21 Հունիսի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

              Հինգշաբթի, 19 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանին և ներկայութեամբ փոխ ատենապետ, պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Եղիկ Ճերեճեանի և Շաւարշ Ակինեանի:

 

             Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը հետաքրքրող շարք մը թղթածրարներ: Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ կազմակերպուելիք ոգեկոչման ձեռնարկներու, ներքին համագործակցութեան, Հայ Դատի հետապնդումին գծով նոր ռազմավարութիւն մշակելու և առաջնահերթութիւնները հետապնդելու անհրաժեշտութեան:

More News