4 September, 2014

Հարցումներ աղօթքի մասին

3) Ի՞նչ պատճառներով մեր աղօթքները յաճախ կը մնան անպատասխան:

 

1) Կարեւոր պատճառներէն մին թէ ինչո´ւ մեր աղօթքները երբեմն կը մնան անպատասխան, այն է` որ չենք ակնկալեր ու չենք սպասեր անոնց պատասխանուիլը: Այն մարդը որ կ’աղօթէ բայց Աստուծմէ պատասխան չ’ակնկալեր, կը նմանի այն փոքրիկին, որ տունի մը դուռին զանգակը կը զարնէ, բայց առանց սպասելու որ տանտէրը դուռը բանայ՝ կը ձգէ ու կը քալէ: Աղօթքը` երկինքի դուռը թակել է: Աղօթքով երկինքի դուռը թակող մարդը` պէտք է պատասխան ակնկալէ: Աղօթող մարդը, պէտք է պատասխան ստանալու ակնկալութեամբ ու հաւատքով աղօթէ: Հեղինակ մը կ’ըսէ. «Եթէ դատարկ ու աղքատ ենք, ատիկա չի նշանակեր որ Աս­տուծոյ ձեռքը պարապ է, այլ կը նշանակէ թէ մե´ր ձեռքը բաց չէ»: Աստուծոյ մօտեցող մարդը` բա´ց ձեռքով պէտք է մօտենայ, այլ խօսքով` պատասխան ստանալու ակնկալութեամբ:

2) Երբեմն մեր աղօթքները անպատասխան կը մնան մեր գործած մեղքերուն պատճառով: Աստուած երբեմն չ’ուզեր պատասխանել մեր աղօթքներուն, մեզ մեր գործած մեղքերուն ու սխալներուն գիտակցութեան առաջնորդելու, որպէսզի խոստովանինք զանոնք ու միանգամընդմիշտ հրաժարինք անոնցմէ: Եթէ Աստուած պատասխանէ մեղքի մէջ ապրող մարդուն աղօթքներուն, վստահ եղէք որ այդ մարդը երբեք պիտի չմտածէ իր մեղքերէն հրաժարելու մասին, ընդհակառակը, պիտի քաջալերուի անոնց մէջ մնալու:

3) Երբեմն Աստուած չի պատասխաներ մեր աղօթքին, որովհետեւ իր կամքին կատարումը չէ որ կը խնդրենք կամ կը հետապնդենք: Եթէ չենք աղօթեր մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքին կատարումին համար, կը նշանակէ թէ բնաւ չենք աղօթեր: Յաճախ կ’աղօթենք ու կը պնդենք որ Աստուած մե´ր կամքը կատարէ: Աստուած սակայն չի պատասխաներ նման աղօթքի, որովհետեւ իր նպատակը` ի´ր կամքը կատարելն է մեր կեանքին մէջ եւ ո´չ թէ մեր կամքը: Այնքան ատեն որ չենք սորված Աստուծոյ ըսել` «Տէ´ր, քու կամքդ թող ըլլայ», Աստուած երբեք պիտի չպատասխանէ մեր աղօթքին: Աստուած կ’ուզէ իր կամքը` մեր կամքէն գերադասել սորվինք: Թէկուզ որոշ պարագայի մը մեր կամքը իր կամքին հետ նոյնը ըլլայ, դարձեալ, չի պատասխաներ մեր աղօթքին, եթէ, «Տէ´ր, քու կամքդ թող ըլլայ» ըսել չսորվինք:

4) Երբեմն կ’ուզէ պատասխանել մեր աղօթքին, բայց մենք պատրաստ չենք ըլլար ստանալու մեր աղօթքին պատասխանը: Օրինակ, եթէ կ’աղօթենք եւ փափաք կը յայտնենք Աստուծոյ սուրբ կեանք մը ապրելու, իսկապէս պատրա՞ստ ենք սուրբ կեանք ապրելու, պատրա՞ստ ենք տոկալու մեզ սրբող փորձութեանց կրակներուն: Գիտե՞նք արդեօք թէ Աստուած ինչ փորձութիւններ ու նեղութիւններ թոյլ պիտի տայ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի մեզ սրբէ ու սուրբ դարձնէ: Կ’անդրադառնա՞նք թէ երբ սուրբ կեանք ապրելու փափաք կը յայտնենք, պատերազմ է որ կը յայտարարենք Սատանային ու անոր չար ոգիներուն դէմ: Պատրա՞ստ ենք այդ պատերազմին: Զինուա՞ծ ենք հաւատքի վահանով: Պատրա՞ստ ենք Յիսուսի համար վէրք ստանալու, բայց փոխարէնը` չվիրաւորելու: Պատրա՞ստ ենք համբերատարութեամբ ու սիրով տանելու ամէն ձաղկանք ու ծաղրանք:

5) Երբեմն Աստուած յատուկ բան մը կ’ունենայ իր մտքին մէջ եւ կ’ուզէ ատիկա սորվեցնել մեզի, եւ այնքան ատեն որ չենք սորված` չի պատասխաներ մեր աղօթքին: Ուստի, կարեւոր է խնդրել Աստուծմէ, որ յայտնէ մեզի պատճառը, թէ ինչո՞ւ չի պատասխաներ մեր աղօթքին:

6) Երբեմն Աստուած չի պատասխաներ մեր աղօթքներուն, որովհետեւ անոնք իր կամքին հակառակ են: Ահա թէ ինչու առաքեալը կ’ըսէ. «Երբ իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք` կը լսէ մեզ» (Ա.Յովհաննէս 5.14): Աստուած կը պատասխանէ միայն այն աղօթք­ներուն` որոնք իր կամքին համաձայն են: Մենք շատ անգամ կ’աղօ­թենք եւ բան մը կը հայցենք, ամբողջ սրտով համոզուած ըլլալով որ մեր խնդրածը իր կամքին համաձայն է, բայց եւ այնպէս, կրնանք զարմանալ եթէ Տէրը ցոյց տայ մեզի, թէ մեր խնդրածը իր կամքին համաձայն չէ: Զուր տեղ չէ որ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Սուրբ Հոգին օգնութեան կը հասնի մեր տկարութեան. որովհետեւ մենք որ կ’աղօթենք` չենք գիտեր թէ ի´նչպէս պէտք է աղօթել» (Հռոմայեցիս 8.26):

7) Աստուած կը պատասխանէ միայն մեր այն աղօթքներուն` որոնք մեր հոգիին օգուտ եւ իրեն` փառք կը բերեն: Եթէ մեր աղօթքներուն մէջ Աստուծոյ փառքը չէ որ կը փնտռենք` չսպասենք որ Աստուած պատասխանէ մեզի: Եթէ Աստուծմէ կը խնդրենք այնպիսի բաներ, որոնք վնաս պիտի հասցնեն մեր հոգիին, դարձեալ, չսպասենք որ Աստուած պատասխանէ մեզի:

8) Շատ յաճախ մեր աղօթքներուն պատասխանը չենք ստանար, որովհետեւ ժամանակ չենք յատկացներ լսելու Աստուծոյ ձայնը: Աղօթքի աւարտին, «ամէ´ն» կ’ըսենք եւ ոտքի կ’ելլենք ու մեր գործին կ’երթանք: Աստուած կ’ուզէ, որ աղօթքի աւարտին լռենք ու լուռ կերպով մնանք իր ներկայութեան մէջ, բանալով մեր հոգիի ականջները, որպէսզի լսենք թէ ի´նչ ըսելիք ունի մեզի: Այնքան ատեն որ Տիրոջ ձայնը լսել չենք սորված աղօթքի պահուն կամ անոր աւարտին` Տէրը երբեք պիտի չպատասխանէ մեր աղօթքին:

9) Երբեմն մեր աղօթքները անպատասխան կը մնան մեր անհամբերութեան պատճառով: Մենք սովորաբար կ’ուզենք, որ Աստուած մեր աղօթքներուն շուտով պատասխանէ, բայց Աստուած մեր աղօթքներուն շուտով պատասխանել չ’ուզեր, այլ ճիշդ ժամանակին պատասխանել կ’ուզէ: Եւ անոր համար ալ, Աստուած կ’ուզէ, որ համբերել ու սպասել սորվինք, իրեն վստահիլ ու ապաւինիլ սորվինք: Եւ մանաւանդ, կ’ուզէ որ թոյլ տանք, որ ի´նք ճշդէ աղօթքին պատասխանի ժամանակն ու կերպը: Մեզի համար աղօթքի ուշացած կերպով տրուած պատասխան մը` Աստուծոյ համար ամենէն յարմար ատենին տրուած պատասխան մըն է:

