարողութիւններ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ

Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Երկուշաբթի 11 Փետրուարին, մուտք գործեց Մեծ Պահոց քառասնօրեայ ժամանակաշրջանը, որ մեր հայրերուն կողմէ սահմանուած սքանչելի առիթ է ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի:   Անցնող տարիներու աւանդութեան համաձայն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տեղի պիտի ունենան Արեւագալի ժամերգութիւնները, ամէն Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 7-ին, իսկ Հսկումի արարողութիւնները՝…

Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները

Կիրակի 10 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Բուն Բարեկենդանի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կիրակնօրեայ Վարժարաններէն մէկ խումբ մանուկներ իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին՝ առնելու համար Անոր օրհնութիւնը: Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ ընդունեց Կիրակնօրեայի մանուկները, իր օրհնութիւնը շնորհեց փոքրիկներուն եւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն կատարած կարեւոր աշխատանքին՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան մարզէն ներս:   Յայտնենք, որ…

Դպրեվանքի սարկաւագները կ’այցելեն Պէյրութի Ս.Յակոբ եկեղեցին

Շաբաթ 9 Փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Դպրեվանքի բարձրագոյն դասարանի սակաւագները, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն կատարեցին: Ապա, անոնք գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուցին՝ հաւատացեալ ժողովուրդը հոգեւոր եւ ազգային արժէքներով ոգեւորելով:             Բացման խօսքը կատարեց, Բրշ. Համբարձում Աւ. Սրկ. Պալըքճեան, որ նախ կարեւորութեամբ շեշտեց Դպրեվանքի առաքելութիւնը, ըսելով. ՙԱյսօր մենք եկած ենք Պիքֆայաի բարձունքներէն՝ Դպրեվանքէն, մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ յոյն կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարք Կրէկուար Լահամին հետ

Ուրբաթ 8 Փետրուարի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Րապուէի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Յոյն Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Կրէկուար Լահամին հետ։   Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան զանազան հարցեր, որոնցմէ՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միութիւնը ամրացնելու կարեւորութիւնը, ի մասնաւորի Սուրբ Զատիկը միասնաբար տօնելու խնդիրը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին առաւել կազմակերպումը։   Հանդիպումի…

Վարդանանց տօնակատարութիւնը Անթիլիասի մէջ

«Հաւատարմութիւն քրիստոնէական հաւատքին ու հայրենիքին՝ ա՛յս է Վարդանանց պատգամը» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ   Հինգշաբթի 7 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ի յիշատակ Վարդանանց քաջամարտիկ նահատակներուն։ Պատարագը մատոյց՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Վարդանանցի խորհուրդին, եւ իր մտածումները հետեւեալ…

Խմբակներու նշանակում Դպրեվանքի մէջ

Չորեքշաբթի 6 Փետրուար 2013, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ սաներու խմբակներու նշանակումը:    Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան խօսելէ ետք Դպրեվանքի արտա-դասարանային կեանքը Տեսչութեան եւ Ուսանողութեան գործակցութեամբ ծրագրելու կենսականութեան մասին, ներկայացուց հետեւեալ հինգ խմբակներու անդամները. Ուսանողական Խորհուրդ, Գլաձոր Պաշտօնաթերթի Խմբագրական Կազմ, Տեղեկատուական Խմբակ, ՙՊատի Թերթ՚-ի Խմբակ եւ Ասմունքողներու Խմբակ:    Հինգշաբթի 7 Փետրուարի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը նախագահէ Մ.Ա.Ե.Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովին

Երեքշաբթի կէսօրէ ետք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ ապրող անդամներուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը Փօլ Եուհաննա եպս. եւ բարձարաստիճան այլ պաշտօնեաներ:   Յիշեալ բացառիկ նիստին օրակարգի գլխաւոր հարցերն էին նոր ընդհ. քարտուղարի ընտրութեան գործընթացի ճշդում, Խորհուրդի տնտեսական ներկայ կացութեան արժեւորում, Սուրիոյ գաղթականներուն օգնութիւն,…

Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն՝ ի յիշատակ երջանկայիշատակ կաթողիկոսներու եւ լուսահոգի միաբաններու

Կիրակի 3 Փետրուար 2013-ին, Ս. պատարագի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին հիւսիսակողմը գտնուող Յուշարձան-դամբարանը, ուր Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն` ի յիշատակ երջանկայիշատակ կաթողիկոսներու եւ լուսահոգի միաբաններու:   Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անթիլիասական շրջանի հետեւեալ Վեհափառ…

ՙԸնկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան հիմքը կը կազմէ՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ 1 Փետրուար 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի հայկական հաստատութիւններու մէջ գործող ընկերային ծառայողները, Ընկերային Ծառայողներու Միջազգային Օրուան առիթով:   Առաջին հերթին օրդ. Անի Պուճիքանեան խօսք առնելով ներկայացուց ընկերային ծառայողները, ինչպէս նաեւ՝ անցնող տարիներու ընցթացքին լիբնանանահայ ընկերային ծառայողներու կատարած աշխատանքը:   Ներկաներուն իր պատգամը ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը Ուրբաթ 1 Փետրուար 2013-ի երեկոյեան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: 100-ամեակի մարմինը զեկուցեց իրագործուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:   Վեհափառ Հայրապետը գնահատելէ ետք մարմինի տարած աշխատանքները կատարեց թելադրանքներ` Սփիւռքի մէջ նպատակասլաց գործունէութեան, պահանջատիրական ոգին վառ պահելու եւ ոգեկոչականէն անդին իրաւաքաղաքական միջոցներ որդեգրելու եւ մեր պատմական…

Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան վարչութիւնը

Հինգշաբթի 31 Յունուար 2013-ի երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան վարչութիւնը՝ Փոլ Այանեանի գլխաւորութեամբ: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել իրենց բարեմաղթութիւնները ինչպէս նաեւ իր տեսակէտները իմանալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը ու յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերու գծով:   Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց քրիստոնեայ–իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, յատկապէս շրջանէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներու լոյսին տակ: Ան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Անտիոքի Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Երեքշաբթի 29 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարքին ներկայացուցիչը, աստուածաբանական ճեմարանի տնօրէն՝ Ղաթթաս Հազիմ Մեթրոպոլիտ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու ընդհանրապէս շրջանի կացութեան եւ յատկապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց առնչուած հարցերու մասին:

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան տասներորդ ժողովին

22-27 Յունուար 2013, Վատիկանի մէջ, գումարուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներորդ ժողովը:              Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան: Յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ.…

Դպրեվանքի մէջ տարեդարձի նշում

Շաբաթ, 26 Յունուար 2013-ին, դպրեվանքի սեղանատան մէջ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի ընթացքին դպրեվանքի սաներ  ուրախութեամբ նշեցին Յունուար ամսուան ծնած ուսուցիչներէն Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի (Վարիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի, խմբաւար ՙՇնորհելի՚  երգչախումբին եւ դպրեվանքէն ներս ուսուցիչ) եւ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտըմեանի (դպրեվանքի հսկիչ) ինչպէս նաեւ աշակերտներէն՝ Յակոբ Սրկ. Գարտանաքեանի, Գաբրէլ Սրկ. Եղիայեանի, Սարգիս Կիս. Սրկ.…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի ՙԵկեղեցւոյ Միութեան Շաբթուան՚ արարողութիւններուն

Միջ-եկեղեցական շարժումին նախաձեռնութեամբ երկար տարիներէ ի վեր Յունուար ամսուան վերջին շաբաթը նուիրուած է եկեղեցւոյ միութեան: Այս շաբթուայ ընթացքին աշխարհի բոլոր կողմերը տեղի կ’ունենան յատուկ արարողութիւններ, դասախօսութիւններ ու զանազան ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին կարեւորութեամբ կր շեշտուի եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:   Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Կիրակի 20 Յունուար 2013-ին, Պէյրութի ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի…

Սուրիոյ հայութեան աջակցութիւնը առաջնահերթ տեղ գրաւեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան եւ առաջնորդներու հանդիպումին

Վերջին երեք օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ՝ հանդիպումներ Թեմակալ Առաջնորդներուն հետ՝ հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի:   Կրօնական Ժողովը լայնօրէն քննարկեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կրօնական դաստիարակութեան, կիրակնօրեայ վարժարաններու, Երիտասարդական, Միջ–եկեղեցական ու Միջ–կրօնական յարաբերութիւններու բաժանմունքներուն կատարած աշխատանքները անցնող ամիսներու ընթացքին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Երուսաղէմի հայոց նորընտիր Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեց Երուսաղէմի Հայոց նորընտիր Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին հետ եւ շնորհաւորեց իր ընտրութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միջեւ յատուկ գործակցութիւն եղած է միշտ եւ վստահաբար վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակուի այդ գործակցութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ աւելի քան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանի դեսպանը

Չորեքշաբթի 16 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին: Սոյն այցելութեան հիմնական նպատակը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցել էր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատկերացումը Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ այս ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքները:   Վեհափառ Հայրապետը լսելէ յետոյ դեսպանին զեկոյցը իր կարգին շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- 1) Անհրաժեշտ է կարելի փութով քաղաքական…

Նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներու միութիւնը սկսաւ աշխատանքի

Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրին, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամները Ուրբաթ 16 Նոյեմբերի երեկոյեան հաւաքուած էին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը պարզած էր, թէ այդ հաւաքին նպաստակն էր առաջին հերթին Լիբանանի մէջ հաստատուած նախկին ՀԵՀՈՄ–ականները ի մի համախմբել, ապա մեր զանազան գաղութներուն մէջ հաստատուած…

France-Armenie-ին ունեցած հարցազրոյցը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Պէյրութ կատարած մեր այցելութեան ընթացքին, յատուկ ժամադրութեամբ ներկայացանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որպէս նախկին սան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին: Այս առիթով ուզեցինք հարցազրոյց մը ունենալ Վեհափառ Հայրապետին հետ, Սուրիոյ հայութեան մասին: Հակառակ այն իրողութեան որ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանրապէս…

Գարակէօզեան հաստատութեան բժիշկները Դպրեվանքէն ներս

Երեքշաբթի, 15 Յունուար 2013, առաւօտեան ժամը 10-ին, իր ծառայութեան հաւատարիմ Գարակէօզեան Հաստատութեան բժշկական կազմը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք այցելեց եւ առողջապահական ընդհանուր քննութեան ենթարկեց դպրեվանեցիները:   Բժիշկ Վարդան Ադամեան եւ Բժիշկուհիներ Սօսի Քէշիշեան եւ Խաթուն Թօփեան ընդհանուր քննութիւն կատարեցին եւ ըստ կարիքի դեղօրայք փոխանցեցին: Բժիշկ Սողոմոն Պոյաճեան քննեց դպրեվանեցինրուն ակռաները: Օրդ. Գոհար Գիզիրեան, Տիկին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իսլամ Կրօնականներու համախմբումի ներկայացուցիչները

Երեքշաբթի 15 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Իսլամ Կրօնականներու Համախմբումի վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմէին սիւննի ու շիի հոգեւորականներ: Հանդիպման ընթացքին ածարծուեցան քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան, կրօնի ընկերային ծառայութեան եւ Լիբանանի ընտրական օրէնքին հետ առնչուած հարցեր: Յիշեալ հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- 1) Անհրաժեշտ է աւելի ամրապնդել քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը Միջին Արեւելքէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Րայի Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Շաբաթ 12 Յունուար 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնիթ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Րայի Պատրիարքին Փոխանորդը՝ Փօլ Սայյահ Արքեպիսկոպոսը: Սայյահ Արքեպիսկոպոսը Պատրիարքին կողմէ առաքուած էր յատուկ կերպով Վեհափառ Հայրապետին փոխանցելու օր մը առաջ Պատրիարքին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած մարոնիթ քաղաքական ղեկավարներու խորհրդակցութեանց արդիւնքը՝ Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն ու յատկապէս ընտրական օրէնքին…

Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը Անթիլիասի մէջ

«ՀԱՅ ԵՒ ՅՈՅՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆ ԹՈՒՐՔԷՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿՈՂՔԻՆ ՊԱՅՔԱՐԻԼ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ» Ն. Վ. ՏԻՄԻԹՐԻՍ ԽՐԻՍԹՕՖԻԱՍ   Հինգշաբթի 10 Յունուար 2013-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ Տիմիթրիս խրիսթօֆիաս: Նախագահին կ’ընկերանար նախարարներէ ու երեսփոխաններէ բաղկացած 18 հոգինոց պատուիրակութիւն մը:   Առաջին հերթին Նախագահը…

Սուրբ Ծննունդը Անթիլիասի մէջ

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴՆ Է ՄԱՐԴՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Կիրակի Յունուար 6–ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով բոլոր հայ եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Աստուածայայտնութիւնը իր մէջ կը պարփակէ թէ՛ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը եւ թէ մկրտութիւնը: Առաջին դարերուն ողջ քրիստոնէութիւնը այս երկու տօները միասնաբար Յունուար 6–ին կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013-ը կը հռչակէ ՙՀայ Մօր Տարի՚

