13 Սեպտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս,  իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ, Ուաշինկթընի մէջ գումարուող միջազգային համագումարին, որ նուիրուած էր Միջին Արեւելեան տագնապին ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մտահոգութիւններուն: Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի՝ Առաջնորդ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի ընկերակցութեամբ, առիթը ունեցաւ  այցելելու Ուաշինկթընի Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի դեսպան Տիար Տիգրան Սարգսեանի, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Տիար Ռոպերթ Աւետիսեանի եւ իրենց աշխատակազմին կողմէ: Նորին Սրբութիւնը նախ առանձին հանդիպում մը ունեցաւ դեսպանին հետ, որու ընթացքին տեղեակ պահեց զինք, համագումարի աշխատանքներուն ու Ա.Մ. Նահանգներու նախագահ Օպամային հետ ունեցած հանդիպման մասին:

Ապա, աշխատակազմի եւ Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան առիթով հրաւիրուած ազգայիններու ներկայութեան, դեսպան Սարգսեան ողջունեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի դեսպանատուն այցելութիւնը, յիշեցնելով, որ դեսպանատունը փոքրիկ Հայաստան մըն է Ամերիկայի հողին վրայ եւ դեսպանատան ճամբով իրենց կարելին կը կատարեն նպաստելու Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններուն ու տնտեսական վերելքին: Պարոն դեսպանը շեշտեց եկեղեցւոյ դերը Հայաստանի հզօրացման գործընթացքին մէջ: Խօսք առաւ նաեւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչը, որ անդրադառնալով վերջին շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած ապահովական խախտումներուն, շեշտեց Ղարաբաղի բանակին ու ժողովուրդին ամուր կամքը եւ հայրենասիրութիւնը, դիմագրաւելու Ազրպէյճանի կողմէ ներթափանցելու որեւէ մէկ փորձ: Խօսք առաւ նաեւ Օշական Արք., որ անդրադարձաւ համագումարի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին առանցքային դերին ու ժողովի աշխատանքներուն անոր բերած, ժողովականներուն իսկ վկայութեամբ, կարեւոր  նպաստին:

            Արամ Ա. Կաթողիկոս, նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց, Հայաստանի դեսպանատան մէջ գտնուելուն համար, որ միշտ կը մնայ ու պէտք է մնայ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն գուրգուրանքի ու զօրակցութեան առարկան, բոլոր երկիրներէն ներս: Ան ողջունեց դեսպան Սարգսեանի նշանակումը, մաղթելով որ իր ունեցած մասնագիտութեամբ, տնտեսական մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ որպէս վարչապետ իր ձեռք ձգած փորձառութեամբ, կարեւոր նպաստ պիտի բերէ Հայաստանի ու Ա.Մ. Նահանգներու դիւանագիտական յարաբերութեանց: Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ յառաջիկայ շաբաթ, Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին, շեշտելով որ նման նախաձեռնութիւններ առիթ պէտք է դառնան մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդման:

            Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ այցելեց Լիբանանի դեսպանատուն, ուր ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտի, ի պատիւ պատրիարքներուն սարքած ճաշկերոյթին: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Վատիկանէն ժամանած կարտինալներ, քոնկրէսի անդամներ եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր:

More News