Շաբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Պուրան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին:
Դեսպանը Անթիլիաս այցելեց, Վեհափառ Հայրապետին Յունաստան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին խորհրդակցելու կարգ մը հարցերու և Նորին Սրբութեան ունենալիք հանդիպումներուն շուրջ։
Ընդառաջելով դեսպանին խնդրանքին, Վեհափառ Հայրապետը զեկուցեց Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած միջազգային համագումարին մասին։ Ինչպէս նաեւ ան իր տեսակէտը արտայայտեց Միջին Արեւելքէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան վերաբերեալ։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց, Յունաստանի խորհրդարանի կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումին առիթով։