Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Յունաստանի հիւսիսային Գոմոթինի քաղաքին մէջ, Ն.Ս. Բարթողիմէոս Տիեզերական Պատրիարքին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին միջեւ պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ:
Կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետին իջեւանած պանդոկին մէջ, երկու հոգեւոր պետերը, շրջանի նահանգապետին ճաշի հիւրը եղան: Յետմիջօրէին, Տիեզերական Պատրիարքը եւ Վեհափառ Հայրապետը առանձին հանդիպում մը ունեցան: Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան, միջ-եկեղեցական շարժումին ու յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ զանազան այլ հարցեր: Յայտնենք, որ Տիեզերական Պատրիարքը եւ Վեհափառ Հայրապետը, այս օրերուն հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուին Յունաստանի հիւսիսային շրջանէն ներս: Երկու հոգեւոր պետերը առաւել քան քառասունտարիներու ծանօթութիւն ունին եւ գործակցած են Ե.Հ.Խ.էն ու միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս:
Երեկոյեան, երկու հոգեւոր պետերը միասնաբար այցելեցին Գոմոթինիի հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մուտքին անոնք ջերմօրէն դիմաւորուեցան հայ եւ յոյն հաւատացեալներու հսկայ բազմութեան կողմէ: Ներկայ էին պետական, կրօնական եւ զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Գոհաբանական արարողութիւն: Խօսք առնելով Յունաստանի Թեմի Առաջնորդը ողջունեց Տիեզերական Պատրիարքին ու Վեհափառ Հայրապետին միատեղ օրհնաբեր այցելութիւնը: Յաջորդաբար խօսք արին նաեւ եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Ստեփան Մատթէոսեան եւ Յունաստանի Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Արա Մանկոյեան:
Ապա, խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական ջերմ սիրով ողջունեց Տիեզերական Պատրիարքին ներկայութիւնը, յիշելով իրենց երկար տարիներու սերտ գործակցութիւնը: Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին, կարեւորութեամբ ընդգծեց միջ-կրօնական ու միջ-եկեղեցական գործակցութեան հրամայականը:
Պատասխանելով Վեհափառ Հայրապետին խօսքին, Բարթողիմէոս Պատրիարքը իր կարգին, նախ յիշեց այն առանցքային դերը, որ Վեհափառ Հայրապետը կատարած է Ե.Հ.Խ.էն ներս, որպէս առաջին ուղղափառ եւ ամենաերիտասարդ ատենապետը, եւ աննախընթաց կերպով երկու շրջաններու համար ընտրուած: Ան Արամ Ա. Կաթողիկոսը բնորոշեց որպէս հմուտ աստուածաբան եւ ներկայ ժամանակներու հարցերը ճիշդ կերպով ըմբռնող ու վերլուծող մտաւորական. այս ուղղութեամբ, նաեւ յիշելով որոշ դէպքեր ու երեւոյթներ, Վեհափառ Հայրապետին ունեցած հեղինակութիւնը ու դերակատարութիւնը ցոյց տուող միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս:
Տիեզերական Պատրիարքը նաեւ խօսեցաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու պատմական գործակցութեան մասին: Ան յիշեց թէ այսօր եւս նոյն գործակցութիւնը գոյութիւն ունի՝ հակառակ առկայ աստուածաբանական տարբերութիւններուն: Այս ծիրէն ներս ան շեշտեց աստուածաբանական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ սկսած է շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր: Տիեզերական Պատրիարքը իր խօսքը եզրակացուց գնահատելով հայ ժողովուրդի ունեցած հաւատքի տոկունութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը ու ամբողջական յաջողութիւնը փոխանցեց Նորին Սրբութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքի այս տագնապալից օրերուն:
Ապա, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ:
Տիեզերական Պատրիարքի մեկնումէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Յետոյ, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Հիւսիսային շրջանի հինգ գաղութներու՝ Գավալայի, Քսանթիի, Գոմոթինիի, Ալեքսանտրուպոլսոյ, Տիտիմիոթիխօյի եւ Օրէստիատայի թաղական խորհուրդներու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն եւ բարձրօրէն գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք կ’աշխատին մեր ազգային արժէքներու պահպանման ու եկեղեցական կեանքի պայծառակերպման համար: