Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԵՀՈՄ-ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 30 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութիւնը ներկայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իր օրհնութիւնն ու ցուցմունքները ստանալու համար:

 

Շաբաթ, 26 Յուլիս 2014-իերեկոյեան տեղի ունեցած էր ՀԵՀՈՄ-ի Անդամական ԸնդհանուրԺողովը, որուն ընթաքին զեկոյց տրուած էր միութեան գործունէութեան մասին եւ լայն քննարկումներ կատարուած յառաջիկայ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու գծով: Ապա, ժողովի աւարտին ընտրուած էր նոր վարչութիւնը: Նորին Սրբութեան եւ նորընտիր վարչութեան հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեան: Հայր Սուրբը եւ նորընտիր վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին պարզեցին յառաջիկայ երկու տարիներու իրենց գործունէութեան եւ ծրագիրներուն գլխաւոր երեսները:

 

Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՀԵՀՈՄ-ին, յատկապէս շեշտելով, թէ հակառակ իրենց ուսումնական աշխատանքին, ժամանակ կը տրամադրեն ՀԵՀՈՄ-ի գործունէութեան: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց եւ ըսաւ. «ՀԵՀՈՄ-ի նպատակը համալսարանականները համախմբել է մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ: Համաշխարհայնացած ներկայ դարուն, երբ բազմազան ու այլազան երեւոյթներ ու մտածելակերպեր մեր ժողովուրդի զաւակները կը հեռացնեն մեր ինքնութիւնը առողջ պահող արժէքներէն, մենք հրամայական կարիքը ունինք ՀԵՀՈՄ-ի նման երիտասարդական կազմակերպութիւններու»: Միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, թէ ինք որպէս Հայրապետ, ինչպէս միշտ, պատրաստ է զօրակից դառնալու երիտասարդութեան առնչուած այն բոլոր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, որոնց նպատակը հայ երիտասարդը մեր հաւաքական կեանքին եւ մեր արժէքներուն կապուած կը պահեն:

 

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց, թէ կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին. անհրաժեշտ է համազգային ու միջազգային մաշտաբով արժեւորել այս կարեւոր դէպքը, եւ այս ծիրէն ներս երիտասարդութիւնը պէտք է վճռական դեր խաղայ:

ՀԵՀՈՄ-ի նորընտիր վարչութեան անդամներն են.- Տիար Ռազմիկ Միքայէլեան, Տիար Լեւոն Նաճարեան, Տիկ. Նազելի Գանտահարեան-Մանուկեան, Օրդ. Նարէ Սաղտըճեան եւ Օրդ. Կրէյս Օհանեան: