Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբով ու Թեսաղոնիկէի հայ գաղութի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելութիւն տուաւ Թեսաղոնիկէի նահանգապետ՝ Տիար Աբոստոլոս Ծիծիքոսթասի:

 

            Նահանգապետը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ պատմական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական բնագաւառներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին Յունաստանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ այսօրուան աշխարհին ու յատկապէս Եւրոպական Միութեան մէջ Յունաստանի իւրայատուկ ներդրումին՝ իբր արեւելքը արեւմուտքին կապող կամուրջ:

 

Կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Անաթոլիա Ամերիկեան Գոլէճ: Ան դիմաւորուեցաւ գոլէճի նախագահ Տիար Փանոս Վլախոսի եւ պատասխանատուներու կողմէ: Տիար Վլախոս անհուն գոհունակութիւնը արտայայտեց այս այցելութեան համար եւ նշեց Անաթոլիա Գոլէճին կապը 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերուն հետ: Ան ըսաւ, հայ որբերուն հետ ունեցած մեր պատմութիւնը, մեզ կը կապէ անցեալին եւ մղում կու տայ այս հաստատութեան շարունակելու իր առաքելութիւնը:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան ու որբերու յիշատակին հետ սերտօրէն շաղախուած Անաթոլիա Գոլէճին մէջ: Յուզումով իմացայ այս գոլէճին եւ մանաւանդ ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր որբերուն նկատմամբ այս հաստատութեան ցուցաբերած հոգատարութեան մասին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ շեշտեց, որ պէտք չէ մոռնալ ամերիկեան, զուիցերիական ու դանիական եկեղեցիներու եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու հազարաւոր հայ որբերու նկատմամբ կատարած մարդասիրական գործը: Վեհափառ Հայրպետը այս առիթով յայտնեց, որ  որբերու նուիրուած թանգարան մը շինութեան ընթացքի մէջ է «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ: Ապա, գոլէճի պատասխանատուները Նորին Սրբութեան ցոյց տուին իրենց գրադարանին մէջ գտնուող հայկական ձեռագիր մը, ինչպէս նաեւ գոլէճի պատմութեան եւ հայ որբերու հետ առնչութիւն ունեցող լուսանկարներ:

 

Յետմիջօրէին, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց հիւսիսային Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարար Տիար Եօրղոս Օրֆանոսի: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային ՅունաստանիՀայոցԹեմիԱռաջնորդ՝Գերշ. Տ. ԽորէնԱրք. Տողրամաճեան, ԿաթողիկոսարանիՄիջ-եկեղեցականՅարաբերութեանցվարիչԳերպ. Տ. ՅուսիկԾ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Հոգշ. Տ. ՍմբատԱբղ. Սապունճեան՝գաւազանակիր, ԱզգայինԻշխանութեանատենապետՏիարԱրաՄանկոյեան եւ Թեսաղոնիկէի հայ գաղութի ներկայացուցիչները:Նախարարը ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ ըսաւ, որ Տիեզերական Պատրիարքէն իմացած է իրենց բարեկամութեան ու Նորին Սրբութեան միջ-եկեղեցական գործունէութեան մասին: Նախարարը խօսեցաւ Յունաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցերու շուրջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ յունահայ գաղութին մասին եւ իր խոր գնահատանքը յայտնեց:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին գնահատեց նախարարին ցուցաբերած զօրակցութիւնը, յատկապէս Յունաստանի հիւսիսային քաղաքներուն մէջ հաստատուած հայ գաղութներուն գծով: Ապա, ընդառաջելով նախարարի փափաքին, ան իր տեսակէտը պարզեց Միջին Արեւելքէն ներս վերջին շրջանի զարգացումներուն մասին:

 

Երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք: Ներկայ էին ԹեսաղոնիկէիԱնթիմոսՄետրոպոլիտը, հիւսիսային Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ նախարար Տիար Եօրղոս Օրֆանոսը, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ հայ գաղութի ներկայացուցիչներ: Ընթրիքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Վարդգէս Գունտաքճեան եւ Յունաստանի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Արամ Մանկոյեան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով, կարեւորութեամբ շեշտեց պետական պատասխանատուներուն դրական արժեւորումը Յունաստանի հայ գաղութին կապուածութեան: Ան ըսաւ, մեր ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն գործակցութիւնը միայն Սելանիկի մէջ չէ, այլ՝ ամենուրէք, ուր որ հայեր եւ յոյներ կը հանդիպին իրարու, անոնք համերաշխօրէն կ’աշխատակցին ի խնդիր մեր երկու ժողովուրդներու երազներու իրականացման եւ արդարութեան տիրացման:

 

Նշենք, որ Ուրբաթ 26 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Թեսաղոնիկէէն մեկնեցաւՔսանթի եւ Գավալա քաղաքները, այցելելու տեղւոյն հայկական գաղութները: