Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչին ատենապետութեամբ Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու ժողով Ժընեւի մէջ

Երեքշաբթի 19 Նոյեմբերէն  Հինգշաբթի  21 Նոյեմբեր 2013, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան ատենապետեց Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու ժողովին։     Ժողովին մասնակցեցան Ուղղափառ, Կաթոլիկ, Անկլիգան, Մկրտչական, Բողոքական, Բարեկարգեալ, Լուտերական, Հոգեգալստական եւ Աւետարանչական Եկեղեցական Ընտանիքներու երեսուն քարտուղարներ եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ու այլ միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին հետ

Չորեքշաբթի 20 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ) Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Անդամ ԵՀԽ-ի Գործադիր Վարչութեան) եւ Տիկ. Թենի Սիմոնեան (Անդամ ԵՀԽ-ի Կեդրոնական Վարչութեան), ԵՀԽ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Օլաւ Ֆիքսէ Թուէյթի հետ հանդիպում մը ունեցան եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները եւ պատկերացումները փոխանցեցին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Թռչնոց Բոյնի մէջ

Անցնող օրերուն, Վեհափառ Հայրապետը անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Թռչնոց Բոյն, Թռչնոց Բոյնի բարերարներէն Տէր և Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն հետ: Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ Թռչնոց Բոյն հաստատուած փոքրիկներու առօրեայ կեանքով եւ անոնց նկատմամբ որբանոցի պատասխանատուներուն ցուցաբերած հոգածութեամբ ու խնամքով: Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ հաստատեց, Թռչնոց Բոյնէն ներս կատարուող կազմակերպ ու հոգածու աշխատանքը:    Յայտնենք, որ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շինարարական ծրագիրները իրագործման ընթացքի մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով բազմաբնոյթ ծրագիրներ կը մշակէ: Այդ ծրագիրներու շարքին կարեւոր տեղ կը գրաւէ Անթիլիասի Մայրավանքի Նահատակաց Յուշարձանի վերանորոգումը, Պիքֆայայի վանքի Վերածննդեան Յուշարձանի շրջապատի ընդլայնումը ու բարեզարդումը, Նահատակաց Խորանի շինութիւնը եւ Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյնին մէջ Ցեղասպանութեան ու Որբերու Թանգարանի շինութիւնը: Յիշեալ ծրագիրներու շինարարական աշխատանքները բնականոն կերպով կÿընթանան՝ անմիջական հովանաւորութեամբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատուեց Ասորիներու Զաքքա Պատրիարքը

Շաբաթ 16 Նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Քասլիքի «Րուհ ալ Քուտոս» Համալսարանի «Յովհաննէս Պօղոս Բ.»-ի հանդիսասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Համերգ մը, նուիրուած Ասորի Եկեղեցւոյ Պետ՝ Նորին Սրբութիւն Զաքքա Ա. Իուազ Պատրիարքի քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ ոսկեայ յոբելեարի առիթով։ Համերգը ներկայացուց Պատրիարքարանի Սուրբ Եփրեմ Ասորի երգչախումբը։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատուիրակութեամբ պատուեց Զաքքա Պատրիարքը, անձամբ մասնակցելով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչները

Հինգշաբթի 14 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչներ Վեր. Հապիպ Պատր եւ Վեր. Դոկտ. Ժորժ Սապրա:   Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրել հրապարակային դասախօսութիւն մը տալու Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ, «Միջ–եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ:   Այցելութիւնը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայ համայնքին եւ Աւետարանական համայնքին…

ՀԵՀՈՄի հիմնադրութեան 50 ամեակի Կալա-Ընթրիք

Կազմակերպութեամբ ՀԵՀՈՄի վարչութեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ..Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ուրբաթ 6 Դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, Տպայայի Le Royal պանդոկի Azurea սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀԵՀՈՄ-ի հիմնադրութեան 50 ամեակի պաշտօնական Կալա-Ընթրիքը։ Սոյն ընթրիքին որպէս հիւր երգիչ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ լիբանանահայ հանրածանօթ երգիչ՝ Ատիս Հարմանտեան։  Կը հրաւիրենք բոլոր Հայ համալսարանականներն ու նախկին ՀԵՀՈՄ-ի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Վարչութիւնը

Երկուշաբթի 11 Նոյեմբեր 2013-ի գիշեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Վարչութիւնը։ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ կեանքի կոչուած էր շուրջ երեք տարիներ առաջ։ Այս հանգրուանին ան առաւելաբար բաղկացած է Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամներէն։ Համախմբումին նպատակն է հանգրուանային կերպով ընդարձակել անդամներու թիւը՝ ներառելով նաեւ բոլոր համալսարանաւարտներ՝ թէ՛ Լիբանանի եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. այցելեց Աուտէ Արքեպիսկոպոսին

Երեքշաբթի 12 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը ընկերակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութի եւ շրջակայից Յոյն Ուղղափառ Առաջնորդ՝ Աուտէ Արքեպիսկոպոսին: Այցելութեան նպատակն էր Լիբանանի Հայոց նորընտիր Առաջնորդ Շահէ Սրբազանը ծանօթացնել Աուտէ Արքեպիսկոպոսին:   Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցը ներառեց հարցեր Լիբանանի ներքին կացութեան, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի փոքրիկները

Կիրակի 10 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի Դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Անթիլիասի Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը իրենց ուսուցչական կազմին հետ միասին։ Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանն ու Կաթողիկոսարանիս Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեան։   Անթիլիասի Կիրակնօրեայ Վարժարանի…

Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նոր ղեկավարութեան մէջ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ (ՊՈՒՍԱՆ) — Ուրբաթ 8 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10–րդ Համաժողովի ընթացքին, Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան յիշեալ բանաձեւը ժողովականներուն ներկայացուց։ Ժողովականներ միաձայնութեամբ ընդունեցին բանաձեւը եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը դատապարտեցին։ Յայտնենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-տարելիցին առիթով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ յղուած բանաձեւը Անթիլիասի մէջ խմբագրուած էր եւ Համաժողովէն ներս…

Ափրիկէէն Ակնէս Ապում ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշախարհային Խորհուրդի ատենապետ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիկին մը՝ Տոքթ. Ակնէս Ապում Ափրիկէէն ընտրուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ատենապետ: Եկեղեցիներու Խորհուրդի բարձրագոյն պաշտօնը նկատուող ատենապետը միաժամանակ Գործադիր ու Կեդրոնական վարչութեանց ատենապետն է ու կը կազմէ գերագոյն հեղինակութիւնը Խորհուրդի բոլոր բաժանմունքներուն ու գործունէութեան: Նոյն այս պաշտօնին ընտրուած էր յաջորդական երկու շրջաններու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ողջոյնի խօսք ուղղեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովին

Հինգշաբթի 7 Նոյեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10–րդ համաժողովի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի համաժողովին ուղղած ողջոյնի խօսքը կարդացուեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի կողմէ։   Իր խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը նախ կþանդրադառնար միջ-եկեղեցական շարժումին իր բերած երկարամեայ նպաստին եւ որպէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ատենապետ 1999–ին բաժանեալ Քորիա կատարած…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատուիրակութիւնը կը շարունակուի գործօն մասնակցութիւն բերել Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովին

Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2013, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10–րդ համաժողովը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատգամաւորները լիակատար նիստերու, խմբակներու, յանձնախումբերու եւ զանազան քննարկումներու մէջ շարունակեցին իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել։   Առաւել, Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Տիկին Թենի Սիմոնեան Հունգարիոյ Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ…

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը որոշեց հանգամանօրէն նշել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը

Հարաւային Քորէայի մէջ այս օրերուն գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10–րդ համաժողովը որոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցի նշման բերել իր գործօն մասնակցութիւնը:    Յիշեալ յայտարարութիւնը անդրադառնալէ յետոյ Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներւն, կը յիշէ թէ ինչպէս  Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը արծարծուեցաւ ՄԱԿ–ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովին, 1979–ին ԵՀԽ–ին կողմէ, ինչպէս նաեւ ԵՀԽ–ի նախորդ համաժողովներուն կողմէ, կը թելադրէ հետեւեալը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովի

Այս օրերուն Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ ԵՀԽ–ի 10–րդ համաժողովը: Վեհափառ Հայրապետը յատուկ հրաւէր էր ստացած մասնակցելու սակայն չկրցաւ ներկայ գտնուիլ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 9 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ համաժողովին:   Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը համաժողովին:    Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնէն ջերմօրէն կ’ողջունենք ձեզ, որպէս մասնակիցներ…

Հայկական Ցեղասպանութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համաժողովի օրակարգին վրայ

Չորեքշաբթի 30 Հոկտեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքի մէջ սկսած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովը իր աշխատանքները շարունակեց մինչեւ Ուրբաթ 1 Նոյեմբեր։   Շաբաթ եւ Կիրակի 2 եւ 3 Նոյեմբեր, համաժողովի մասնակիցներ «խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» շոգեկառքով Սէուլ մեկնեցան եւ շաբաթավերջը Քորիայի զանազան եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ անցուցին։   Համաժողովի երկրորդ օրը, ընկերա–քաղաքական հարցերու յանձնախումբի աշխատանքներու ծիրին մէջ,…

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքը կը շարունակուի

Երկրորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական Հայագիտական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Արեւմտահայերէննի Խտացեալ դասընթացք, որուն պիտի մասնակցին քսան աշակերտներ:   Դասընթացքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ եւ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիսի կէսը, շաբաթը երեք օր: Դասընթացքը պիտի ընդգրկէ հետեւեալ նիւթերը.– լեզուագիտական գիտելիքներ, քերականութիւն, ուղղագրութիւն, մատենագրութիւն, Հայ մամուլ, Հայ գրականութիւն, հայերէնի եւ գրականութեան դասաւանդման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը

Հինգշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը գլխաւորութեամբ Տիար Մայք Խարապեանին: Աւելի քան ժամ մը տեւող խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեասն 100-ամեակին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու նախաձեռնութիւններ: Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ կուսակցութեան Կեդրոնական մարմինը կարեւորութեամբ շեշտեցին Ցեղասպանութեան 100-ամեակը միասնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Իրանեան պետական պատուիրակութիւն մը

Երէկ առաւօտ Իրանի պետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Վեհափառ Հայրապետին, նախապէս առնուած ժամադրութեան համաձայն: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութեան ու յատկապէս Իրանի հայութեան հետ աղերս ունեցող կարգ մր հարցերու քննարկումը:   Պատուիրակութիւնը յատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին դերակատարութեան, արաբական աշխարհէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն  նկատմամբ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համագումարին

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 10–րդ համաժողովը, եօթը տարին անգամ մը գումարուող, տեղի պիտի ունենայ Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորիա, Հոկտեմբեր 30–էն մինչեւ 10 Նոյեմբեր 2013:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ իննը պատգամաւորներէ եւ երկու երիտասարդ մասնակիցներէ.–   Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Իրան (Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմին)…

Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ ՙՁայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ե. Հատոր՚ը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ «ՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ե. ՀԱՏՈՐ»-ը, որ կը բովանդակէ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի, Ս. Ծննդեան ութօրէից եւ Տեառնընդառաջի կանոնները, ինչպէս նաեւ Ծննդեան ալէլուքները։   Եղանակներու նօթագրութիւնը նախորդ աշխատանքներուն հետեւողութեամբ կատարուած է, պահելով Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս երգուած աւանդական հարազատութիւնը։ Սոյն հատորին հրատարակութեան համար, համակարգիչի վրայ նօթագրութիւնը…

Հարցազրոյց Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի հետ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 10-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ   «Միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութիւնը Հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատին մատուցուած մեծ ծառայութիւն է»         ըսաւ Նարեկ Սրբազան   30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովը։ Համաժողովի նախօրեակին յարմար…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Զօր. Միշէլ Սլէյմանին:  Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Տիար Տիգրան Ճինպաշեան, Ատենապետ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ պետական նախարար Տիար Փանոս Մանճեան, Ատենապետ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան:  …

Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Անթիլիասի մէջ

Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ատենապետ՝ Յակոբ Տիգրանեան, Պետական երեսփոխան՝ Սեպուհ Գալփաքեան, Տոքթ. Եղիկ Ճէրճէեան, Տիար Շաւարշ Ակինեան եւ Տիար Ալեքսան Քէօշկէրեան:   Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ լայնօրէն քննարկելու Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ, եւ յատկապէս Հայոց…

Միօրեայ սեմինար Դպրեվանքի մէջ

Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2013-ին, կազակերպութեամբ Դպրեվանքի Տեսչութեան, «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ միօրեայ սեմինար մը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան Դպրեվանքի բարձրագոյն կարգի ուսանողները։   Սեմինարի առաջին նիւթն էր, Social Media-ի կարեւորութիւնը եւ անպատեհութիւնները ընկերային, երիտասարդական եւ մասնագիտական կեանքէն ներս։ Ներկայացման յաջորդեց աշխատանոց (workshop) մը, ուր դպրեվանեցիները ծանօթացան social media-ի տարբերակներուն։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձ եղաւ զարգացած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Թամամ Սալամ նշանակեալ Վարչապետին հետ

Շաբաթ գիշեր, 26 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնական ու մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նշանակեալ Վարչապետ՝ Թամամ Սալամի հետ։    Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան տեղական ու շրջանային հարցեր։ Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը երկար տարիներէ ի վեր մօտէն ծանօթ է նշանակեալ Վարչապետին։

Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը

«ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ՆԵՐՍ, ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է» ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Շաբաթ 26 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Մեթնի Ռապուէ շրջանին մէջ, Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը գումարուեցաւ, մասնակցութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։   Համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի Նախագահ՝ Միշէլ Սլէյմանը։ Պրն. Նախագահը համագումարի…

Հարցազրոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ Ալ-Մայատին հեռատեսիլի կայանէն

Կիրակի 27 Հոկտեմբեր 2013-ին, Պէյրութի ժամով երեկոյեան ժամը 9-ին (UTC/GMT երեկոյեան ժամը 7-ին), Ալ-Մայատին հեռատեսիլի կայանէն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ արաբերէն լեզուով հարցազրոյց պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:   Հարցազրոյցին առաջին կրկնութիւնը կարելի է դիտել Երկուշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 2-ին (UTC/GMT կէսօրուան ժամը 12-ին), իսկ երկրորդ կրկնութիւնը՝ Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 9-ին (UTC/GMT…

Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Լեւոն Անանեանի ՙԺամանակ ու Ոգի՚ հատորը

Սեպտեմբեր 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տպարանէն լոյս տեսաւ Լեւոն Անանեանի 480 էջերէ բաղկացած «Ժամանակ եւ ոգի» խորագրեալ հատորը։   Սոյն հատորը իր մէջ կը համախմբէ Անանեանի բազմաբնոյթ գրութիւնները՝ որպէս Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ եւ Հայ յանձնառու մտաւորական։ Հատորը իր ամբողջութեանը մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման յաջորդած տարիները՝ «իրենց պատմաքաղաքական, ազգային, մշակութային, գրական, ընկերային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի Հրատարակչատուներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը

Հինգշաբթի 24 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.  Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հրատարակչատուներու Համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը բաղկացած ութ անձերէ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի Մշակութային Նախարարութեան վարչութեան պետը, ինչպէս նաեւ՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանի եւ գրատան Տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան:   Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց հայ գիրքի տարածման գծով Հայաստանի հրատարակչատուներուն…

Պատմութիւն Անթէպի Հայոց

ԱՆթիլիասի Տպարանէն լոյս տեսաւ Յուշամատեաններու երրորդ եւ չորրորդ հատորները՝ «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» 2 հատորով։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբը Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Անթիլիասի Տպարանէն հերթականօրէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Երեքշաբթի 22 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետին եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան՝ Տէյվիտ Հէյլի միջեւ շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումներ կատարուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան, Սուրիոյ տագնապին, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիամգրաուած մարտահրաւէրներուն եւ ընդհանրապէս շրջանին կապուած հարցերու մասին։   Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ հարցերուն շուրջ պարզեց իր…

Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Երկուշաբթի 21 Հոկտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան՝ Տիար Աշոտ Քոչարեանը:   Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի Հայ համայնքին եւ Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ վերջերս Պրիւքսէլի մէջ Հայ Դատի Գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած համագումարը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ յիշեալ նախաձեռնութեան, որ…

Քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի 20 Հոկտեմբեր 2013, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն շրջանաւարտ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի քահանայացու՝ Բրշ. Մուրատ Սրկ. Չորպաճեան ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուեցաւ եւ օծուեցաւ, կոչուելով ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ։   Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Ս. Աթոռի Դրան Եպիսկոպոս՝ Գերշ. Տ. Նարեկ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումները Պրիւքսէլի մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պրիւքսէլ հրաւիրուած էր իր խօսքը ուղղելու Եւրոպայի Հայ համայնքներու Գ. Համագումարին եւ օտարներու մասնկացութեամբ տեղի ունեցած եւ Հայ Դատին նուիրուած համագումարին: Պրիւքսէլ իր կեցութեան երեք օրերու ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-   Պէլճիքայի ու Եւրոպական համայնքին մօտ Լիբանանի Դեսպանը ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ճաշկերոյթ մը տուաւ, որուն ներկայ եղան…

«Պէտք է համխմբուիլ մեր ազգի գերագոյն արժէքներուն եւ ընդհանրական մարտահրաւէրներուն շուրջ», Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իր խօսքը ուղղելով Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցող համագումարի պատուիրակներու ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կոչ ուղղեց «Հայ ժողովուրդի գերագոյն արժէքները ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները գերիվեր նկատելու լուսանցքային հարցերէ ու ներքին տարբերութիւններէ»: Ղարաբաղի Նախագահի ու Հայաստանի Ազգային Ժողովի Նախագահի ներկայութեան իր պատգամը փոխանցելով Համագումարի մասնակիցներուն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հայութիւնը ամէն բանէ վեր: Սա լոզունք չէ…

ՙԹուրքիան պէտք է վերադարձնէ հայոց եկեղեցիները իրենց իրաւատիրոջ՝ Հայ ժողովուրդին՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պրիւքսէյլի համագումարին

Իր խօսքը ուղղելով Պրիւքսէլի մէջ օտար մասնագէտներու ու քաղաքական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող Եւրոպայի Հայոց Գ. համագումարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց Թուրք պետութեան կողմէ գրաւուած Հայոց եկեղեցիները Հայ ժողովուրդին վերադարձնելու պահանջքը։ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «Հայ դատը սկսած է տարբեր մօտեցում, շեշտաւորում ու առաջնահերթութիւն ստանալ վերջին տարիներու ընթացքին»։ Ան յիշեց Միացեալ…

ՙՀատուցումը պէտք է դառնայ ազգային պահանջատիրութեան կիզակէտը՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իր պատգամը ուղղելով Եւրոպայի Հայ համայնքներու կազմակերպած Գ. համագումարին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց հատուցման առաջնահերթ կարեւորութիւն տալու հրամայականը՝ Հայ ժողովուրդի ազգային պահանջատիրական պայքարին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Տասնամեակներ շարունակ հսկայ դրամագլուխ, մարդոյժ ու ժամանակ տրամադրեցինք Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այս ծիրէն ներս եզակի նուաճումներ արձանագրեցինք, կարեւոր հանգրուաններէ անցանք, անհրաժաշտ է որ շարունակենք մեր աշխատանքը այս…

Դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի բացում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի Տեսչական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Կիրակի 13 Հոկտեմբեր 2013-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, որուն ընթացքին սաներ Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան։   Պատարագեց ու քարոզեց Դպրեվանքի նորանշանակ Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յուսիկ Վրդ. Մարտիրոսեան։ Տեսուչ Հայր Սուրբը քարոզին մէջ անդրադառնալով Սրբոց Թարգմանչաց սերունդին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր խօսքը պիտի ուղղէ Հայ Դատի նուիրուած Պրիւքսէլի համագումարին

Հոկտեմբեր 13-15 Պրիւքսէլի մէջ (ՊԷլճիքա) յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան երկու համագումարներ Հայ Դատի նուիրուած, կազմակերպութեամբ Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակին:   Առաջին համագումարին պիտի մասնակցին Եւրոպայի Հայ համայնքներու ներկայացուցիչները, իսկ երկրորդ համագումարին՝ Ցեղասպանութեան եւ միջազգային օրէնքի օտար մասնագէտներ:   Երկու համագումարներուն ալ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը պիտի ուղղէ:   Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանայ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը պատրաստուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի համաժողովին

Չորեքշաբթի 9 Հոկտեմբեր 2013, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, գումարուեցաւ միջ-եկեղեցական ժողով մը՝ առ ի պատրաստութիւն Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ, 30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր։                              Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր զանազան թեմերէն ժամանած…

Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեան ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Երկուշաբթի 7 Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ընտրեց Լիբանանի Հայոց Թեմի նոր Առաջնորդը:   Եռանուն նախընտրական ցանկէն որ հետեւեալ միաբաններէն.կը բաղկանար, Գերշ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան, փակ քուէարկութեամբ Գերշ. Տ. Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեանը ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանները

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Կիրակի 6 Հոկտեմբեր 2013–ի առաւօտեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Զարմինէ Քիւրտօղլեանները:   Տիար Միհրան Քիւրտօղլեան, եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սան։ Դպրեվանքի ուսումնական տարիներէն ետք շարունակած է իր կեանքը ազգային-կրթական ծառայական…

Հայ Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ Աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան

3-7 Հոկտեմբեր 2013 Լոնտոնի մէջ, գումարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուծաբանական պաշտօնական երկխօսութեան յանձնախումբի երկրորդ ժողովը:   Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:   Ժողովին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանի դեսպանը

Շաբաթ 5 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան՝ Ղատանֆար Ապատին։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան ու յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութեան, Սուրիոյ տագնապին եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի կացութեան, ինչպէս նաեւ իրանահայութեան առնչուած շարք մը հարցեր ու մարտահրաւէրներ։

Նախագահ Սարգսեան հիւրընկալեց Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը:   Նախագահը եւ երկու կաթողիկոսները անդրադարձան Սուրբ Էջմիածինի մէջ հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի ընթացքին տուած որոշումներուն, քննարկած արդիական հարցերուն, որոնք եկեղեցաբանական, ծիսական խնդիրներէն բացի, ներառած են նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան եւ մայր հայրենիքին առջեւ դրուած կարեւորագոյն հարցերը եւ…

Եպիսկոպոսաց ժողովը եզրափակեց իր աշխատանքները

24-27 Սեպտեմբեր Մայր Աթոռ Ս. Էջիմածինի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովի դիւանը Ուրբաթ օր տարածած հաղորդագրութեան մէջ ամփոփած է ժողովի աշխատանքները:   «24 Սեպտեմբերի նիստերուն եպիսկոպոսաց դասը քննարկեց Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ մէջ սրբադասման աւանդութեան վերականգնման հարցը եւ այդ շրջագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման խնդիրը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:   Զեկուցումներու քննարկման իբրեւ արդիւնք Հայոց…

Հաղորդագրութիւն

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իր աշխատանքը սկսաւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը   Սեպտեմբերի 24-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահությամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի և Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, սկսաւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը` մասնակցութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան և Մեծի Տանն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը Եպիսկոպոսաց ժողովին, 24-27 Սեպտեմբեր 2013, Ս. Էջմիածին

Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանը: Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք հայ եկեղեցւոյ Գերաշնորհ արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները, որոնք հաւաքուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հրաւէրով երկու Վեհափառ Հայրապետներուն, անոնց օրհնութեամբ ու ներկայութեամբ միասնաբար աղօթելու,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներ ողջունեցին զիրար Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ

24-27 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուելիք Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի բոլոր մասնակից Եպիսկոպոսները, Երկուշաբթի 23 Սեպտեմբերի գիշերուան ժամը 10-ին Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ հաւաքուած, Կանոնական Աղօթքի մասնակից դարձան, Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ, երբ ան Պէյրութէն ուղղակի թռչիքով ժամանեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:…

«Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը իւրաքանչիւր հայուն սրբազան պարտաւորութիւնն է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետ

«Հայաստանի անկախութեան ամրապնդումը իւրաքանչիւր հայուն սրբազան պարտաւորութիւնն է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՀԱՅՐԱՊԵՏ   Այսօր, Կիրակի 22 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք Հայաստանի անկախութեան 22-րդ տարեդարձին առիթով, հանդիսապետութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին։ Հանրապետական Մաղթանք նաեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը մեկնի Հայաստան

Երկուշաբթի երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը պիտի մեկնի Հայաստան: Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Երեքշաբթի 24 Սեպտեմբերէն Ուրբաթ 27 Սեպտեմբեր Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողով՝ հրաւէրով, օրհնութեամբ ու ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:                 Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանք պիտի վերադառնայ Ուրբաթ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի նախկին Նախագահ Էմին Ժըմայէլը

Երէկ երեկոյեան, Չորեքշաբթի 18 Սեպտեմբեր 2013-ին Պիքֆայայի Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նախկին Նախագահ Էմին Ժըմայէլի։   Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման նաեւ ներկայ էր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ՝ Պրն․ Յակոբ Բագրատունի։   Խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին առնչուող հարցեր, ու յատկապէս քրիստոնեայ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի նախկին Նախագահ Էմին Ժըմայէլը

Երէկ երեկոյեան, Չորեքշաբթի 18 Սեպտեմբեր 2013-ին Պիքֆայայի Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նախկին Նախագահ Էմին Ժըմայէլի։   Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման նաեւ ներկայ էր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ՝ Պրն․ Յակոբ Բագրատունի։   Խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին առնչուող հարցեր, ու յատկապէս քրիստոնեայ…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընկերային Ծառայութեան հանդիպումին

17-18 Սեպտեմբեր 2013, Պէյրութի մէջ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի «Ծառայութիւն եւ Ընկերային Արդարութիւն» Միաւորի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը՝ «21-րդ դարու ընկերային ծառայութեան աստուածաբանութիւնը» թեմայով։   Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան, Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան եւ Հոգշ. Տ. Վաչէ…

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պատմական Եպիսկոպոսաց Ժողովին Ընդառաջ

ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան   Երեքշաբթի 24 Սեպտեմբերէն Ուրբաթ 27 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողով պիտի գումարուի։ Ժողովին մասնակցելու հրաւիրուած են Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսները։   Այս առթիւ հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցանք Եպիսկոպոսաց ժողովի Նախապատրաստական Յանձնախումբի անդամ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի հետ։   Ազդակ.…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական Ժողովը կ’ողջունէ Հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը

Երկուշաբթի 16 Սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի նիստը։   Ժողովի ընթացքին, նախ վաւերացուեցաւ յառաջիկայ տարիներու Կրօնական Ժողովի աշխատանքի ուղեգիծը, ուր յատուկ կերպով կը շեշտուէր կրօնական դաստիարակութեան ու Կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց Բաժանմունքի աշխատանքները վերակազմակերպելու հրամայականը։ Բնականաբար յիշեալ ուղեգիծը նաեւ կ՛անդրադառնար…

Գեղարուեստական յայտագիր Դպրեվանքէն ներս

Շաբաթ 14 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Դպրեվանքի դաշնակի դասընթացքներու հետեւող վեց ուսանողներ, մէկ տարուան հետեւողական աշխատանքէ ետք, ելոյթ ունեցան Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահէն ներս։ Ելոյթին ներկայ էր նաեւ դաշնակի դասատու՝ Օրդ. Յասմիկ Գասպարեան։   Ելոյթին բացման խօսքը կատարեց Ա. Ընծայարանի ուսանող՝ Խաչիկ Առաքելեան։ Ան ամփոփ կէտերով ներկայացուց երաժշտութեան պատմութեան հոլովոյթը, տիեզերքի ստեղծագործութենէն մինչեւ այսօր։…

Անթիլիասի մէջ Ցեղասպանութեան Նահատակաց Յուշարձան-Մատրան շինարարութիւնները կը շարունակուին

Երկու ամիսներ առաջ Անթիլիասի, Պիքֆայայի եւ Ճըպէյլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ծիրէն ներս բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ սկիզբ առին։ Այս ծիրէն ներս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեռնարկած է նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Նահատակաց նուիրուած մատրան հիմնական վերանորոգութեան աշխատանքին: Երէկ, Ուրբաթ 13 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, Մայրավանքի շրջաբակին մէջ կատարուած աշխատանքներուն մօտէն հետեւեցաւ եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ՙՍ. Մեսրոպ Մաշտոց՚ շքանշանով պարգեւատրեց Գէորգ Պեպեճեանը

Ուրբաթ 13 Սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց լիբանանահայ դասական երգերու անուանի մենակատար՝ Գէորգ Պեպեճեանը:   Սոյն ձեռնարկի ընթացքին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Պրն. Գէորգ Պեպեճեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, մեկնաբանեց հայկական, ժողովրդային, հոգեւոր եւ միջազգային դասական փունջ մը երգեր:   Ձեռնարկի աւարտին  Նորին Սրբութիւնը խօսք…

ՀԵՀՈՄ-ի վարչութիւնը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Հինգշաբթի 12 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀԵՀՈՄ-ի Վարչութեան։   Վարչութիւնը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետին իր ունեցած յառաջիկայ ծրագիրներու մասին։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Վարչութեան աշխատանքները ու մշակած նոր ծրագիրները, շեշտեց Համալսարանական Հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները համախմբող այս միութեան կարեւոր դերը մեր ժողովուրդին ու յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքէն ներս։   Վեհափառը յիշեցուց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Չորեքշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պիքֆայայի վանքին մէջ:                 ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տիար Յարութ Երկանեանը, որուն մաս կը կազմէին Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանն ու Տիար Սեւակ Յակոբեանը:                 Աւելի քան ժամ մը տեւող…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն

8-11 Սեպտեմբեր 2013-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովի «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ» բաժնի ատենապետներուն ժողովը։             Ժողովին մասնակցեցաւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ եւ «Միութեան հրաւէր – միջ-եկեղեցական նոր արտայայտութիւններ» խօսակցութեան Ատենապետ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։             21 «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ»-ու ատենապետներ լիակատար նիստերով եւ խմբական հանդիպումներով մշակեցին համաժողովի այս կարեւոր բնագաւառը ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպանը

Չորեքշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտ–էլ–Քարիմ Ալիի: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Բագրատունի:   Հանդիպման ընթացքին Սուրիոյ դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Սուրիոյ ներքին ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ գծով վերջին զարգացումները՝ միջազգային մակարդակի վրայ: Ան շեշտեց որ…

Իրանի դեսպանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կը պարզէ իր երկրին կեցուածքը Սուրիոյ գծով

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիին: Դեսպանին կ’ընկերանար դեսպանատան քաղաքական բաժանմունքի պատասխանատուն: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պարզել ընդհանրապէս Սուրիոյ տագնապին եւ յատկապէս վերջին օրերուն արագ զարգացում ստացած ամերիկեան զոնուորական միջամտութեան գծով Իրանի տեսակէտը:   Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին դեսպանը ընդհանուր ակնարկ…

Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահութեան, յարգարժան անդամներուն եւ բոլոր հայ գրողներուն

5 Սեպտեմբեր 2013   Սգահար հայ գրողներ,   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական խորազգած զգացումներով կը միանանք ձեզի՝ բաժնելով սուգը մեր Սուրբ Աթոռի մեծ բարեկամ, Հայաստանի Գրողներու Միութեան ժրաջան նախագահ, բազմավաստակ գրող եւ գրական ու մշակութային նուիրեալ գործիչ Պրն. Լեւոն Անանեանի:   Լեւոն Անանեանի վաղաժամ մահով խոր վիհ մը բացուեցաւ ժամանակակից հայ գրականութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը Ամմանի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպումին, 3-4 Սեպտեմբեր 2013

Սեպտեմբեր 3-4-ին, Ամմանի մէջ տեղի կ’ունենայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպում մը՝ հրաւէրովը Յորդանանի Ապտալլահ Բ. Թագաւորին: Սոյն հանդիպման նպատակն է քննարկել Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքները դիմագրաւող մարտահրաւէրները:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձնապէս հրաւիրուած էր Թագաւորին կողմէ ներկայ գտնուելու յիշեալ հանդիպման. սակայն, Վեհափառ Հայրապետը յարմար նկատեց, որ Սուրբ Աթոռի երկու երէց միաբաններ,…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը վերանորոգ նուիրումով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը որպէս սիրտը Ս. Աթոռին առաքելութեան ու ծառայութեան, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ ու առաջնորդութեամբ վերանորոգ յանձնառութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը թէ՛ Անթիլիասի Մայրավանքէն եւ թէ թեմերէն ներս:   Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Վեհափառ Հայրապետը վերջին օրերուն շարք մը վանական նոր պաշտօններու նշանակումներ կատարեց միաբան հայրերու ծառայութեան նոր աշխուժութիւն տալու հեռանկարով:   —              Գերշ.…

Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի հանդիպում Ս. Էջմիածնի մէջ

28-29 Օգոստոս 2013-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, գումարուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի նախապատրաստական յանձնախումբի ժողովը։                 Ժողովին մասնակցեցան նախապատրաստական յանձնախումբի անդամներ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան եւ Գերշ.…

Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հ.Կ.Բ.Մ.-ի նորընտիր Վարչութիւնը եւ Հայկազեան Համալսարանի Նախագահը

Չորեքշաբթի 28 Օգոստոս 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կրթական եւ Բարեգործական Միութեան նորընտիր Վարչութեան, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Արամ Մալեանին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ պետական Երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան:   Յանձնախումբը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը միութեան պատկանող բարեսիրական ու կրթական կառոյցներու գործունէութեան ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու կարիքներուն մասին: Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն.Ս. Րաաի Պատրիարքին միջեւ հանդիպում

Ուրբաթ 23 Օգոստոս 2013-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին եւ Նորին Սրբութիւն Րաաի Պատրիարքին միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի Միջ-Եկեղեցական Յարաբերուեթան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Րաաի Պատրիարքի կողքին՝ նախկին Պատրիարք Ն. Սֆէյր եւ Պատրիրարքին երկու օգնական եպիսկոպոսները։   Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ ներքին կացութեան եւ Միջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն

Հինգշաբթի 22 Օգոստոս առաւօտեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Լիբանանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կոմիտէն ներկայցնող պատուիրակութիւնը մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Յակոբ Խաչերեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ, պետական Հայ երեսփոխան՝ Յակոբ Բագրատունին։   Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել վերջին երկու օրերուն, Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին, Վարչապետին եւ Խորհրդարանի Նախագահին հետ Կեդրոնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Խորհրդարանի Նախագահին ներկայացուցիչները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ   Հինգշաբթի 22 Օգոստոս 2013-ին, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ՝ Նապիհ Պըրիի ներկայացուցիչները։ Հանդիպումին նրեկայ էր նաեւ, Լիբանանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Տիալօկի յանձնախումբի Հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Պրն. Ժան Սալմանեան։   Պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն էր նախ Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրել յառաջիկայ շաբաթ…

Շնորհակալագիր

ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆԷՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ՀԵՌԱԳԻՐ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիաս   Սիրալիր բարեւներ,   Խոր շնորհակալութեամբ ստացանք Ձեր ազնիւ շնորհաւորական գիրը մեր ընտրութեան առիթով, որպէս Քաթարի Իշխան։ Ձեզի կը յայտնենք մեր խոր յարգանքն ու անկեղծ զգացումները, եւ կը մաղթենք Ձեզի քաջառողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն։   Թամիմ Պըն Համատ Ալ…

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը

Ս. ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ   «Ս. Աստուածածինը պէտք է մնայ մայրութեան յաւիտենական տիպար» Պատգամեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Շաբաթ 17 Օգոստոս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջաբակին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։  …

Պիքֆայայի վանքին մէջ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նուիրուած դասախօսական շարք

Ամէն տարուայ սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, Պիքֆայայի Վանքին մէջ Ս. Աստուածածինի նուիրուած դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ: Դասախօսութեանց մասնակցեցան շուրջ 200 տիկիններ:   Արդարեւ, Երկուշաբթի 12 Օգոստոս 2013-ին սկիզբ առած դասախօսական շարքը, իր աւարտին հասաւ Ուրբաթ 16 Օգոստոս 2013-ին, երբ դասախօսութիւններուն մասնակից հաւատացեալները Պիքֆայայի Վանքի Դահլիճ բարձրանալով,…

ՙՀարցեր եւ Հայեցակէտներ՚ (Issues and Perspectives) — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մի քանի օրեր առաջ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ 242 էջերէ բաղկացած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անգլերէն գիրքը «Հարցեր եւ Հայեցակէտներ» (Issues and Perspectives).   Սոյն հատորը կը բաղկանայ զանազան առիթներերով Վեհափառ Հայրապետին տուած դասախօսութիւններէն ու գրութիւններէն, որոնք կը շօշափեն աստուածաբանական, կրօնագիտական, մշակութային ու միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցեր ու նիւթեր: Հատորին մէջ յատկապէս կարեւոր տեղ կը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց նախկին Նախագահ Էմին Ժեմայէլը

Այս առաւօտ, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին Նախագահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Էմին Ժեմայէլը:   Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ մը եղաւ տեսակէտներու փոխանակման Միջին Արեւելքը ու Լիբանանը յուզող հարցերու գծով: Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձաւ մանաւանդ Սուրիոյ կացութիւնը ու քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով գրութիւններ

ՅՈՅՍԻ ԲԱՐՁՐՈՒՆՔԸ   1952 թուականը Սփիւռքահայ տարրին համար նոր էջ մը բացաւ։ Էջ մը, որուն վրայ արձանագրուած կոյս տողերուն օրհնութիւնը հանդիսացաւ Աստուածածնայ ուխտագնացութեան օրհնաբեր ու Վերածնունդի յոյսի լոյսով լեցուն Սուրբ աւանդութիւնը։ Աստուածածնայ Մատռան հիմնադրումին յաջորդող այս Աստուածահաճոյ սովորութիւնը Սփիւռքահայութեան համար վերածուեցաւ ամենավսեմ տօնախմբութիւններէն միոյն, ուր իւրաքանչիւր հայ իր հոգիին պարտականութիւնը համարեց այս Սուրբ օրով անգամ…

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արք. Անթիլիասի մէջ

Հինգշաբթի 8 Օգոստոս 2013-ի առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին:   Անձնական այցելութեան բնոյթ կրող սոյն հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայ Եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին առնչուած հարցեր:   Ապա Սրբազան Պատրիարքը ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին:    

Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան ժամանակացոյց

ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԵՒ ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ   Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնը եւ կատարուի Պիք‎ֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին ուխտագնացութիւնը։   Այս առիթով, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը ներկայացնենք Ուխտի Օրուան ժամանակացոյցը.-   Ուրբաթ 16 Օգոստոս *              Աջահամբոյր, առաւօտեան ժամը 10.45-ին: *               Աղի օրհնութիւն եւ ոչխարներու…

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Աղօթքի Շաբաթ Պիքֆայայի մատրան մէջ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ   Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 12-16 Օգոստոս 2013-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ, քարոզախօսութիւն, շարականի երգեցողութիւն եւ սաղմոսերգութիւն, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով:   Կը հրաւիրենք մեր…

Մանուկներու շրթներէն հնչող հայկական երգարուեստի մթնոլորտին մէջ, փոքրիկն Միսաք Ազատեան դարձաւ «Աստղ Երգիչ 3»

Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, երէկ` ուրբաթ, 2 օգոստոս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աստղ երգիչ 3» մրցումի աւարտական ելոյթը:   Ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններու, արուեստագէտներու, ծնողներու եւ խուռներամ բազմութեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը ապրեցաւ բացառիկ երեկոյ մը:   Արամ Ա.…

Անթիլիասի Դպրեվանքը

Դպրեվանքը իր մարդակերտումի գործընթացին մէջ վերջին մի քանի տարիներուն, նուաճումէ նուաճում կը բարձրանայ եւ գործնականապէս կը շարունակէ Սփիւռքի գոյատեւման իր լուման ձգել հայապահպանման գանձանանկին մէջ։ Առ այդ, ուսումնական-կրթական 2012-2013 տարեշրջանը յաջողութեամբ աւարտելով, Դպրեվանքը տուաւ իր հունձքը՝ դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ, երեք աբեղաներ եւ մէկ քահանայացու։   Ամառնային շրջանին, տարիներու սովորութեան համաձայն, Դպրեվանքի ընծայարանական բաժինի սարկաւագներն ու…

Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ Յուշամատեաններու Երկրորդ Հատորը՝ «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի»

Ինչպէս յայտնի է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբն ու հետեւողութեամբը Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները։   Արդարեւ, Յուշամատեաններու շարքին առաջինն…

Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ Ցեղասպանութեան թանգարանի աշխատանքները կը շարունակուին

Հինգշաբթի 25 Յուլիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ճըպէյլի Թռչնոց Բոյնի շրջափակին մէջ կառուցման ընթացքին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան թանգարանը։ Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճարտարապետներու յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն Յակոբ Շամլեան, Յակոբ Աթէշեան, Վահէ Գալինճեան եւ Վազգէն Չէքիճեան։ Ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութեան Թանգարանի երկու ճարտարապետները՝ Ռաֆֆի եւ Վիգէն Թարխանեաններ։   Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գնահատէ Ազգային Ծերանոցին ծառայութիւնը

Երկուշաբթի 22 Յուլիս 2013-ի առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոցի Տնօրէն՝ Պատուելի Սեպուհ Թերզեանը։ Պատուելին Վեհափառ Հայրապետին լայնօրէն զեկուցեց Ազգային Ծերանոցին կատարած աշխատանքները, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու յատկապէս յառաջիկայի ծրագիրները։ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ իմացաւ թէ Ծերանոցը վերակազամկերպումի ու իր ծառայութիւնը աւելի ծաւալելու աշխատանքին լծուած է, նախաձեռնութեամբ Խնամակալութեան, Տնօրէնութեան ու Տիկնաց…