3 Հոկտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԼԱՊԱՐ ՀՆԴԻԿ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հնդիկ Մալապար Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Պասիլիոս Մարթոմա Բաուլոս Բ. Կաթողոկոսին եւ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց պատասխանատուն՝ Աբրահամ Վրդ. Թովմասը:

Թովմաս Վարդապետը Պասիլիոս Կաթողիկոսին կողմէ նամակ մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին: Յայտնենք, որ նամակին մէջ Մալապար Եկեղեցւոյ պետը նախ կը փոխանցէ իր եղբայրական սէրը եւ կը գնահատէ Արամ Ա. Կաթողիկոսին յստակ կեցուածքն ու առողջ տեսակէտները՝ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութեանց առնչութեամբ: Ապա, Բաուլոս Կաթողիկոս կ’առաջարկէ Նորին Սրբութեան, որ իր ունեցած տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ՝ օգտակար հանդիսանայ Հնդիկ եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ առկայ տագնապին բարւօք լուծման:

Վեհափառ Հայրապետին հետ կարճատեւ հանդիպումէն ետք, Թովմաս Վարդապետ եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան տեսակցութիւն մը ունեցան: Անոնք արծարծեցին երկու եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան սերտացման, աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ միաբան հայրերու փոխադարձ այցելութեանց, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Ուղղափառ-Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ-Անկլիգան եկեղեցիներու երկխօսութեանց առնչուող հարցեր:

More News