Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբով ու Թեսաղոնիկէի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելութիւն տուաւ Թեսաղոնիկէի նահանգապետ՝ Տիար Աբոստոլոս Ծիծիքոսթասի:               Նահանգապետը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ պատմական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական բնագաւառներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին Յունաստանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ այսօրուան աշխարհին…