«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԱՐԻՒՆԸ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի, 23 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Տիար Յակոբ Հանտեանի: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին բաժանմունքի նախկին վարիչ Ղեւոնդ Վրդ. Բենթէզեան եւ նորանշանակ վարիչ Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեան:

 

Բաժանմունքի պատասխանատուները Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին անցնող ամիսներու ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքին մասին: Նորին Սրբութիւնը ուրախութեամբ իմացաւ, որ յանձնախումբը իր շուրջ կը համախմբէ զանազան տարիքի ու հետաքրքրութեան տէր 50 երիտասարդներ: Յանձնախումբը երկխօսութիւն ունեցած է երիտասարդներուն հետ, յատկապէս լսած ու տեղեակ դարձած է եկեղեցիէն անոնց սպասումներուն: Յառաջիկայ շաբաթներուն յանձնախումբը դարձեալ հանդիպում մը պիտի ունենայ նոյն խմբակին հետ, ապա պիտի պատրաստէ հարցախոյզ մը՝ ճշդելով իր յառաջիկայ քայլերն ու ծրագիրները:

 

Կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքին նպատակն է Լիբանանի երիտասարդութեան մօտ կատարուած յիշեալ հարցախոյզի փորձարկումէն ետք, որոշ պատշաճեցումներով զայն նաեւ թելադրել այլ թեմերու, առ ի գործադրութիւն:

 

Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց երիտասարդութեան հետ խօսելու եւ անոնց կարիքներուն, սպասումներուն ու մտահոգութիւններուն մօտէն տեղեակ դառնալու հրամայականը: Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ երիտասարդութիւնը կը կազմէ արիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Հարկ է երիտասարդները ներառել մեր կեանքին մէջ, զանոնք դարձնելով մասնակից մեր ապրումներուն, մեր տագնապներուն եւ մեր ծրագիրներուն: Անոնք լսողի ու հետեւողի դերին մէջ պէտք չէ ըլլան, այլ՝ մասնակցողի:

 

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ ինք պատրաստ է ամէն իմաստով զօրակից կանգնելու՝ մեր երիտասարդները մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, մեր արժէքներուն ու աւանդութիւններուն շուրջ համախմբելու ձգտող բոլոր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն: