Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Պիքֆայայի վանքի Ուխտի Օրուան առիթով, շաբթուան մը վրայ երկարող դասախօսական շարքը, աղօթաբոյր մթնոլորտի մէջ, իր աւարտին հասաւ Ուրբաթ, 15 Օգոստոս, 2014-ին: Դասախօսական շարքը, որուն ամէնօրեայ դրութեամբ մասնակից դարձան առաւել քան երկու հարիւր հաւատացեալներ, տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին մատրան մէջ: Դասախօսութիւններու շարքը կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ, ընդհանուր նիւթ ունենալով՝ «Աստուածամայրը՝ Օրինակ Հայ Մօր Կեանքին»: Դասախօսութիւնները ներկայացուցին միաբան հայրերը:
Ապա, մատաղի պատրաստութեան համար կատարուեցաւ աղի օրհնութիւնը, որպէսզի հաւատացեալներուն ուխտի ընծաները նուիրագործուին աղօթքին բառերով. «Ինչ բանի որ խառնուի աղը, հաճելի եւ ընդունելի ըլլայ Քեզի, եւ մեզ մաքրէ՝ հոգիի ու մարմնի առողջութիւն տալով»: Աղի օրհնութենէն ետք, կատարուեցաւ ոչխարներու զենումը եւ Մայր Տաճարի Տիկնանց Միութեան անդամներուն ու կամաւորներու օժանդակութեամբ սկսան մատաղի պատրաստութեան աշխատանքները:
Վերջապէս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, ընդունեց հաւատացեալներն ու ուխտաւորները, որոնք լսելէ ետք Նորին Սրբութեան պատգամը, աջահամբոյր կատարելով ստացան Հայրապետական օրհնութիւն: