25 September, 2014

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ

        Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շարունակելով Յունաստանի հովուապետական այցելութիւնը, Չորեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին ժամանեց Թեսաղոնիկէ: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Հոգշ. Տ. Սմբատ Աբղ. Սապունճեան՝ գաւազանակիր, Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Տիար Արա Մանկոյեան եւ Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Տիար Պօղոս Չոլաքեան: Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի եւ թաղական խորհուրդի անդամներուն կողմէ:

 

        Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբով այցելեց Թեսաղոնիկէի Յունաց Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ Թեսաղոնիկէի Անթիմոս Մետրոպոլիտին կողմէ: Ան ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը նշեց եկեղեցիներու միջեւ միութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, դիմագրաւելու համար ներկայ աշխարհի տագնապները:

       

        Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտեց ընդհանրապէս Յունաստանի ու յատկապէս Թեսաղոնիկէի հայութեան կարեւոր նպաստը երկրին: Ան ըսաւ, որ պատմական գաղութ է եղած Թեսաղոնիկէն եւ յատուկ տեղ ունի մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց Մետրոպոլիտին, թէ իբր կրօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւն, զինք կը նկատէ հոգեւոր հայրը Թեսաղոնիկէի հայութեան եւ պատրաստ օգտակար հանդիսանալու անոր կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն:

 

       Ապա, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Վեհափառ հայրապետը, հայ եւ յոյն առաջնորդներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Բալամաս եկեղեցին: Նորին Սրբութիւնը եւ Խորէն Արք. Ճաշի հիւրը եղան Անթիմոս Մետրոպոլիտին: Յետմիջօրէին Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով, Մետրոպոլիտին ընկերակցութեամբ այցելեց Թեսաղոնիկէ քաղաքի պաշտպան սուրբին՝ Ս. Տիմիթրիսի եւ Ս. Սոֆիայի պատմական եկեղեցիները:

 

        Երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, թաղական խորհուրդին ու ժողովուրդին կողմէ: Կանոնական աղօթքէն ետք, Խորէն Սրբազան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին: Ան վեր առաւ Նորին Սրբութեան վերջին ամսուայ գործունէութիւնը Ամերիկայէն ու Հայաստանէն ներս, յիշեցնելով Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր ներդրումը միջազգային եւ ազգային կեանքէն ներս, ապա, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ այսքան բազմազբաղ ժամանակացոյցին մէջ կը յիշէ ու կ’այցելէ Յունաստանի իր հօտին:

 

        Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրական սիրով ողջունելէ ետք Թեսաղոնիկէի հայութիւնը, անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ առանցքային ներկայութեան ու դերակատարութեան մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հայ Եկեղեցին Աստուծոյ տունը ըլլալով, է նաեւ մեր ազգին տունը, հետեւաբար, պէտք է հաւաքուինք մեր եկեղեցւոյ շուրջ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան նաեւ ընդգծեց գաղութներու կեանքին մէջ գործող կառոյցներուն դերը: Ան ըսաւ, որ գաղութ մը կը դառնայ զօրեղ ու կազմակերպ իր հոգեւոր, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներով: Սակայն, այդ կառոյցները կը դառնան կենսունակ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցութեամբ, յիշեցուց Վեհափառ Հայրապետը ու թելադրեց այս նպատակով եւ ուղղութեամբ զօրացնելու մեր բոլոր կառոյցները: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգային Վարչութեան եւ յարակից մարմիններուն, որոնք զանազան ձեւերով կը ծառայեն Թեսաղոնիկէի հայութեան: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նպատակը ծառայել է մեր ժողովուրդին, հետեւաբար, ան պատրաստ է վերանորոգ նուիրումով շարունակելու իր ծառայութիւնը Թեսաղոնիկէի հայութեան: Այս առիթով ան յիշեցուց, թէ Անթիլիասէն բազմաթիւ միաբաններ անցնող տասնամեակներուն եկած են Թեսաղոնիկէ, անոնք ո՛չ միայն ծառայած են, այլ նաեւ մեր ժողովուրդին զաւակներուն հետ ըլլալով, լայն փորձառութիւն են ձեռք ձգած հովուական իրենց աշխատանքներուն ծիրէն ներս:

 

        Եկեղեցական արարողութէնէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը եւ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում ունեցան Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին մէջ գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը լսելէ ետք անոնց զեկոյցները, հետեւեալ թելադրութիւնները կատարեց.- Ա.) Գաղութ մը կը հզօրանայ իր կառոյցներով, հետեւաբար կառոյցներու վերակազմակերպումը ու արդիականացումը հրամայական է: Բ.) Անհրաժեշտ է մեր երիտասարդութիւնը համախմբել մեր կառոյցներուն շուրջ եւ որպէսզի այս աշխատանքը ըլլայ աւելի հեզասահ, անհրաժեշտ է մեր մօտեցումներն ու մեթոտները վերատեսութեան ենթարկել, դառնալու համար համահունչ ներկայ աշխարհի պայմաններուն: Գ.) Յատուկ կարեւորութիւն ընծայել Հայ Եկեղեցւոյ, որպէս կեդրոնական հաստատութիւն գաղութի մը կեանքէն ներս: Սոյն հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ ժողովրդային ճաշկերոյթ:

More News