Ուրախութեամբ կը հաստատենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013 տարին հռչակած է «Հայ Մօր Տարի»: Այս առիթով գրուած Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի յառաջիկայ Կիրակի, 13 Յունուարին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ:   Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամի վերջաւորութեան կ’ըսէ.– «Ներկայ…

Նոր Տարուան իր պատգամին մէջ ՙԱնցեալին նայիլ հաշուետուութեամբ ու ապագային՝ յանձնառութեամբ՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Նոր Տարին առիթ մըն է անցեալը արժեւորելու հաշուետուութեան ոգիով, ու ապագային նայելու վերանորոգ տեսիլքով ու յանձնառութեամբ»: Այս բառերով խտացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Նոր Տարուան հայրապետական պատգամը:   Արդարեւ, Նոր Տարուան առաւօտուն, Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ, Վեհարանի Դահլիճին մէջ հաւաքուած միաբանութեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Դպրեվանքին ու հաւատացեալ…

2013 — Հայ Մօր Տարի

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ       ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱՐԻ 2 0 1 3     Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ         ԱՆԹԻԼԻԱՍ         ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս.Ծննդեան պատգամը

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՍԷՐԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԾԵԼ   Թեսաղոնիկէի եկեղեցւոյ ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ կ’ըսէ, թէ կարեւորը Քրիստոսի երկրորդ գալուստին ժամանակը գիտնալը չէ, այլ անոր միշտ պատրաստ ըլլալն է ու ապա հարց կու տայ՝ թէ արդեօք Քրիստոսի «սէրէն մղուած կը ծառայէ՞ք ուրիշներուն» (1. 3):   Քրիստոսի սէրէն մղուած ծառայել: Ա՛յս է քրիստոնէական հաւատքին էութիւնը, նպատակը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը ուղղուած հայկական լրագրամիջոցներու համագումարին, Հոկտեմբեր 4–6, Երեւան

ՙՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ. Ա՜ՅՍ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100–ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ ՄԵՐ ՈՒՂԵԳԻԾԸ՚   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հոկտեմբեր 4–6, Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ հայկական լրագրամիջոցներու համագումար՝ հրաւէրով Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան ՙՀայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարեդարձին ընդառաջ՚ նիւթով: Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Օրհնութեան Գիր մը յղեց համագումարին: Ստորեւ՝…

Հայրապետական Գիր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 26-րդ ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի սոյն պատգամը կարդացուեցաւ Լիոնի մէջ 13-16 Սեպտեմբերին կայացած ՌԱԿ-ի 26-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին առթիւ տրուած պատշօնական ճաշկերոյթի ընթացքին, Դպրեվանքի Տեսուչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի կողմէ:   Ուրախութեամբ իմացանք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Տիար Մայք Խարապեանի Մեզի ուղղած Օգոստոս 23, 2012 թուակիր նամակէն, որ Սեպտեմբեր 13-16-ին Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին, Շաբաթ գիշեր, 11 Օգոստոս, 2012–ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ

ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵՆԷ ՈՒ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԵՆԷ ԱՆԴԻՆ՝ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԱՆՑՆԻԼ ԳՈՐԾԻ   Սոյն գրութիւնը կը բաղկանայ հատուածներէ՝ առնուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տուած պատգամէն, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին, Շաբաթ գիշեր, 11 Օգոստոս, 2012–ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ:   ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՃԻԳ Կ’ԵՆԹԱԴՐԷ Վերջին տարիներուն, յաճախակի առիթներով պատգամեցինք, գրեցինք ու նոյնիսկ հանդիպումներ կազմակերպեցինք՝ յիշեցնելով մեր ժողովուրդին, թէ արեւմտահայերէնը, մեր…

Գիր Հայրապետական սիրոյ եւ օրհնութեան Պարսկաստանի հայոց

Պարսկաստանի հայոց երեք թեմերուն՝ Թեհրան, Ատրպատական եւ Սպահան Մեր կատարած հովուապետական այցելութենէն Անթիլիասի Մայրավանք վերադարձին, սիրոյ, օրհնութեան ու գնահատանքի սոյն Հայրապետական Գիրը կը յղենք Պարսկաստանի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն: Արդարեւ, Մեր կատարած այս վերջին հովուապետական այցելութիւնը (Մայիս 7–25, 2012), հինգերորդն էր Թեհրանի թեմին ու չորրորդը՝ Սպահանի եւ Ատրպատականի թեմերուն: Իր բազմազան ծրագիրներով եւ այլազան ձեռնարկներով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը, զոր տուաւ Երեքշաբթի,  24 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ապրիլեան Նահատակաց Մատրան առջեւ կատարուած հոգեհանգիստէն ետք, հոծ բազմութեան ներկայութեան

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամին, զոր տուաւ Երեքշաբթի,  24 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ապրիլեան Նահատակաց Մատրան առջեւ կատարուած հոգեհանգիստէն ետք, հոծ բազմութեան ներկայութեան:    Ապրիլ 24–ի առաւօտուն դա՜րձեալ հաւաքուած ենք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու աճիւններուն շուրջ: Այս աճիւնները կենդանի վկաներն են 20–րդ դարու առաջի՜ն ցեղասպանութեան, որ պետական մաշտապով ծրագրուեցաւ ու գործադրուեցաւ…

Հայրապետական պատգամ Գրողներու Համահայկական Զ. Համագումարին (Երեւան, 20-24 Ապրիլ,2012)

Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն:     Մեր սպասումն է որ հայ գրատպագրութեան 500-ամեակի մեծարման նուիրուած հայրենաբնակ ու աշխարհասփիւռ հայ գրողներու այս համագումարը դառնայ պատմական, ո՜չ միայն քննարկելու հայ գրականութեան մերօրեայ  խնդիրներն ու հայ տպագրութեան հրատապ հարցերը, այլեւ ճշդելու մայր գիծերը մշակութային նպատակասլաց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ՙԵ՜Ս ԵՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ՚    Այս վճռադրոշմ յայտարարութիւնը Քրիստոս կատարեց մահուան դիմաց՝ երբ Ղազարոսին հրահանգեց դուրս գալ գերեզմանէն:   Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած էր քանդելու մարդու թագաւորութիւնը եւ հիմնելու Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Ան աշխարհ եկած էր վերստեղծելու աստուածաստեղծ մարդէն հեռացած մարդը եւ առաջնորդելու դէպի Աստուած: Այլ խօսքով, աստուածատուր կեանքի վերահաստատումն էր Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

 ԴԱՌՆԱՆՔ ՃՇՄԱՐԻ՜Տ ԼՈՅՍԻՆ   Բազմաթիւ ու բազմազան լոյսերով ողողուած ներկայ աշխարհին մէջ դա՜րձեալ կը հնչէ ձայնը ճշմարիտ Լոյսին՝ “Ե՜ս եմ աշխարհի լոյսը” (Յովհ. 8, 12:   Այսպէ՜ս բնորոշեց իր ինքնութիւնը Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդին:   Այսպէ՜ս բնութագրեց իր երկրաւոր առաքելութիւնը Բեթղեհէմի մէջ մարդեղացած երկնային ու յաւիտենական Բանը:   Լոյսը Աստուծոյ յայտնութեան ամենէն էական…

2012։ Հայ Գիրքի Տարի

  ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ     ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ 2 0 1 2     Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ     ԱՆԹԻԼԻԱՍ   ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ       Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց եւ մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ողջոյնի խօսքը Համահայկական Գ. համաժողովին, Երեւան, 19-20 Սեպտեմբեր 2011

Կիրակի 18 Սեպտեմբեր 2011-ի գիշեր, յատուկ օդանաւով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Երեւան՝ իր պատգամը տալու Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովին, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ միասին ներկայ գտնուելու Հայաստանի Անկախութեան 20-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք պաշտօնական հանդիսութիւններուն:   Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակի խորհուրդէն ճառագայթող ոգիով ու շունչով, խանդով ու տեսիլքով լեցուն սա պահուն, երբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամը ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. Շաբաթ գիշեր, 14 Օգոստոս, 2011-ին

ՄԱՆՈՒԿԸ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԵԼ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՕՐԻՆԱԿՈՎ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. Շաբաթ գիշեր, 14 Օգոստոս, 2011-ին:   Վերանորոգ հաւատքով դարձեալ մասնակից կը դառնանք Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի ուխտագնացութեան: Վստահ ենք որ մեզմէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը զոր տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2010-11 կրթական տարեշրջանի փակման հանդիսութեան, 20 Յունիս, 2011-ին

