ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2014, Ժընեւի մէջ, եկեղեցական արարողութեամբ, տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին բացումը։

 

Հայ Եկեղեցին իր երկու Կաթողիկոսական Ս. Աթոռներով կը մասնակցի այս ժողովին. Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու) եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան (Ներկայացուցիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Եւրոպայի մէջ) կը մասնակցին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան եւ Տիկ. Փօլա Տէր Մաթոսեան՝ յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան։

 

Նոյն օրը, Ժողովականներ լսեցին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ատենապետ Դոկտ. Ակնէս Ապումի պատգամն ու Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Օլաֆ Ֆիքսէ Թուէյթի զեկոյցը։ Ապա, տեղի ունեցան Կեդրոնական Յանձնախումբի ենթայանձնախումբերու անդամներու ընտրութիւնը. Նարեկ Սրբազան պիտի ծառայէ Յայտագիրներու Ենթայանձնախումբին մէջ եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան՝ Ուղեգիծերու Ենթայանձնախումբին մէջ։

 

Յաջորդող երկու օրերուն, »Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն« ընդհանուր թեմային տակ, ժողովականներ հաւաքական եւ խմբական քննարկումներու սկսան՝ գծելու համար Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի յաջորդ եօթը տարիներու աշխատանքային ընթացքը։