8 August, 2014

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ի՞նչ են հիմնական այն հոգեւոր դասերը զորս կը քաղենք սուրբ կոյս Մարիամին վերափոխման դրուագէն:

 

1) Աստուածամօր վերափոխուիլը երկրէն երկինք ապացոյց մըն է յաւիտենական կեանքի գոյութեան: Սուրբ կոյսին վերափոխուիլը երկրէն դէպի երկինք, կը բացայայտէ թէ երբ հաւատացեալ մարդը բաժնուի երկրաւոր այս կեանքէն, կը շարունակէ ապրիլ երկինքի մէջ:

 

2) Աստուածամօր վերափոխումը երկրէն երկինք հրաւէր մըն է Քրիստոսի հետեւորդներուն` իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու երկինքի եւ հոն իրենց համար պահուած կեանքին վրայ: Պօղոս առաքեալ Քրիստոսով մեղքի աշխարհէն յարութիւն առնողներուն կը պատուիրէ իրենց ուշադրութիւնը երկինքի վրայ կեդրոնացնել եւ երկնաւոր բաներու մասին մտածել (Կողոսացիս 3.1-2):

 

3) Աստուածամօր մարմնաւոր վերափոխումը կը նախապատկերացնէ յարութեամբ մեր մարմիններու վերափոխումը, որ տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի երկրորդ գալստեան ժամանակ:

 

4) Քրիստոսի աշխարհ գալը եւ իր մօրը մարմինը երկինք փոխադրելը կը բացայայտէ` ննջեցեալները վերստին կեանքի կոչելու անոր բացարձակ իշխանութիւնը: Արդ, ինչպէս Քրիստոս անձամբ աշխարհ եկաւ եւ իր մօրը մարմինը երկինք տարաւ, նոյնպէս ալ ինք անձամբ «երկինքէն պիտի իջնէ»` մեզ իր քով հաւաքելու (Ա.Թեսաղոնիկեցիս 4.16-17):

 

5) Քրիստոս խոստացաւ իր մօրը որ երբ ննջէ` պիտի գայ եւ զայն երկինք փոխադրէ: Ան խոստա­ցաւ եւ կատարեց իր խոստումը: Այս իրողութիւնը պատճառ պէտք է դառնայ որ հաւատ­քով կառչինք Քրիստոսի բոլոր խօսքերուն ու խոստումներուն, քանի ան իր խօսածը կատարելու կարողութիւնը ունեցող Աստուած է (Եսայի 46.11):

 

6) Աստուածամօր վերափոխումը հրաւէր մըն ամէն մէկ հաւա­տացեալի ապրելու մտքի, սրտի ու հոգիի վերափոխում: «Մտքի վերափոխում» ըսելով կը հասկնամ միտք մը` որ նորոգուած է Սուրբ Հոգիով եւ կը խորհի ու կը խոկայ երկնային յաւիտենական ճշմարտութեանց մասին միայն, անոնց հասնիլը դարձնելով իր կեանքին նպատակը: «Սրտի վերափոխում» ըսելով կը հասկնամ սիրտ մը` որ իր դուռը լայն կը բանայ Աստուծոյ ներկայութեան, սիրոյն ու քաղցրութեան դիմաց: Իսկ «հոգիի վերափոխում» ըսելով կը հասկնամ հոգի մը` որ կը հրճուի ու կը ցնծայ աստուածային իրականութիւններով միայն, եւ որուն համար աշխարհն ու աշխարհայինը ո´չ մէկ հաճոյք կը ներկայացնեն:

 

ՄԱՐԻԱՄԻ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

 

Ինչո՞ւ համար սուրբ կոյսին մարմինը չէր կրնար փճանալ, եւ ուստի` պէտք էր վերափոխուէր:

 

Ի՞նչպէս կրնար փճանալ Մարիամին մարմինը, որ ծնունդ տուաւ անմարմին Աստուծոյ:

Ի՞նչպէս կրնար փճանալ Մարիամին մարմինը, որ ծնունդ տուաւ մեզ մեր մարմինին գերութենէն ազատագրող Էմմանուէլին:

Ի՞նչպէս կրնար փճանալ Մարիամին մարմինը, որ ծնունդ տուաւ մարդկութիւնն ու աշխարհը փճացումի դատապարտութենէն ազատող Աստուծոյ Որդիին:

Ի՞նչպէս կրնար փճանալ Մարիամին մարմինը, որուն մարմինը պէտք էր դառնար նախապատկերացումը մեր մարմիններու փրկութեան:

Ի՞նչպէս կրնար հողի վերածուիլ Մարիամին մարմինը, որ ծնունդ տուաւ հրեղէն Աստուծոյ:

Ի՞նչպէս կրնար հողի վերածուիլ Մարիամին մարմինը, որ ծնաւ այն Փրկիչը` որ նորոգիչը պիտի ըլլար մեր հողեղէն բնութեան:

Ի՞նչպէս կրնար որդերու կողմէ ուտուիլ Մարիամին մարմինը, որ ծնունդ տուաւ որթատունկին:

Ի՞նչպէս կրնար ժամանակը իր փոշիին մէջ ծածկել Մարիամին մարմինը, որ իր որովայնին մէջ առաւ յաւիտենական Աստուածը:

Ի՞նչպէս կրնար երկրին ընդերքը մնալ Մարիամ, ինք որ կեանք տուած էր երկնաւոր Փրկիչին:

Ի՞նչպէս կրնար սուրբ կոյսին մարմինը հաց դառնալ ուտիճներու ու զեռուններու, ինք որ ծնունդ տուաւ կեանքի Հացին:

Ի՞նչպէս կրնար եղծանիլ Մարիամին մարմինը, ինք որ կեանք տուաւ անեղծ Աստուծոյ:

Ի՞նչպէս կրնար ամփոփուիլ գերեզմանի մէջ ու հոն մնալ, ինք որ իր արգանդին մէջ ամփոփեց անամփոփելի Ստեղծիչը:

Ի՞նչպէս կրնար փճանալ Մարիամին մարմինը, որ սրբուած էր Սուրբ Հոգիով ու բնակեցուած` Աստուծոյ Որդիով:

Ի՞նչպէս կրնար փուլ գալ Աստուծոյ Բանին բնակարանը:

Ի՞նչպէս կրնար գարշահոտիլ յաւիտենական կեանքի անուշահոտութիւնը հանդիսացող Քրիստոսը իր մէջ առնող Մարիամի մարմինը:

Ի՞նչպէս կրնար «ժանգոտիլ» Մարիամին մարմինը, որ դարձած էր գանձատունը անապական գանձին` Քրիստոսի:

Ի՞նչպէս կրնար գերեզմանին մէջ դրուիլ ու գերեզմանին մէջ մնալ Մարիամ, որ ընտրուած էր ըլլալու դուստրը երկնաւոր Հօր, հարսը Սուրբ Հոգիին եւ մայրը Աստուծոյ Որդիին:

Գրիգոր Տաթեւացին կը հաստատէ, թէ «սուրբ կոյս Մարիամ այնպէս ամրացած էր իր հոգեւոր ու աղօթական կեանքին մէջ, որ ո´չ զինք մահուան ենթակայ դարձնող մեղքեր գործեց եւ ո´չ իսկ ներելի մեղքեր գործեց»:

Իսկ Ներսէս Շնորհալին կ’ըսէ. «Եթէ երբեք Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսի հետ ազգականական կապ ունենալուն համար մաքուր ու երկրի մարդոց մէջ անհաւասար նկատուեցաւ, հապա ի՞նչ ըսենք սուրբ կոյս Մարիամին մասին, որ Աստուծոյ բովանդակ բնութիւնը իննամսեայ ժամանակով կրեց իր որովայնին մէջ մարմինով . ան այնուհետեւ զերծ մնաց ո´չ միայն ախտաւոր ցանկութիւններէն, այլեւ ամբողջ կարեւոր կարիքներէն»:

 

 Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

More News