“ՀԵՌՈՒ ԻՐ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ՝ ԱԶԳ ՄԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵՆԷՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ներկայ տարեշրջանի Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը հասաւ իր աւարտին։ Երեքշաբթի, 17 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Գրոց սերտողութեան եզրափակիչ հանդիպումին, եւ իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։

 

Վեհափառ Հայրապետ իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ հաստատումով “իր աւանդութիւններէն հեռացող ազգ մը կը հեռանայ իր ինքնութենէն”։ Վեհափառը նախ բացատրեց աւանդութիւն բառը, ըսելով, թէ “աւանդութիւնը սովորութիւններու ամբողջութիւն մը չէ եւ ոչ ալ մեր առօրեայ կեանքին մաս կազմող ընթացիկ երեւոյթ մը, բարք մը կամ կենցաղակերպ մը։ Այս մօտեցումը աւանդութեան սխալ հասկացողութիւնն է։ Աւանդութիւնը իր հարազատ ըմբռնումով, արժէքներու ու իտէալներու ամբողջութիւն է։ Ահա թէ ինչու Առաքեալը կոչ կ՛ուղղէ նորադարձ քրիստոնեաներուն, ըսելով՝ հաստատուն մնացէք եւ ամուր պահեցէք աւանդութիւնները (2 Թեսղ. 2. 15)։ Առաքեալը կ՛անդրադառնայ քրիստոնէական հաւատքին առնչուած արժէքներուն ու բարոյական սկզբունքներու, որոնք կ՛երաշխաւորեն քրիստոնեային ինքնութիւնը”։

 

Ապա Վեհափառը ըսաւ, թէ “քրիստոնէական ինքնութիւնը կ՛արտայայտուի զանազան մշակոյթներու ու ազգութիւններու ճամբով, ստանալով տուեալ մշակոյթին ու ազգին իւրայատկութիւնները։ Այս խօսքով՝ քրիստոնէական ու ազգային արժէքները, սկզբունքները ու իտէալները կը կազմեն ազգի մը իւրայատուկ աւանդութիւնները”։

 

Մեկնելով այս իրողութենէն, Վեհափառը յիշեցուց թէ “այս ընթացքը ստացած է նաեւ մեր ազգի ինքնութեան կազմաւորումը։ Երբ առաքեալներու ճամբով քրիստոնէութիւնը թափանցեց մեր կեանքէն ներս, ան հետզհետէ ստացաւ ազգային նկարագիր։ Քրիստոնէական ու ազգային աւանդութիւնները իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուելով կազմաւորեցին մեր ինքնութիւնը եւ այդ ինքնութենէն յառաջացան մեր աւանդութիւնները”։

 

Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտելէ յետոյ մեր ինքնութիւնը առողջ պահպանող աւանդութիւններու, սկզբունքներու ու իտէալներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը, լայնօրէն անդրադարձաւ այն երեք կառոյցներու մասին, որոնց ճամբով կարելի է մեր ազգին ինքնութիւնը կերտել ու պաշտպանել.-

 

ա- Հայ ընտանիքը։ “Մեր ժողովուրդին համար հայ ընտանիքը սրբազան կառոյց է. ան այր ու կնոջ միասին ապրիլը չէ, այլ՝ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու վրայ բարձրացած կառոյց մըն է հայ ընտանիքը։ Հո՛ն է որ մենք կը ստանանք մեր կրօնական, բարոյական ու ազգային դաստիարակութիւնը”։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը խստիւ դատապարտեց երկու երեւոյթ, որոնք սկսած են վերածուիլ բնական ընթացքի մը՝ խառն ամուսնութիւն ու օտար դպրոցի ներկայութիւն հայ կեանքէն ներս”։

 

բ- Հայ եկեղեցին։ “Մեր աւանդութիւններու պահպանման ու ինքնութեան կազմաւորման աղբիւրը ու միջնաբերդը հայ եկեղեցին եղած է ու կը մնայ։ Հետեւաբար, հայապահպանման գծով կարեւոր դերակատարութեան է կոչուած մեր եկեղեցին։ Ան իր այս կոչումը պէտք է աւելի շեշտէ մանաւանդ սփիւռքի ապահայացնող պայմաններուն մէջ”, ըսաւ Վեհափառը։

 

գ- Հայ դպրոցը։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց որ “հայ դպրոցը սովորական իմաստով գիտելիքներ չի փոխանցեր հայ աշակերտին, այլ մեր քրիստոնէական հաւատքը, ազգային ոգին ու մեր բարոյական ու ազգային աւանդութիւնները։ Ահա թէ ինչու մեր դպրոցին առաքելութիւնը միշտ բնորոշուած է որպէս հայակերտում։ Այս երեք կառոյցներու առողջ պահպանումով մեր աւանդութիւնները պիտի մնան առողջ ու անոնց ճամբով՝ մեր ինքնութիւնը”։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր հայրապետական պատգամը եզրափակեց վերաշեշտելով մեր աւանդութիւններուն ու ինքնութեան ամուր կառչելու հրամայականը ու այդ գծով հայ ծնողներուն դերը։

 

Յայտնենք որ շուրջ հարիւրյիսուն տիկիններ այս տարի մասնակից դարձան Սուրբ Գրոց սերտողութեան: