Չորեքշաբթի 2 Յուլիս 2014-ի առաւօտուն, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, նախկին պետական երեսփոխան Յակոբ Գասարճեան և ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Միքայէլ Վայէճեան շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ընտրութեան և օծման 19-րդ ամեակին առիթով: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ զրուցելու Լիբանանեան բեմի վերջին զարգացումներուն, Լիբանանը և Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն, Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ:
Հինգշաբթի 3 Յուլիսի, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յաջորդաբար ընդունեց պետական երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունին և Ժան Օղասապեանը: Անոնք Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեցին Լիբանանի ներքին կացութեան և յատկապէս նախագահական ընտրութիւններու հոլովոյթին առընչուած հարցերուն մասին:
Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանէն ժամանած հանրածանօթ երաժիշտ և երգահան Ռոպերթ Ամիրխանեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Համազգայինի Վարչութեան: Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ մշակոյթին պարզած ներկայ կացութեան յատկապէս երաժշտական մարզէն ներս։
Վեհափառը ընդունեց Դոկտ. Ալեքսի Մուքարզէլը: Ան Նորին Սրբութեան փոխանցեց պաշտօնական հրաւէրի մը՝ խօսք առնելու Ուաշինկթընի մէջ յառաջիկայ Սեպտեմբերին Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ տեղի ունենալիք համագումարին: