Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ԱՏՐՈՒՇԱՆ ՀԱԼԱՃԵԱՆԸ

Պոլսոյ «Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբ»ը այս օրերուն կը գտնուի Լիբանան, «Համազգային»ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով: Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, երգչախումբը այցելեց Անթիլիաս եւ կատարեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի պատարագի երգեցողութիւնը, ղեկավարութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի:   Պատարագէն ետք, երգչախումբը ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 85-րդ տարեշրջանի ուսումնական-կրթական բացման հանդէսին:  …

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ 85-ԱՄԵԱՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՄԲ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտը, նոր յոյսով, ոգեւորութեամբ եւ խանդով պարուրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսանողութիւնը: Արդարեւ, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբանութեան, Դպրեվանքի տեսչութեան, ուսուցիչներուն, աշակերտութեան, ծնողներուն ու ներկայ ժողովուրդին ներկայութեան, պաշտօնական բացումը կատարեց Դպրեվանքի 85-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին:               Վեհափառ Հայրապետը…