Հինգշաբթի 26 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց համալսարանական դասախօսներու եւ ուսանողներու խումբ մը, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայէն եւ այլ երկիրներէ։ Ուսանողները կը մասնագիտանան Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առընչուած նիւթերու, իսկ դասախօսները այդ նիւթերուն առընչուած թէ՛ դասախօսներ էին եւ թէ կարեւոր հրատարակութիւններու հեղինակներ։
Ողջունելով ներկայութիւնը շուրջ 25 անդամներէ բաղկացած խումբին, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ, Միջին Արեւելքի ու ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին, այս երեք բնագաւառներուն առընչուած շարք մը ընդգծումներ կատարելով։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իրեն եղած հարցումներուն, որոնք աղերս ունէին վերոյիշեալ բնագաւառներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայ-թուրք յարաբերութեան։
Հանդիպումի աւարտին, Օքսֆորտի համալսարանի Միջին Արեւելեան բաժանմունքի դասախօսը Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց Օքսֆորտ դասախօսութիւն մը տալու “Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները” նիւթին շուրջ։