7 August, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԱՆԿԼԻԳԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Արեւելեան Ուղղափառ եւ Անկլիգան եկեղեցիներուԱստուածաբանական Երկխօսութեան Յանձնաժողովի Դիւանը: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ յանձնաժողովի համա-ատենապետները՝ Ճէֆրի Րօվէլ Եպիսկոպոսըեւ Պիշոյ Արքեպիսկոպոսը, համաքարտուղարները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանըեւ Կանոնիկոս Ալիսոն Պարնէթ-Գովընը, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

           

Համա-ատենապետները Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցինյանձնաժողովին ցարդ ունեցած քննարկումներուն արդիւնքները, եւ անոր դիմագրաւած կարգ մը մտահոգութիւնները:

 

Ողջունելով յանձնաժողովին աշխատանքները, Նորին Սրբութիւնը յետադարձ ակնարկ մը նետեց Անկլիգանեկեղեցներուն հետ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւնը, եւ շեշտեց այդ յարաբերութեան աստուածաբանական լուրջ երկխօսութեան վերածելու ու ապա արդիւնաշատ գործակցութեամբ արտայայտելու հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետը հակիրճ կերպով խօսելով եկեղեցական երկու ընտանիքները բաժնող յատկապէս քրիստոսաբանական ու եկեղեցաբանական հարցերուն մասին, յիշեցուց թէ՝ անհրաժեշտ է առաւելաբար ակադեմական բնոյթ ունեցող այս հարցերուն առընթեր, նաեւ լուրջ քննարկումի ենթարկել ժամանակակից ընկերաբարոյական խնդիրները, որոնք բաժանումներ կը յառաջացնեն ո՛չ միայն միջ-եկեղեցական, այլ նաեւ ներ-եկեղեցական ծիրէն ներս՝ տեղի տալով ընկերային նոր տագնապներու:

 

Ժողովականները Կաթողիկոսարանին հիւրերը եղան երկու օր:

More News