Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՅՈՅՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆԸ
Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Աթէնք ժամանումէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ուղղուեցաւ դէպի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արք. Երոնիմոս Բ.-ին կողմէ: Արքեպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ շրջապատուած հոգեւորականներով, Երոնիմոս Արքեպիսկոպոս յատուկ ուղերձով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին Յունաստան այցելութիւնը: Իր ուղերձին մէջ ան յիշեց…