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ Է   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այն եզրափակիչ պատգամին, զոր տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2010-11 կրթական տարեշրջանի փակման հանդիսութեան, 20 Յունիս, 2011-ին:   Անգամ մը եւս դուք մասնակից դարձաք Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսին եւ վստահաբար զեկոյցներուն ու արտայայտութիւններուն մէջ նշմարեցիք պարզութիւն ու համեստութիւն՝ հեռու ամէն տեսակ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան եւ Ապրիլ 24-ի Պատգամը

ՙՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉՆ Է ԱՀԱ…՚   Աւետարանին վկայութեան համաձայն, երբ Կիրակի առաւօտ խումբ մը կիներ խաչուած ու թաղուած Քրիստոսին գերեզմանը գացին խունկ ծխելու, Աստուծոյ հրեշտակը երեւցաւ անոնց ու ըսաւ՝ ՙինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք. հոս չէ ան, յարութիւն առաւ…՚ (Ղկ. 24. 5-6):   Արդարեւ, Աստուծոյ Որդւոյն երկրաւոր առաքելութեան բարձրակէտը հանդիսացող յարութիւնը դարձաւ հիմքը քրիստոնէական հաւատքին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի իրիկուան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ, հոծ բազմութեան ներկայութեան

ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ, ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒՄ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամին, զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի իրիկուան, Անթիլիասի Մայրավանքի Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ, հոծ բազմութեան ներկայութեան: Սոյն հաւաքի ընթացքին նաեւ յաջորդաբար խօսք առին Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը:   Ապրիլ 24-ը սոսկ մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՐԴԵՂԱՑՈՒՄԸ՝ ՀՐԱՒԷՐ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՑՄԱՆ   ՙԱստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ…՚: Սուրբ Աթանաս Հայրապետին վերագրուած այս հաստատումը եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ յաճախակի առիթներով կրկնուած է՝ դառնալով Արեւելեան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութեան իւրայատուկ եւ զօրեղ շեշտերէն մէկը:   Արդարեւ, առաջին առիթով տարօրինակ կրնայ թուիլ այս մօտեցումը. ինչպէ՞ս կրնայ մարդ աստուածանալ: Ճիշդ կերպով ըմբռնելու համար այս բանաձեւումը, անհրաժեշտ է…

2011։ ‘Հայ Մանուկի Տարի’

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն   Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ: Բացուող նոր տարուան սեմին, ձեզի կը մաղթենք երջանկութեամբ, առողջութեամբ, յաջողութեամբ եւ աստուածային բարիքներով լեցուն տարի մը:   Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, ինը տարիներ առաջ Մեր սկսած գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը խօսուած Հայ Գիրքի 32–րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր, 2010–ին

ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ՝ ԴՊՐՈ՜ՑԸ ՀԱՅՈՒՆ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, խօսուած Հայ Գիրքի 32–րդ Ցուցահանդէսի բացման, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր, 2010–ին:     Հայ գիրքը դա՜րձեալ մեզ կը հրաւիրէ իր հետ ըլլալու, իր հետ զրուցելու: Շեշտած ենք յաճախ ու միշտ պիտի կրկնենք թէ՝   Առանց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամը ուղղուած Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան, 14 Օգոստոս 2010

ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՏԻՊԱՐԸ ՀԱՅ ԿՆՈՋ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տուած պատգամին, ուղղուած Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ հաւաքուած հոծ բազմութեան. 14 Օգոստոս, 2010:   Ահա դարձեալ վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով ուխտի եկած ենք Պիքֆայայի Մայրավանքը Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը Գրողներու Համահայկական 5-րդ համագումարին (Երեւան, 28 Յունիս-2 Յուլիս 2010)

Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, այն խոր հաւատքով եւ արդար ակնկալութեամբ, որ հայրենաբնակ եւ տարասփիւռ հայ գրողներու այս 5-րդ համաժողովը, մեկնելով մեր գրական կեանքին մէջ նոր էջ բանալու առաջադրանքով 2002-ին սկսած եւ անոր յաջորդած չորս համագումարներու համահայկական տեսլականներէն, քաղած արդիւնքներէն եւ բիւրեղացուցած որոշումներէն՝ բառին ամբողջական եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՂԲԻՒՐ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ   ՙԻնչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կ’առնէ մեռելներու Յարութիւնը՚ (Ա. Կորնթ. 15. 21):   Քրիստոսի Յարութեան տօնը փառաբանանքն է մահուան վրայ տարած կեանքի յաղթանակին:    Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած, խաչով սրբագործուած եւ յարութեամբ նուաճուած ՙառաւել կեանք՚ի կրօն է: Խաչով կերտուած ՙառաւել կեանք՚ին մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ԿԱՌՉԻԼ ՄՆԱՅՈ՜ՒՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ   Ձեր գանձը մի՜ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն…՚ (Մատթ. 6. 19):   Այս պատկերաւոր բացատրութեամբ Քրիստոս իր հետեւորդներուն կը յիշեցնէ որ նիւթեղէն ու ժամանակաւոր արժէքներով լեցուն գանձը ժանգ պիտի կապէ ու փճանայ: Հետեւաբար,  կեանքի մնայուն գանձը պէտք է փնտռել այն արժէքներուն մէջ, որոնք ժամանակի ու միջոցի նեղ…

