Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔՈՆԿՐԷՍԻ ՄԵԾԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՔԷՎԸՆ ՄՔԱՐԹԻԻ ՀԵՏ
Ուրբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակը, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի՝ Առաջնորդ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի: Ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը, կեդրոնատեղիի աշխատակազմի ղեկավարը՝ ՏիարԱրամ…