«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏ ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ԴԱՏ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ՝ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեւանի մէջ
Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստան-Սփիւռք Ե. համաժողովի բացման նիստին, իր Հայրապետական Պատգամը ուղղելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ըսաւ. «Չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր ազգին բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ. անտարբերութիւնը ազգային դաւաճանութիւն է։ Հետեւաբար, կոչուած ենք 100-ամեակը բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ նշելու ու զայն արժեւորելու այնպիսի իրագործումներով, որոնք մնայուն հետք…