2010։ Հայ Կնոջ Տարի

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   Հ Ա Յ  Կ Ն Ո Ջ  Տ Ա Ր Ի 2 0 1 0   Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   ԱՆԹԻԼԻԱՍ    ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տուած Հայրապետական Պատգամը Նահատակաց Մատրան առջեւ, 10 Հոկտեմբեր 2009, երեկոյեան ժամը 6-ին ճիշդ այդ պահուն երբ Զուիցերիոյ մէջ կը ստորագրուէր հայ-թրքական համաձայնագիրը

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ՝ ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՙՈՉ՚ԻՆ ՈՒ ՙԱՅՈ՚ԻՆ   Սոյն գրութիւնը խտացումն է   Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ   Ա. Կաթողիկոսի տուած Հայրապետական Պատգամին Նահատակաց Մատրան առջեւ, 10   Հոկտեմբեր 2009, երեկոյեան ժամը 6-ին ճիշդ այդ պահուն երբ Զուիցերիոյ մէջ կը   ստորագրուէր հայ-թրքական համաձայնագիրը:   Ազգերու պատմութիւնը կը կերտուի հաւաքական ՙՈՉ՚ով ու ՙԱՅՈ՚ով: Ազգի մը հաւաքական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններուն մասին

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻ՜Ն ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՐԿ Է ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ   Հայաստան-Թուրքիա կապերու ծիրէն ներս արձանագրուած վերջին զարգացումները, յատկապէս քաղաքական-դիւանագիտական մակարդակներու վրայ տեղի ունենալիք յառաջիկայ բանակցութիւնները՝ Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնագիրերու հիման վրայ, արդար ընդվզումի ալիք մը սկսած են բարձրացնել թէ՜ Հայաստանի ժողովրդային շրջանակներէն ներս, եւ թէ Սփիւռքի մէջ: Այս կացութեան դիմաց անհրաժեշտ է խոհեմ, իրապաշտ ու շրջահայեաց մօտեցում…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անձնական վկայութիւնը Երջանակայիշատակ Գարեգին Վեհափառի վախճանման 10-ամեակին առիթով

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՐՋՆԿ. ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻ ՄԱՍԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս սոյն անձնական վկայութիւնը գրի առաւ, Երջանակայիշատակ Գարեգին Վեհափառի վախճանման 10-ամեակին առիթով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ Երանաշնորհ Վեհափառին կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած հատորի մը հրատարկութեան առիթով, իբրեւ առաջնորդող խօսք ու վկայութիւն:   Երջանկայիշատակ Գարեգին Վեհափառին մասին գրելը կամ խօսիլը ինծի համար…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական պատգամը, ուղղուած Հայաստանի Գրողներու Միութեան 15-րդ համագումարի մասնակիցներուն, 4-5 Յուլիս 2009, Երեւան

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 15-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ   Հոգեկան անհուն ուրախութեամբ եւ Հայրապետական օրհնութեամբ անգամ մը եւս կ’ողջունենք ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն, այն խոր համոզումով եւ սպասումով, որ հայ գրողներու այս հերթական հաւաքը, իր ընթացիկ աշխատանքներէն անդին, բառին ամբողջական եւ վաւերական իմաստով դառնայ բազմարդիւն ու ապագայատեսիլ հանդիպում մը՝ ինքնաքննադատական ոգիով, համապարփակ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ սոյն հարցազրոյցը շնորհեց Հալէպի Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ հրատարակուող “Գանձասար” շաբաթաթերթին

“ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԻԳՈՎ ՀԱՐԿ Է ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հարցում.- Վեհափառ Տէր, 3-էն 5 Յունիս 2009-ին, յաջորդական հանդիպումներ տեղի ունեցան Ձեր նախագահութեամբ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: Կրնայի՞ք, Վեհափառ Տէր, ընդհանուր գծերով ներկայացնել յիշեալ հանդիպումներուն բնոյթն ու նպատակը:   Պատասխան.- Երեք տարբեր, սակայն զիրար ամբողջացնող հանդիպումներ տեղի ունեցան Կաթողիկոսարանէն ներս անցնող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամը, զոր տուաւ Ապրիլ 24-ի  առաւօտուն, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք` Ապրիլեան Նահատակներու Մատրան առջեւ հոծ բազմութեան ներկայութեան

ՈՒԽՏ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ   Ապրիլ 24-ի խորհուրդը դա՜րձեալ ծիածան է կապած հայ կեանքի երկնակամարին վրայ: Ապրիլ 24-ի պատգամը դա՜րձեալ վերանորոգ շեշտով կը հնչէ հայ կեանքէն ներս ամէ՜ն տեղ: Արդարեւ, Ապրիլ 24-ը մեր ժողովուրդին համար սովորական օր մը չէ. մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան, իւրաքանչիւր դէպքին ու երեւոյթին հետ, մեր զգացումներուն ու մտածումներուն հետ, այլ խօսքով, մեր գոյութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ՝ ԵՐԱՇԽԻՔԸ ՄԱՐԴՈՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ   Իր մարդեղութեամբ, խաչելութեամբ ու յարութեամբ՝ Աստուծոյ Որդին աշխարհին առջեւ բացաւ դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճշմարիտ ճամբան: Այլ խօսքով, մարդու փրկութիւնը դարձաւ իրականութիւն Քրիստոսի մարդեղացումով. դարձաւ կարելիութիւն՝ Քրիստոսի յարութեամբ: Աստուածային ի՜նչ մեծ պատիւ ու պարտաւորութիւն տրուած մարդուն:   Քրիստոնեան՝ Աստուծոյ կողմէ մարդուն ընծայուած փրկութեան գերագոյն պարգեւին ուրախութիւնը ապրող անձն է: Քրիստոնեան՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը ուղղուած հաւատացեալ ժողովուրդին, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, 2 Ապրիլ, 2009-ին

ԴԱՌՆԱՆՔ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ   Դուք զլոյսն կենաց զգեցեալ ունիք, առ Քրիստոս վասն մեր բարեխօսեցէք՚:   Հաւատացեալներու հոգիներէն ժայթքող ու հայ եկեղեցւոյ խորանէն խունկի ծուէններու նման ամէն առաւօտ երկինք բարձրացող աղաչանք մըն է սա՝ ուղղուած սուրբերուն. անոնց, որոնք Քրիստոսի լոյսը զգեցան ու իրենց սրբակենցաղ կեանքով դարձան երկնային լոյսին ճառագայթները երկրի վրայ:   Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը

ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՍԻՐՈՅ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄԸ   Ո՜չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած Ի՜նք սիրեց մեզ եւ իր Որդին ղրկեց…՚ (Ա. Յհ 4. 10):   Յովհաննէս Առաքեալին նամակէն պոկուած այս փունջ մը բառերուն մէջ խտացած է քրիստոնէական հաւատքին էութիւնը, անոր իւրայատկութիւնը: Քրիստոնէական կրօնին առնչուած որեւէ ճշմարտութիւն եւ սկզբունք, ըմբռնում եւ աւանդութիւն խարսխուած է այս անհերքելի իրողութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը Ատանայի Ջարդին 100-ամեակին առիթով

ՄԻ՜ ՄՈՌՆԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՀԱՅՈՑ ԱՏԱՆԱՅԻ ՋԱՐԴԸ   2009 տարին 100-ամեակն է Ատանայի ջարդին, որ նաեւ ծանօթ է մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ որպէս ՙԿիլիկիոյ աղէտը՚: Արդարեւ, իր դրդապատճառներով ու կազմակերպուածութեամբ, իր տարողութեամբ ու հետեւանքներով սովորական աղէտ մը չէր Ապրիլ 1909-ին, Ատանայի ու իր շրջակայքին մէջ հայ համայնքին դէմ տեղի ունեցած ջարդը:   Օսմանեան բռնատիրութեան տակ…

2009։ Երիտասարդութեան Տարի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,   Նոր բացուող տարուան սեմին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն կ’ողջունենք ձեզ՝ Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով:   Ինչպէս գիտէք, վերջին վեց տարիներուն Մեր որդեգրած աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները լուսարձակի տակ բերելու մեր հաւաքական…