Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գտնուի Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած միջազգային համագումարին: Համագումարի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը երկու առիթներով պաշտօնական խօսք պիտի արտասանէ. առաջինը՝ քրիստոնէական միութեան եւ երկրորդը՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ապագային մասին: Նորին Սրբութիւնը նաեւ պիտի մասնակցի Ամերիկայի ծերակուտականներուն ու քոնկրէսի անդամներուն հետ տեղի ունենալիք հանդիպումներուն: Սոյն համագումարին իրենց մասնակցութիւնը…