Հարցումներ աղօթքի մասին
7) Ոմանք կ’ըսեն. «Աղօթքի պահուն Յիսուսի արիւնով մենք համարձակութիւնը ունինք Աստուծոյ գահին մօտենալու, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքին մէջ ունինք որոշ յանցանքներ եւ չխոստովանուած մեղքեր»: Ճի՞շդ է այս հաստատումը: Նախ ըսեմ, թէ անոնք որոնք այս խօսքը կ’ըսեն, հաւանաբար իբրեւ հիմ նկատի ունին Եբրայեցիս 4.16, 10.19, Եփեսացիս 3.12, եւ Ա.Յովհաննէս 3.19-22 համարները: Ամէն բանէ առաջ պէտք…