10) Կրնանք մեր աղօթքին պատասխանը չստանալ, պարզ այն պատճառով` որ չենք կատարեր Աստուծոյ պատուիրանները եւ ինչ որ հաճելի է իրեն: Յովհաննէս առաքեալը կ’ըսէ. «Եթէ մեր խիղճը մեզ չի մեղադրեր, սիրելինե´ր, համարձակ կերպով կրնանք դիմել Աստուծոյ, եւ ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ` կը ստանանք, որովհետեւ իր պատուիրանները կը գործադրենք եւ կը կատարենք ինչ որ հաճելի է իրեն» (Ա.Յովհաննէս 3.21): Համաձայն առաքեալին այս բառերուն, ինչ որ խնդրենք Աստուծմէ` կը ստանանք, եթէ երբեք «իր պատուիրաննե­րը կը գործադրենք եւ կը կատարենք ինչ որ հաճելի է իրեն»: Այսօր մեզմէ քանի՞ հոգիներ կրնան ըսել թէ իրենք Աստուծոյ պատուիրանները կը գործադրեն. քանի՞ հոգիներ կրնան հաստատապէս ըսել թէ իրենք կը կատարեն ինչ որ հաճելի է Աստուծոյ: (Յովհաննէս առաքեալին նշեալ համարին մասին աւելի ընդարձակ կերպով խօսած եմ 7-րդ հարցումին տրուած պատասխանին 4-րդ կէտին մէջ):

11) Կրնանք մեր աղօթքին պատասխանը չստանալ, եթէ երբեք աղօթքի պահուն մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք Աստուծոյ ձեռքին վրայ, փոխանակ կեդրոնացնելու Աստուծոյ սրտին վրայ: Աղօթքի պահուն, Աստուած մեր մէջ առնելու մասին պէտք է մտածենք եւ ո´չ թէ Աստուծմէ առնելու մասին: Աղօթքի պահուն, Պարգեւաբաշխին պէտք է նայինք եւ ո´չ թէ բաշխուած պարգեւներուն, առատօրէն Տուողին պէտք է նայինք եւ ո´չ թէ տրուած առատութեան: Այնքան ատեն որ աղօթքի պահուն, Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ սէրը չենք փնտռեր` Աստուած չի պատասխաներ կամ չ’ուզեր պատասխա­նել մեր աղօթքին, որպէսզի մեզ հրաւիրէ այն գիտակցութեան` որ աղօթքին նպատակը` իր ներկայութիւնը փնտռելն է եւ իր ներկայութեամբ համակուիլն է, եւ ո´չ թէ իրմէ բան մը ստանալը:

12) Երբեմն մեր խնդրածը չենք ստանար, որովհետեւ մեր անձնական հաճոյքին համար է որ կը խնդրենք, ինչպէս Յակոբոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ձեր ուզածը չէք ունենար, որովհետեւ Աստուծմէ չէք խնդրեր. կամ` կը խնդրէք եւ Աստուած չի տար, որովհետեւ գէշ նպատակով կը խնդրէք, ձեր հաճոյքներուն ծառայեցնելու համար» (Յակոբոս 4.2-3):

13) Թերահաւատութիւնը, կասկածամտութիւնը կամ երկմտու­թիւնը կրնան պատճառ դառնալ, որ մեր աղօթքին պատասխանը չստանանք: Յակոբոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ ով որ բան մը պիտի խնդրէ Աստուծմէ, «թող խնդրէ հաւատքո´վ, առանց երկմտելու, որովհետեւ երկմիտ մարդը կը նմանի ծովու ալիքներուն, որոնք հովերէն կը շարժին ու կը տարուբերին»: Առաքեալը խօսքը շարունակելով կ’ըսէ. «Այնպիսին թող չակնկալէ որ Տէրը կու տայ իր խնդրածը, որովհետեւ երկմիտ մարդը իր բոլոր քայլերուն մէջ անհաստատ է» (Յակոբոս 1.6-8): Պետրոս առաքեալ խնդրեց Յիսուսէն, որ արտօնէ իրեն քալելու ջուրին վրայէն եւ Յիսուս արտօնեց: Երբ քալելու սկսաւ` նշմարեց հովին սաստկութիւնը, եւ ատիկա պատճառ դարձաւ, որ վախ ու կասկածամտութիւն յառաջ գան իր մէջ, որուն իբրեւ հետեւանք` սկսաւ ընկղմիլ: Տիրոջ օգնութիւնը խնդրեց եւ Տէրը իսկոյն ձեռքը երկարելով բռնեց զայն եւ ըսաւ. «Թերահաւա´տ, ինչո՞ւ կասկածեցար» (Մատթէոս 29-31): Այստեղ եւս, յստակ կերպով ցոյց կը տրուի մեզի, թէ թերահաւատութիւնը արգելք է որ մենք ստանանք մեր սրտի խնդրանքը:

14) Երբեմն Աստուած կը պատասխանէ մեր աղօթքին, բայց քանի մեր ակնկալած պատասխանը չէ, բնականօրէն զայն պատասխան չենք սեպեր:

15) Երբեմն ալ մեր աղօթքները կը մնան անպատասխան, որովհետեւ անոնք լոկ բառերու կոյտ մըն են եւ անոնցմէ կը բացակայի հաւատքի կրակը:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան