Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Աթէնքի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ՝ Տիար Անտոնիս Սամարասին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արք. Երոնիմոս Բ.-ը, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Ազգային Իշխանութեան անդամներ եւ վարչապետին խորհրդականները:
Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սամարասին, հայ ժողովուրդին ու անոր արդար դատին նեցուկ կանգնելուն համար: Նշենք, որ վարչապետը 1996 թուականին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի օրինագիծը ներկայացուցած էր խորհրդարան, որ նոյն տարին ընդունուած էր խորհրդարանին կողմէ. նոյնպէս յառաջիկայ օրերուն Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող, ինչպէս նաեւ հայ համայնքին իրաւական ճանաչում տալու օրէնքներու վաւերացման մէջ բանալի դերակատարութիւն ունեցած է: Ապա, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց վարչապետը, որ կրցաւ Յունաստանը առաջնորդել դէպի տնտեսական վերականգնում:
Ընդառաջելով վարչապետին փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ, 9-11 Սեպտեմբեր 2014-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած միջազգային համագումարին եւ Ա.Մ. Նահանգներու նախագահ՝ Օպամայի հետ իր ունեցած հանդիպումին: Նորին Սրբութիւնը իր տեսակէտները պարզեց Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին ու վերիվայրումներուն մասին: Վարչապետ Սամարասը լիովին բաժնեց Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւններն ու տեսակէտները:
Աւելի քան ժամ մը տեւող շտերմիկ հանդիպումին աւարտին վարչապետը յուշանուէր մը յանձնեց: Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի շքանշով պարգեւատրեց Վարչապետ Անտոնիսը, առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդին նկատմամբ ունեցած իր սիրոյն ու յարգանքին: Վարչապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ փափաքեցաւ որ այս կապը շարունակուի, յատկապէս նկատի ունենալով Նորին Սրբութեան փորձառութիւնը կրօնական ու քաղաքական հարցերու շուրջ:
Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի բացակայութեան, կարճ հանդիպում մը ունեցաւ նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Տիար Անաստասիոս Միցիալիսին հետ: